
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաշեմին՝ Ապրիլ 18ին, կ.ե. ժամը 3ին սկսող արարողութեամբ, Փասատինայի «Մեմորիըլ» հանրային պարտէզին մէջ տեղի պիտի ունենայ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին բացումը:
Յուշարձանի բացման արարողութիւնը պիտի ներառէ երաժշտական եւ բանաստեղծական կատարումներ:
Յուշարձանը կը կառուցուի Քեթրին Մենարտի նախագիծին հիման վրայ, «Սինանեան» շինարարական ընկերութեան կողմէ։ Անիկա կը ներկայացնէ եռոտանի կառոյց մը, 16 ոտք բարձրութեամբ, որ նման է հայեր կախելու համար օգտագործուած կախաղաններուն: Վերէն՝ 21 երկվայրկեանը մէկ արցունք խորհրդանշող ջուրի կաթիլներ կը կաթին աւազանի մը մէջ: Այդ արագութեամբ, մէկ տարուան ընթացքին աղբիւրին մէջ 1.5 միլիոն կաթիլ ջուր պիտի հաւաքուի՝ խորհրդանշելով Ցեղասպանութեան զոհերը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ ծրագիրին նիւթապէս օժանդակելու համար, այցելել www. pagmc.org կայքը։