ՊԸՐՊԵՆՔ.- Մասնակցութեամբ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ, Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներուն, Հինգշաբթի, Ապրիլ 23ին, երեկոյեան ժամը 6:30ին, Պըրպենքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագ պիտի մատուցանէ Մուշեղ եպս. Մարտիրոսեան, իսկ Ապրիլեան պատգամը պիտի փոխանցէ Յովնան արք. Տէրտէրեան: Պատարագին պիտի աղօթակցին Միքայէլ եպս. Մուրատեան եւ վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեան:
«100ամեակի այս սրբազան պատարագին մեր բոլորին մասնակցութիւնը կը խորհրդանշէ մեր խոնարհումը նահատակներու յիշատակին: Իւրաքանչիւր հայու պարտքն է ներկայ ըլլալ Սուրբ պատարագին եւ վերանորոգել մեր ուխտը ծառայութեան եւ նուիրումի: Հաւատացեալներ սիրով կը հրաւիրուին Մայր տաճար՝ միասնաբար աղօթելու, յարգելու մեր բիւրաւոր նահատակներուն անմեռ յիշատակը եւ լսելու օրուան պատգամները», նշուած է առաջնորդարանի յղած հաղորդագրութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.