ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
ՀՄԸՄը եզակի այն կազմակերպութիւններէն մէկն է, որ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ իր հետապնդած ազգանպաստ նպատակներուն շնորհիւ: Այդ նպատակներուն համար է որ ՀՄԸՄի շուրջ համախմբուած են հազարաւոր պատանի-երիտասարդներ, որոնք սկաուտական եւ մարզական շարքերուն ընդմէջէն մտային զարգացում եւ ֆիզիքական մարզում կը ստանան հայկական մաքրամաքուր մթնոլորտի մը մէջ:
Այդ ժողովրդականութեան արդիւնքն է, որ բազմաթիւ ՀՄԸՄական եւ ՀՄԸՄասէր հայորդիներ, իրենց կամ իրենց սիրելիներուն անուններն ու յիշատակը ՀՄԸՄի ընդմէջէն անմահացնելու համար սենեակներ կը հովանաւորեն: Այս ձեւով, անոնք ոչ միայն նիւթապէս եւս օգտակար կը հանդիսանան ՀՄԸՄին, այլ նաեւ գեղեցիկ առիթ մը կ՛ունենան միշտ առնչուելու երիտասարդ այս կազմակերպութեան հետ:
Այս իմաստով, Շաբաթ, 28 Մարտ 2015ը յատկանշական եղաւ շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին համար: Այս անգամ հովանաւորը Քալիֆորնիոյ Նահանգային խորհուրդի անդամ Խաչօ Աշաճեանն էր, որ իր համեստափայլ կնոջ՝ Արաքսիի եւ զաւակներուն՝ Հրաչի եւ Նայիրիի անունով ստանձնած էր հովանաւորութիւնը ՀՄԸՄի Թքույա բանակավայրի գրասենեակին:
Սենեակի ժապաւէնի հատումը տեղի ունեցաւ նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 5:30ին եւ օրհնութիւնը կատարեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանի եւ Վազգէն քհնյ. Աթմաճեանի: Ներկայ էին ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւիթեան, Հարաւային Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղերու վարչութեանց եւ Շրջանային յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, Աշաճեան ընտանիքի հարազատներն ու բարեկամները, Անցեալի Շրջանային վարչութեանց անդամներ եւ ներկայ Շրջանային վարչութեան կազմը, հաւատաւոր ՀՄԸՄականներ ու բազմաթիւ հիւրեր:
Օրհնութեան խորհրդաւոր արարողութեամբ, սենեակի դրան դիմաց, ըստ հայկական աւանդութեան՝ օրհնուեցան աղը, հացն ու ջուրը, որոնք իբրեւ հարազատութեան նշան ճաշակելէ ետք, Աշաճեան զոյգը հատեց սենեակի մուտքին զետեղուած յուշատախտակի եւ դրան զետեղուած ժապաւէնները եւ ապա, երկարաշունչ ծափողջոյններու ներքոյ, մուտք գործեց սենեակ, ուր Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեանի առաջնորդութեամբ ծանօթացաւ բանակավայրին առնչուող իրերուն եւ բացատրութիւններուն:
Նախքան ակնարկուած արարողութեան հովանաւոր զոյգը, առաջնորդ հօր եւ Մարսէլեանի առաջնորդութեամբ շրջեցան կեդրոնը եւ մօտէն ծանօթացան անոր մանրամասնութիւններուն եւ իրենց հիացմունքը յայտնեցին հոն տարուող ՀՄԸՄական աշխատանքներուն նկատմամբ։ ՀՄԸՄի շարքերը, փոքր տարիքին իբրեւ սկաուտ անցած էր նաեւ ինք՝ Խաչօ Աշաճեան:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին տէր եւ տիկ. Աշաճեանները առիթը ունեցան զրուցելու մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն հետ եւ մօտէն ծանօթացան անոնց մշակած ծրագիրներուն: Ուշ երեկոյեան, Աշաճեան զոյգը գոհունակութեամբ հրաժեշտ առաւ ՀՄԸՄին զօրակցելու համոզումով:
Յայտնենք, թէ նոյն օրը, ՀՄԸՄի կեդրոնէն ներս տեղի ունենցաւ Շրջանային վարչութեան կազմակերպած միօրեայ ղեկավարներու յատուկ սեմինարը, որուն դասախօսներէն մին Նահանգային խորհուրդի անդամ Խաչօ Աշաճեանն էր: Սեմինարին առանձին կ՛անդրադառնանք յառաջիկային: