
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի «Կալերիա» շուկային մէջ, «Մասիս Քեպապ»ը գրեթէ 40 տարիներէ ի վեր իր հաւատարիմ յաճախորդներուն կը մատուցէ իր համեղ հայկական եւ միջին արեւելեան ճաշատեսակները:
40ամեակին առիթով, «Մասիս Քեպապ»ի անդրանիկը հանդիսացող «Կալերիա» ճաշարանը նորոգուած եւ ընդարձակուած է, դառնալով շուկային մեծագոյն ճաշարանը, որուն շնորհիւ անիկա պիտի կարենայ սպասարկել աւելի մեծ թիւով յաճախորդներու։
Այդ թուականէն ի վեր, միաժամանակ որակաւոր, արագ, համեղ եւ յարմար գինով ճաշեր փնտռող Կլենտէյլի իր յաճախորդներուն կարիքներուն գոհացում տալով, ճաշարանը կրցած է յաջողութիւն գտնել։
Յակոբ «Ճեք» Պաղտասարեան, որ հիմնադիրն ու տնօրէնն է «Մասիս Քեպապ»ին, կը յայտնէ, թէ յաջողութեան գաղտնիքը շատ պարզ էր. «Տուր յաճախորդներուն իրենց փափաքածը, յարմար գինով, եւ անոնք կը վերադառնան»՝ նշելով, որ երբ առաջին «Մասիս Քեպապ»ը բացած է, ճաշարանին մատուցած բարձրորակ ճաշերն ու սպասարկութիւնը աննախընթաց էին «արագ ճաշ»ի աշխարհին մէջ, «բան մը, որ կրցանք ենք կատարելագործել վերջին 40 տարիներուն»։
«Մասիս Քեպապ»ի մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել facebook.com/massiskabobery կայքէջը։