ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Life100» խորագիրով, հայկական գեղարուեստին նուիրուած ցուցահանդէսը, որուն բացումը տեղի ունեցած էր Կլենտէյլի «Պրենտ» գրադարանին մէջ (1601 West Mountain Street, Glendale, CA 91201), պիտի շարունակուի մինչեւ Մայիս 1։
Հոն կը ցուցադրուին աւելի քան 50 հայ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններ, որոնց մէջ ակնյայտ է Հայոց Ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը:
Ցուցահանդէսին զուգահեռ ծրագրուած շարք մը այլ ձեռնարկներուն յաջորդը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 4ին, կ.ե. ժամը 3էն 5, տեղի պիտի ունենայ ցուցահանդէսին քննարկումը,
մասնակցութեամբ Փիթըր Ֆրենքի, Ճէք Ռաթպըրկի, Ճօէն Ճիւլընի եւ Նիրի Մելքոնեանի:
Աւելի ուշ տեղի պիտի ունենայ նաեւ ցուցահանդէսի գրքոյկի ներկայացումը։
60 տոլար արժող գիրքէն օրինակ մը կարելի է գնել «Պրենտ» գրադարանէն կամ www.life100.org կայքէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.