Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով ելոյթ ունեցաւ անգլիացի հանրաճանաչ լրագրող Ռոպըրթ Ֆիսք, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Իսամ Ֆարես» սրահին մէջ, Հինգշաբթի, 26 Մարտի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Լիբանանեան հայկական աւանդներու ակումբին:
Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Խաժակ Կէօքճեան: Ան ըսաւ, որ ամէն ազգ եւ իւրաքանչիւր անհատ պարտաւոր է պահանջել իր ընկերոջ ապրելու իրաւունքը: Ան նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը քաղաքակրթութեան եւ մարդկութեան դէմ ոճրագործութիւն էր. 6000 տարուան կեանք ունեցող ազգի ու մշակոյթին դէմ:
Կէօքճէան նշեց նաեւ, որ թրքական կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կրնայ բարեկամական խաղաղ յարաբերութիւններու տանիլ Հայաստանն ու Թուրքիան:
Ան ըսաւ, որ կը հաւատայ, թէ արդարութիւնը պիտի հաստատուի եւ հայերը պիտի պահանջեն ճանաչում ու հատուցում: Խօսքի աւարտին ան ներկայացուց բանախօս Ռոպըրթ Ֆիսքը, որ անգլիական «Տի Ինտիփենտըն»չ թերթի խմբագիր է, արժանացած է միջազգային բազմաթիւ լրագրական մրցանակներու:
Ելոյթ ունեցաւ լրագրող Ռոպըրթ Ֆիսք: Ան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս հայոց կոտորածը 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր՝ նշելով, որ գերմանացի զինուորներ թրքական բանակին մէջ ականատես եղած են այդ իրադարձութիւններուն, որոնց վկայութիւնները այնչափ կարեւոր են հայութեան համար: Ֆիսք ընդգծեց նաեւ, որ իր շատ մը ընկերներու հայրերն ու մայրերը նոյնպէս ականատես եղած են եւ վերապրած են Ցեղասպանութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ ոչ միայն թրքական կառավարութիւնը կը վարէ ժխտողական քաղաքականութիւն, այլեւ ամբողջ Եւրոպան: Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, թէ ինչպէ՛ս անցեալին Ուինսթըն Չըրչիլ հայոց ողբերգութիւնը Ցեղասպանութիւն կոչած է, սակայն տարիներ ետք Թոնի Պլեր հրաժարած է «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելէ:
Ֆիսք նշեց, որ նահատակները այսօր կ՛ապրին, այնքան ատեն որ հայերը կը շարունակեն յիշել Ցեղասպանութիւնը եւ պատմել կատարուածին մասին: Անոնք իրապէս կը նահատակուին, երբ հայութիւնը ալ չխօսի անոնց մասին:
Ան ըսաւ, որ պէտք է այնպէս մօտենալ ցեղասպանութեան նիւթին, որ կարծես ան կատարուած ըլլայ երէկ: Ցեղասպանութեան փաստը պէտք չէ տանիլ հեռու անցեալ եւ դիտել անկէ, այլ սեպել, որ անիկա իրօք կատարուած է երէկ: Եթէ փորձենք Ցեղասպանութեան նկարներուն նայիլ, իրապէս պիտի զգանք, որ անոնք թարմ են տակաւին մեր յիշողութեան մէջ:
Ան բացայայտեց այն իրականութիւնը, որ հայ ազգը յաղթեց իր յիշողութիւնը պահելով:
Ապա ան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ երկրորդ Ցեղասպանութեան 100ամեակը:
Ան ըսաւ, որ առաջին 100ամեակին կարելի եղաւ վերապրողներու վկայութիւնները հաւաքել, պահել, սակայն երկրորդ 100ամեակին վերապրողներու սերունդը արդէն գոյութիւն չ՛ունենար, ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընել:
Ան շեշտը դրաւ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններ կատարելու աշխատանքի անհրաժեշտութեան ու կարեւորութեան վրայ: Ուսումնասիրել պատմութիւնը ոչ իբրեւ նահատակի եւ զոհի հոգեբանութեամբ, այլ՝ յաղթողի:
Ֆիսք նշեց, որ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած են հարիւրաւոր միջազգային գիտնականներու շարքին նաեւ բազմաթիւ հրեայ պատմաբաններ եւ եւրոպական պետութիւններ: Ան անդրադարձաւ, որ Թուրքիա կը համարձակի Ապրիլ 24ը Կալիփոլիի ճակատամարտի յիշատակման օր յայտարարել, եւ նշեց, որ անցեալին կը հերքէր, որ հայ զինուորներ մասնակցած են ճակատամարտին, ինչպէս օրինակ՝ զօրավար Սարգիս Թորոսեան, որ լուսանկարուած է օսմանեան ռազմական զինուորազգեստով:
Ֆիսք պատմեց իր Թուրքիա կատարած այցելութիւններուն մասին: Պատմական Հայաստանը տեսնելու եւ գաւառները շրջելու կարելիութեան մասին: Ան նշեց նաեւ, թէ ինչպէ՛ս սեղանի մը շուրջ նստած թուրքերու հետ, երբ կը հարցնէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, սեղանակիցները կը պատասխանեն, որ բոլոր թուրքերը գիտեն, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է: Սովորական մարդիկ գիտեն, պետութիւնն է, որ չի ճանչնար:
Ան անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութեան կառավարութեան կազմութեան, ապա Ստալինի կատարած անօրինութիւններուն՝ զայն նկատելով Հայոց ողբերգական ճակատագիրին մեղսակից ու նաեւ պատասխանատու:
Ան վկայութիւններ կարդաց հայութեան մասին, վերապրողներէն: Ապա ցուցադրեց հայոց արհաւիրքի մասին խօսող երեք լուսանկարներ՝ գերմանացի զինուորի մը կողմէ նկարուած: Ան շեշտեց նկարներու կարեւորութիւնը գիտական աշխատանքներու ընթացքին եւ ըսաւ, որ նկարները կենդանի վկայութիւններ են, որոնց վրայ պէտք է առաւել կեդրոնանալ, ուշադրութիւն դարձնել, վերլուծել: Ան ըսաւ, որ նկարները միակ արխիւներն են, որոնք կրնան վերարտադրել պատմութեան անցած ուղին: Նշենք, որ Ֆիսքի ցուցադրած լուսանկարները տրամադրուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի կողմէ:
Ֆիսք նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին թուրք ակադեմականներու հետ զրուցելն ու կարծիքներ փոխանակելը բաւարար չէ, այլ պէտք է բացայայտուիլ ու խօսակցիլ սովորական մարդոց հետ: Ան յայտնեց նաեւ, թէ ինչպէ՛ս փոքրիկի մը աչքին առջեւ երկու քոյրեր կ՛առեւանգեն, իսկ մայրը կը մեռցնեն, իսկ տղան 11 տարեկանին կը կորսնցնէ իր աչքի լոյսը: Կեանքը կ՛ապրի վրէժով լեցուն ու ատելութեամբ, սակայն ի վերջոյ կը յաջողի իրմէ վանել ատելութեան զգացումը:
Ապա Ռոպերթ Ֆիսք պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: Իսկ աւարտին բոլոր ներկաները ոտքի կանգնած երկար ծափահարեցին:
Ապա Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Ժան Կէօքճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ռոպըրթ Ֆիսքին օգտաշատ ելոյթին առիթով, որ այնքան ջերմ ու հարազատ էր: Ան գնահատեց լրագրողը հայոց պատմութեան չբացայայտուած էջերը լոյսի տակ բերելուն համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Robert Fisk writes more about the Armenian genocide than all the journalists and historians put together. He puts many so called lazy and paid journalist who spread lies into shame and rightly so. Bravo to Mr. Fisk