
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները Վիեննայի մէջ կայացած Մարտ 31ի հանդիպման ընթացքին քննած են այս տարուան վերջը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում կազմակերպելու կարելիութիւնը:
ԵԱՀԿի մամուլի ծառայութեան համաձայն՝ համանախագահները Մինսկի խումբի անդամներուն հետ իրենց եռամսեայ հանդիպումին գնահատականներ տուած են շփման գիծին եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկայնքով ընթացիկ լարուածութեան աճին կապակցութեամբ եւ շեշտած են կողմերուն հետ իրականացուող իրենց դիւանագիտական ջանքերուն կարեւորութիւնը:
Համանախագահները քննած են նաեւ այս տարուան վերջաւորութեան նախագահներու հանդիպման հնարաւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ կողմերը ներգրաւել բանակցութիւններու մէջ, համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի հասնելու համար:
Համանախագահները նաեւ ընդգծած են Մինսկի խումբի անդամներուն եւ ԵԱՀԿի անդամ պետութիւններու դերակատարութեան կարեւորութիւնը՝ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան եւ վստահութեան հաստատման գծով: