ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Լիբանանահայ տաղանդաւոր դերասան-բեմադրիչ Վաչէ Ատրունիի «Ծերունին եւ Լեռը» թատերախաղը անծանօթ կտոր մըն էր հանդիսատեսներէն շատերուն համար, երբ Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ՝ 19 եւ 20 Մարտ 2015ին, մէկ աշակերտական եւ երկու ժողովրդային ելոյթներով ներկայացուեցաւ Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի սրահին մէջ, դպրոցին «Հայ Թատրոն 15» ընտրովի դասարանին կողմէ, հայերէնի բազմամեայ ուսուցչուհի Լորա Գույումճեանի ղեկավարութեամբ:
Թատերախաղին մատչելի լեզուն եւ նիւթը մեծապէս օգնած էին, որպէսզի ամերիկահայ մեր տղաքն ու աղջիկները մտնէին իրենց հարազատ այդ կերպարներուն մէջ եւ ապրէին քեսապցի մեծ հօր, ֆրանսահայ երիտասարդուհիին, Հայաստանէն արտագաղթած զոյգին, Ամերիկա երազող հայուն, մարդուն… մայր հողին վերադարձող թոռնիկին զգացումները, ներկաներուն պարգեւելով թէ՛ ժպիտ եւ թէ յուզմունք: Այս առումով, շնորհաւորելի են բոլոր դերակատարները անխտիր, որոնց մէկ մասը վստահաբար պիտի շարունակէ հայ բեմին ծառայել մօտիկ թէ հեռաւոր ապագային: Բացառիկ գնահատանքի արժանի են ծերունին՝ Սամսոն Քէշիշեան, անոր աղջիկը՝ Լոռի Սէոլէմեզեան, փեսան՝ Նարեկ Մանուկեան, պատանի թոռնիկը՝ Վահէ Եագուպեան եւ ֆրանսահայ օրիորդը՝ Լորէնի Ե-թերեան: Յիշատակութեան արժանի են նաեւ դերասաններ Դիմիտրի Քէշիշեան, Ռիթա Մէյուալեան, Դալար Մաթոսեան, Էմիլի Մելիք Ասլանեան, Նարին Նազարէթեան եւ Սօֆիա Սագայեան, երաժշտական կենդանի հնչիւններով Լորի Հորհոր՝ դաշնամուր, Քրիսթին Ակոբեան՝ ջութակ եւ Մարալ Քիւրտեան՝ սրինգ. աղջիկներու դիմայարդար, վարսայարդար՝ Գայիանէ Մովսիսեան, յուշարար՝ Թալին Նազարեան, ինչպէս նաեւ բեմայարդար, լոյսերու պատասխանատու եւ տղոց դիմայարդար, ամենահաս Մանուկ Սաթամեան:
Մէկ արարի ընթացքին, շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ, տեղի կ՛ունենան ազգային գետնի վրայ կրկնուող մեր ամէնօրեայ ապրումները, սերունդներու ապրած զգացողութիւնը, ծննդավայրին սրբութիւնը, հայրենիքին կարեւորութիւնը, օտար ամայի ճամբաներու վրայ նոր օրուան, նոր յոյսի մը փնտռտուքը, ժողովուրդի մը տառապանքը՝ ներգաղթով ու արտագաղթով… եւ այս բոլորը հետեւանք 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան: Ներկայացման վայրը Փարիզի Օրլի օդակայանն է: Առաջին պատկերը՝ 2004, իսկ մնացեալը՝ 1988 թուական: Այլ խօսքով՝ ազգային գիտակցութեան զարթօնք, Սովետական Միութեան փլուզման սկիզբ, անկախութեան շարժում, Արցախեան գոյապայքար, ահաւոր երկրաշարժ եւ… արտագաղթ: Միաժամանակ, մեր այսօրն է, որ կը շարունակուի քիչ մը ամէն տեղ՝ Սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ:
Երեւանէն դէպի Լոս Անճելըս ճանապարհի կիսուն, մեծ հայրիկը՝ կարօտը սրտին, իր տիկնոջ աճիւնները ձեռքին պիտի վերադառնայ ծննդավայր Քեսապ, անոր աղջիկն ու փեսան՝ վճռած են նոր կեանք մը սկսիլ Ամերիկայի մէջ, իսկ իրենց որդին՝ անակնկալօրէն օդանաւի նոր տոմս մը գնելով կը վերադառնայ Հայաստան… եւ այս բոլորը համեմուած բարի կատակներով, իրական հնչող տողերով, մէկ-մէկ միամտութեամբ, սակայն միշտ հայու հոգիով: Երեք սերունդի ներկայացուցիչներն ալ բարին կը ցանկան իրենց մտածելակերպով, իրենց միջոցներով: Չէ՞ որ բոլորիս նպատակը մէկ է՝ հայ ապրիլ, հայավարի ապրիլ… ներգաղթով թէ արտագաղթով… տարօրինակ եւ հարազատ մէկ պատկերը մեր իրականութեան:
Շնորհաւորելի են վարժարանի տնօրէնութիւնն ու յայտագիրի ընդհանուր պատասխանատու ուսուցչուհին՝ Լորա Գույումճեանը, որ ազգային գիտակցութեան հունտերն է որ կը ցանեն տղոց ու աղջիկներու հոգիներուն մէջ: Այդ հունտերը պիտի ծլին ու ծաղկին վաղը, եւ այս հաւա՛տքով է, որ հայ դպրոցը առիթը տայ, որ հայ աշակերտութիւնը, գիտական ու այլ դասանիւթերու կողքին կարեւորէ հայերէնը, ազգայինը: Այոռ, վաղը պիտի քաղենք հայերէնի ուսուցիչներուն կատարած աշխատանքին պտուղը. վաղը, երբ աշակերտներ համապատասխան բարձրագոյն կրթութիւն ստանալէ ետք գան եւ ծառայեն հայ համայնքին: Այսօր, Լոս Անճելըս կոչուող հսկայ «կաթսային» մէջէն «հերիսա» ուտելու համար «երկաթէ շերեփ» է պէտք: Եւ ո՞վ, եթէ ոչ հայ դպրոցն ու հայերէնի ուսուցիչները մէկական «երկաթէ շերեփ», արթուն պահելու, ողջ պահելու համար հայերէն լեզուն նոր սերունդի լեզուին վրայ:
Լոս Անճելըս, Մարտ 2015