
ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».– «Եունայթըտ ուըրլտ քոլեճզ»ի (Աշխարհի միացեալ քոլեճներ) ցանցին մաս կազմող Դիլիջանի միջազգային քոլեճը կը շարունակէ մարդասիրական նիւթերով դասախօսութիւններու շարքը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին:
31 Մարտի երեկոյեան քոլեճի ուսանողական եւ դասախօսական կազմին դասախօսած են սփիւռքահայ անուանի պատմաբաններ՝ Աշխարհաքաղաքական հետազօտութիւններու ֆրանսական հիմնարկի ղեկավար, Փարիզի Սեն Տընի համալսարանի փրոֆեսէօր Ռեմոն Գէորգեան եւ Քալիֆորնիոյ «Պերքլի» համալսարանի դասախօս Ստեփան Աստուրեան:
Անոնք անդրադարձած են ցեղասպանութիւններուն, անոնց տուն տուող պատճառներուն, զուգահեռներ գծած են Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հրէական Ողջակիզումին միջեւ։ Անոնք խօսած են նաեւ մարդասիրութեան մասին՝ ընդգծելով, որ տարբեր երկիրներու բարեսիրական կազմակերպութիւններ օգնութեան ձեռք երկարած են Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուածներուն։
Դասախօսութիւններուն շարքը կազմակերպուած է «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնարկի եւ Դիլիջան միջազգային քոլեճի միացեալ նախաձեռնութեամբ:
«Մեր քոլեճի կրթական գաղափարախօսութեան հիմնական առաջադրանքներէն է առաւելագոյն չափով այն ժողովուրդներու պատմութեան եւ մշակոյթին, որոնցմով կազմուած է մեր քոլեճը՝ միաժամանակ հաշուի առնելով ուսանողներուն միջազգային ներկայացուածութիւնն ու մտածողութիւնը: Այս տարի, երբ կը նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը, մենք պիտի հրաւիրենք նշանաւոր գիտնականներ՝ քննարկելու ընդհանրապէս ցեղասպանութեան եւ մասնաւորապէս Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող հարցերը՝ տարբեր տեսանկիւններէ», յայտնած է քոլեճի տնօրէն Ճոն Փատըֆուտը: