Արդարեւ, Քրտական համայնքներու միութեան համանախագահ Ճեմիլ Պայըք հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է. «Եթէ Թուրքիա կարգ մը քայլեր առնէ, ապա մենք պատրաստ ենք այսօր իսկ վերջ տալու զինեալ պայքարին»:
Պայըք նաեւ ըսած է, որ երբ Միջին Արեւելքի մէջ քիւրտերուն վրայ յարձակումները կը շարունակուին, կարելի չէ քիւրտերէն պահանջել, որ իրենց զէնքերը վար դնեն, շեշտելով, որ «զէնքերը վար դնել»ը եւ «զինեալ բախումները դադրեցնել»ը երկու տարբեր հարցեր են:
«Եթէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը այսօր զէնք բարձրացուցած է, ատիկա իրապէս իր կամքով չէ, կամ ռազմատենչութիւն չէ: Քիւրտերը զինեալ պայքարի դիմեցին իրենց գոյութիւնը պահպանելու համար, որովհետեւ թրքական պետութիւնը քիւրտերուն արտայայտուելու այլ կարելիութիւն չէր ձգած», ըսաւ ան: «Քիւրտերը այլեւս չեն ուզեր զէնք կրել, այլ հարցերը ժողովրդավարական ձեւով լուծել: Ասիկա բազմիցս յայտնած ենք», եզրակացուց Պայըք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.