ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Եկեղեցիներու անուանակոչութեանց օրերը իրենց իւրայատուկ պատգամով հոգեկան գոհունակութիւն եւ ներքին խանդավառութիւն կ՛ընծայեն ծխական համայնքին։ Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ հայրապետի Խոր Վիրապ մուտքի տօնին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքը այս տարի եւս, տարիներու սովորութեան համաձայն, փառաշուք կերպով տօնախմբեց իր եկեղեցւոյ անուան տօնը։ Այս առթիւ, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Սան Ֆրանսիսքոյի ծխական համայնքը այցելեց՝ մասնակից դառնալու հաւատացեալներու ուրախութեան եւ նախագահելու տօնախմբութեան։
Արդարեւ, Շաբաթ, Մարտ 21ի երեկոյեան, եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ընթրիք մը, որ առաջնորդին հետ խորհրդակցելու առիթ մըն էր։ Ներկայ էին երեսփոխաններ, հոգաբարձուներ, տիկնանց միութեան անդամներ եւ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի ներկայացուցիչը։
Հոգաբարձութեան ատենապետ Ռոստոմ Այնթապլեան ողջունեց սրբազան հօր ներկայութիւնը, անոր առողջ կեանք, բեղուն գործունէութիւն եւ յաջող առաքելութիւն մաղթեց յառաջիկայ բոլոր ձեռնարկներուն եւ տօնախմբութիւններուն, յատկապէս՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծիրէն ներս։ Ապա, խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան, որ ողջունեց սրբազան հօր ներկայութիւնը եւ օրհնաբեր այցելութիւնը։ Տէր հայրը դիտել տուաւ, որ 100ամեակի սեմին, հաւաքաբար բաւական աշխատանք ունինք տանելիք՝ արժանաւորապէս նշելու մեր նահատակներու յիշատակը, ուստի, հրաւիրեց բոլորը իրենց մասնակցութիւնը բերելու բոլոր ձեռնարկներուն։
ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վարանդ Գասպարեան, իր բարի գալուստի խօսքով շեշտեց կարեւորութիւնը նմանօրինակ այցելութեանց եւ անոնց յաճախակիութեան, «որոնք կը գօտեպնդեն ծխական համայնքիս գործունէութիւնը»։ Տիկնանց միութեան ատենապետուհի Անօ Չաքալեան նոյն ցանկութեան ձայնակցելով՝ սրբազան հօր բարի գալուստ եւ բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեց։
Իր օրհնութեան խօսքով, առաջնորդը ողջունեց ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց բարեմաղթութիւններուն համար եւ դիտել տուաւ, որ ծխական համայնքներու այցելութիւնները միշտ առաջնահերթութիւն ունեցած են։ Սրբազանը ընդհանուր գիծերու մէջ ամփոփեց մեր վարչական կառոյցը, մարմիններու կապն ու յարաբերութիւնը, Երեսփոխանական ժողովի, Խառն ժողովի, Կրօնական ժողովի, Ազգային վարչութեան եւ Հոգաբարձութեանց կանոնագրային յարաբերութիւններն ու պարտականութիւնները, միեւնոյն ատեն նշեց, թէ այս տարի, Արեւմտեան թեմը յատուկ յանձնառութիւն ունի 100ամեակի ծիրէն ներս ոգեկոչական համազգային ծրագիրներուն, որոնք նաեւ նիւթական մասնակցութեան մէջ կարեւոր մէկ բաժին ունին։ Ուստի, դիմելով բոլորին համագործակցութեան՝ սրբազանը վստահեցուց, որ «ինչպէս անցեալին, անգամ մը եւս այս պատմական հանգրուանը յաջողութեամբ պիտի պսակենք»։ Անդրադառնալով հոգաբարձական կազմերու դիւաններուն յառաջիկայ խորհրդակցական ժողովին՝ առաջնորդը նշումներ կատարեց անդամական ժողովներու գումարման եւ անոնց առնչուած կանոնագրային տրամադրութիւններուն մասին, ապա հանգամանօրէն ներկայացուց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծրագիրները։
Կիրակի, Մարտ 22ը, ծխական համայնքի զաւակներուն համար եղաւ հոգեպարար օր մը. հաւատացեալները մասնակից եղան Ս. պատարագին, զոր մատուցանեց սրբազանը. ան ապա փոխանցեց օրուան պատգամը ու կատարեց մատաղօրհնէքը։
Քարոզի պահուն, սրբազանը նախ փառք յայտնեց Աստուծոյ, որ այս տարի եւս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի փառահեղ տօնակատարութիւնը աւանդաբար կը կատարուի՝ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի ուխտի օրուան տօնակատարութեան հետեւողութեամբ, ապա ողջունեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանը՝ առողջութիւն մաղթելով անոր, ինչպէս նաեւ հոգաբարձութեան անդամները, երեսփոխանները, տիկնանց միութեան անդամները, Կիրակնօրեայի աշակերտութիւնը, ԳԶՎ վարժարանը, գաղութի կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդը։
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի կրած տանջանքներուն ու նեղութիւններուն անդրադառնալով՝ առաջնորդը նշեց, թէ հայ ժողովուրդը եւս նոյն հաւատքով կրած է բազմապիսի տանջանքներ, քրիստոնէական հաւատքի պահպանման համար։
Սրբազանը նաեւ շեշտեց, թէ «մենք կը յիշենք մեր նախահայրերուն թողած կտակը եւ հաւատարիմ կը մնանք անոր. երբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, կը յարգենք յիշատակը մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն, ապա պէտք է վերանորոգենք մեր եկեղեցական ու ազգային ուխտը։ Մարտահրաւէրներ պէտք չէ մեզ շեղեն մեր աւանդութիւններէն ու սովորութիւններէն։ Այս տօնին առթիւ, կը վերահաստատենք մեր ուխտը՝ ըլլալու ճշմարիտ ու հաւատարիմ ժառանգորդները մեր նախնիներուն եւ քաջալեր հանդիսանալու եկեղեցական թէ ազգային բոլոր կառոյցներուն, որպէսզի իրենց կարգին, անոնց նուիրեալները նոր սերունդներուն փոխանցեն աւանդներն ու ժառանգութիւնները»։ Ապա ան հրաւիրեց ժողովուրդը հետեւելու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի վարքին, որ իր գործերով ցոյց կու տար իր հաւատքը, եւ իր կեանքը ամբողջութեամբ յանձնած էր Քրիստոսի ու Անոր ուսուցումներուն։
«Ամիս մը ետք մեր նահատակները պիտի սրբադասուին եւ մեզի համար բարեխօսներ պիտի հանդիսանան առ Աստուած։ Աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ մեր հաւատքը նոյնչափ ամուր ու տոկուն պահէ, Իր փառքին ու Հայց. առաքելական Ս. եկեղեցւոյ պայծառացման համար», եզրափակեց առաջնորդը, անգամ մը եւս համայնքը շնորհաւորելով եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առթիւ։
Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ եւ առաջնորդը կատարեց մատաղի օրհնութիւնը։ Ներկայ հաւատացեալները երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը եւ «Մեր Հայրենիք»ը, ապա սրբազան հօր արձակման օրհնութիւնը ստացան։
Եկեղեցւոյ կից «Վասպուրական» սրահին մէջ, առաջնորդը նախագահեց ողջերթի մտերմիկ հիւրասիրութեան մը, ի պատիւ տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Երանուհի Կարապետեաններուն, որոնք ծխական համայնքէն կը մեկնէին ուրիշ նահանգ, միանալու համար իրենց զաւակին ու թոռներուն։ Յակոբ Կարապետեան ՀՄԸՄի երկարամեայ նուիրեալ եղած է, իսկ Երանուհին՝ բազմամեայ վաստակ ունեցող դաստիարակ եւ ԳԶՎ վարժարանի տնօրէնուհի։ Երկուքն ալ մնայուն ներկայութիւն եղած են Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համայնքին մէջ։ Այս առթիւ, յաջորդաբար խօսք առին հոգաբարձութեան ատենապետը, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը եւ Երանուհի Կարապետեանը, որոնք փոխադարձ երախտագիտութեամբ արտայայտուեցան։
Ապա, ինքնաբուխ կերպով Ժիրայր եւ Խաժակ Սարգիսեան եղբայրներու առաջնորդութեամբ, «Ցտեսութիւն» ողջերթի երգը խմբովին երգուեցաւ, ապա սրբազանը խօսք առնելով՝ բարի ճանապարհ մաղթեց Կարապետեան ամոլին եւ նշեց, թէ բաժանում մը չէ այս, այլ ցտեսութիւն մըն է միայն՝ մինչ նոր հանդիպում։
Յիշատակելի շաբաթավերջը աւարտեցաւ հոգեկան խոր գոհունակութիւն տալով ծխական համայնքին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.