
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ, Պըրպենքի ՀԵԴ «Վարագ» ուխտը, Հայ Դատի յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ քաղաքի ՀՄԸՄի «Սիփան» մասնաճիւղը, ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղը եւ Պըրպենքի «Ճան Պըրոզ» երկրորդական վարժարանի Հայերէն լեզուի ակումբը կազմակերպած են ոգեկոչման ձեռնարկ մը եւ մոմավառութեամբ հսկում մը, որոնք տեղի պիտի ունենան Երեքշաբթի, Ապրիլ 7ին, Պըրպենքի Հայ կեդրոնին մէջ:
Ոգեկոչման ձեռնարկէն առաջ, երեկոյեան ժամը 5։30ին, քաղաքապետական խորհուրդի ժողովին ընթացքին պիտի վաւերացուի Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ հռչակագիր մը։
Ապա, քաղաքապետարանին առջեւէն մոմավառութեամբ քայլարշաւ մը պիտի սկսի՝ դէպի Պըրպենքի Հայ կեդրոն, ուր, մօտաւորապէս ժամը 7ին, տեղի պիտի ունենայ ոգեկոչման ձեռնարկը եւ աւանդութեան վերածուած մոմավառութեամբ հսկումը։
Քաղաքապետարանը կը գտնուի 275 E. Olive Ave. Burbank, CA, 91502 հասցէին, իսկ Հայ կեդրոնին հասցէն է՝ 75 E. Santa Anita Avenue, Burbank, CA, 91502։