ԱՒՕ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Յիսուս Քրիստոսի դժոխք իջնելը, ուղղակիօրէն չէ յիշուած Աւետարաններուն մէջ: Սակայն անուղղակիօրէն կը հանդիպինք Մատթէոս Աւետարանին մէջ. «Ինչպէս Յովնան երեք օր, ցերեկ ու գիշեր, կէտ ձուկի փորին մէջ մնաց, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին երեք օր, ցերեկ ու գիշեր, պիտի մնայ երկրի ընդերքին մէջ» (Մատթէոս 12:40):
Քրիստոնէական եկեղեցին Տէր Յիսուսի համար գրուած այս խօսքը կ՛ընդունի որպէս ապացոյց Տիրոջ դժոխք էջքին:
Յիշենք այլ աղբիւրներ.
1. Հին կտակարանի Սաղմոսագիրքին մէջ կը կարդանք. «Ահա թէ ինչու սիրտս ուրախ է, հոգիս ցնծութեան մէջ է, եւ մարմինս վստահութեամբ կը հանգչի, որովհետեւ գիտեմ, թէ զիս մեռելներու աշխարհին մէջ պիտի չձգես, եւ պիտի չթողուս որ քու հաւատարիմ ծառայիդ մարմինը փտութիւն տեսնէ» (Սաղմոս 9:10):
2. Պետրոս առաքեալ կ՛ըսէ. «Քրիստոս ալ մէկ անգամուան համար չարչարուեցաւ մեր մեղքերուն համար, արդարը՝ մեղաւորներուս համար, որպէսզի մեզ Աստուծոյ մօտեցնէ: Եւ թէպէտ մեռաւ մարմինով, բայց կենդանի մնաց հոգիով. եւ հոգիով ալ՝ գնաց քարոզեց բանտարկուած հոգիներուն…» (Ա. Պետրոս 4:18-19):
3. Յովսէփիոս Կեսարացի պատմաբանը, իր «Հայրերու աւանդութիւնները» գիրքին մէջ կը յիշէ Թադէոս առաքեալի Եդեսիոյ Աբգար թագաւորին ուղղուած քարոզը, ուր կ՛ըսէ. «Ան (Յիսուս) խոնարհեցուց Իր անձը, խաչուեցաւ, մահացաւ, եւ իջաւ դժոխք, քանդեց կապանքները, որոնք երբեք չէին քանդուած եւ ազատեց բանտարկեալները: Առանձին իջաւ դժոխք, սակայն բիւրաւորներու հետ բարձրացաւ անկէ»:
4. Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ, Ժամագիրքի Հաւատամքին մէջ կը կարդանք. «Մարմինը գերեզման դրուեցաւ՝ աստուածութեան հետ միաւորուած, իսկ հոգիովն մեռելներու աշխարհը իջաւ՝ առանց բաժնուելու աստուածութենէն: Քարոզեց հոգիներուն, աւերեց մեռելներու աշխարհը եւ հոգիները ազատեց: Երեք օր ետք մեռելներէն յարութիւն առաւ եւ երեւցաւ աշակերտներուն»:
5. Սուրբ Բարսեղ Կեսարացի հայրապետին համաձայն՝ Տէր Յիսուսի առաքելութիւնը վերջ չգտաւ խաչին վրայ, այլ շարունակուեցաւ դժոխքին մէջ, որպէսզի աշխարհի սկիզբէն բոլոր ծնածներուն համահաւասար Փրկութեան աւետիսը տար:
Բազմաթիւ հայրեր նոյն բանը կը հաստատեն իրենց գրութիւններուն մէջ, ինչպէս Ս.Գրիգոր Նազիանզացի, Ս. Մաքսիմ Խոստովանող, Ս. Եպիփան Կիպրացի, Ս. Կիւրեղ Աղեքսանդրացի եւ շատ շատեր:
Ամփոփելու համար այս բաժինը, կարելի է ըսել .
ա. Քրիստոնէական եկեղեցւոյ համար, Յիսուսի դժոխք իջնելը ընդունուած եւ անառարկելի իրողութիւն է:
բ. Տիրոջ փրկութեան աւետիսը, տիեզերական եւ անժամանակ իմաստ ունի, որովհետեւ այդ միա՛յն հրեայ ժողովուրդին համար չէր, եւ ոչ ալ միա՛յն Յիսուսի օրերուն եւ անկէ վերջ ապրած մարդոց համար: Այլ՝ Տիրոջ փրկութիւնը բոլորի՛ն համար է, Ադամ եւ Եւայէն սկսեալ:
գ. Տէրը յաղթեց սատանային, դժոխքին եւ մահուան:
Որպէս վերջաբան, յիշենք Պօղոս Առաքեալի խօսքը. «…Որպէսզի Յիսուսի անունին ծունկի գան բոլորը, Երկնաւորներն ու երկրաւորները, եւ սանդարամետականները…» (Փիլ. 2:10):