Պելճիքայի Լուվէն Կաթոլիկ Համալսարանի Կազմակերպած Միջազգային Գիտաժողովը՝
Այս օրերուն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած գիտաժողովներ կը կազմակերպուին: Ապրիլ 30ին Եւրոպայի ամէնէն հին (հիմն. 1425թ.) եւ հեղինակաւոր Պելճիքայի Լուվէն քաղաքի «Լուվէն Կաթոլիկ Համալսարան»ը այդ առիթով կազմակերպած է միօրեայ գիտաժողով, որուն կը մասնակցին տարբեր երկիրներէ հեղինակաւոր գիտական անձինք:
Գիտաժողովը կը կրէ «Վերապրիլ Աղէտը. Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը» խորագիրը:
Գիտաժողովը կազմակերպուած է Լուվէնի համալսարանի Միջազգային եւ Եւրոպական պատմութեան բաժինի, Ֆրանսայի «Արարատ» ակադեմիոյ եւ Պելճիքայի Հայաստանի հիւպատոսարանի հովանաւորութեամբ։
Գիտաժողովին կը մասնակցին այնպիսի յայտնի փրոֆեսէօրներ, ինչպիսիք են Լուվէնի համալսարանի փոխ տնօրէն դոկ. փրոֆ Կ. Մալֆլիթը, Զիւրիխի համալսարանի դոկ. փրոֆ. Հ. Լ.Կէյզըրը, Ամերիկայի Լոյոլա համալսարանի դոկ. փրոֆ.Ջ. Սնոուն, Փարիզի «Արարատ» ակադեմիոյ նախագահ դոկ. փրոֆ. Յակոբ Կերկաշարեանը, դոկ. փրոֆեսէօորներ Փարմենըրը, Վրիելինկը, Կ. Լեմէնսը, դոկ. Քրիստենսընը Ժնեւէն, Գ. Կարամպետեանը, Հայր Կորիւնը Երուսաղէմէն, Հայաստանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը, դոկ. Մարի Ռոզ Աբուսէֆեանը Սան. Ֆրանսիսքոյէն։
Գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ Լուվէնի համալսարանի Փիլիսոփայութեան ինստիտուտին մէջ:
Երեկոյեան, Մարիա Թերեզա քոլէջի սրահին մէջ գիտաժողովի մասնակիցներուն համար կազմակերպուած է համերգ, ուր Երեւանէն Վաչէ Շարաֆեան, առաջին անգամ ըլլլով պիտի ներկայացնէ Եղեռնին նուիրուած իր սիմֆոնիան: