27 Մարտին Ա-խալքալաք այցելած են Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին յանձնախումբի անդամները: Քաղաքի շրջանային վարչութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Ախալքալաքի Երիտասարդական կեդրոնի (ԱԵԿ) սաներուն կողմէ յանձնախումբի անդամներուն եւ բոլոր ներկաներուն բաժնուած են թռուցիկներ՝ տարբեր բովանդակութիւններով եւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը խորհրդանշող անմոռուկներով:
Նիստի աւարտէն ետք Ախալքալաքի Կրթամշակութային կեդրոն այցելած է Վիրահայութեան թեմի առաջնորդ Վազգէն սրբազան Միրզախանեանը եւ Ջաւախքի առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ հայր Բաբգէն Սալբիրեանը: Աղ ու հացով եւ պարային կատարումով դիմաւորուելէ ետք տեղի ունեցած է փոքրիկ ցերեկոյթ, որուն ընթացքին կեդրոնի սաները հանդէս եկած են երգով եւ ասմունքով՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան:
Իր ողջոյնի խօսքը ուղղելէ ետք ԱԵԿի տնօրէն Վ. Արաբեան ներկայացուցած է կեդրոնի գործունէութիւնը եւ նշած է, որ հայ մանուկին հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելը կեդրոնի կարեւոր նպատակներէն եւ առաքելութիւններէն մէկն է:
Սրբազանը իր շնորհաւորանքի եւ շնորհակալութեան խօսքը յղած է կեդրոնի ուսուցիչներուն, սաներուն ու ծնողներուն՝ նման գործունէութիւն ծաւալելու եւ յաջողութիւններու հասնելու համար:
Իսկ աւարտին տեղի ունեցած է հիւրասիրութիւն, քննարկուած են ներկաները յուզող հարցեր՝ Ախալքալաքի Հայկական երիտասարդական-կրթամշակութային կեդրոնին առնչուող։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.