Նախարարը այցելած է հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներ, սպառազինութեան եւ զինուորական համակարգերու պահպանման հաւաքակայան, ստուգած է զօրամասերու ուսումնանիւթական խարիսխը եւ թեքնիք յագեցուածութիւնը, զրուցած է մարտական հերթապահութիւն կատարող զինուորներուն հետ, հետաքրքրուած է անոնց առօրեայով ու ընկերային-կենցաղային պայմաններով:
Ան ծանօթացած է զենիթահրթիռային ստորաբաժանման մեկնարկային դիրքին եւ համակարգին կարելիութիւններուն, հրամանատարական կէտերու պայմաններուն, ստուգած է անձնակազմի մարտական պատրաստուածութիւնը, ծառայութեան կազմակերպման ընթացքը, անհրաժեշտ փաստաթուղթերու առկայութիւնը:
Պաշտպանութեան նախարարը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է զօրամասերու բարեկարգման ուղղուած շինարարական աշխատանքներուն, շարք մը օժանդակ կառոյցներու՝ զօրանոցներուն, լսարաններուն, ճաշարաններուն, հիմնական նորոգութեան եւ նմանաբնոյթ այլ շինութիւններու կառուցման ընթացքին:
Կարեւոր նկատելով հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներուն դերը՝ խաղաղութեան պահպանման ու անվտանգութեան ապահովման իմաստով, Սէյրան Օհանեան իր այցելութեան աւարտին շարք մը ցուցումներ եւ յանձնարարականներ տուած է զօրամասերու հրամանատարական կազմին՝ ընթացիկ եւ ծրագրուած աշխատանքները առաւել արդիւնաւէտ կերպով գործադրելու համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.