«1915. Հայ Կանանց Գողգոթան» ցուցահանդէսի նպատակն է լուսարձակի տակ առնել 1915ի իրադարձութիւններուն ընթացքին առաջնագիծին կանգնած կանանց, քաջարի մայրերու, մտաւորականութեան, միսիոնարուհիներու եւ մարտիկներու իրականութիւնը:
«19րդ դարուն հայ մտաւորականները կանանց ազատագրում կը քարոզէին: Սակայն 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը խափանեց այդ գործընթացը. բռնութիւնը, որուն այդ իրադարձութիւններուն ժամանակ կ՛ենթարկուէին կանայք, յանգեցուց կնոջ կուռքի ստեղծման՝ անոր մարտիրոսի տեղ յատկացնելով, նշած են ցուցահանդէսի կազմակերպիչները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.