25 տարիքը բոլորած աշխատասէր եւ երիտասարդ է Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի շրջանաւարտից միութիւնը: 25 տարուան հետեւողական աշխատանքով սնունդ առած ու աճած է եւ դարձած է բոլոր ժամանակներու հայ աշակերտները գրկաբաց ընդունող վարժարանին հարազատ նեցուկը:
1990ին, ամերիկաբնակ 11 շրջանաւարտներ, վարժարանին մնայուն նեցուկ կանգնելու գաղափարը կը յղանան եւ կ՛որոշեն անմիջապէս գործի լծուելով հիմնել շրջանաւարտից միութիւն: Որոշում տալը մեծ աշխատանքի մը առաջին քայլն է, որ սակայն խօսքի սահմաններու մէջ կը մնայ, եթէ անոր մղում չտայ շօշափելի գործը: Այդպէս ալ եղած է. հայ ժողովուրդին, այսպէս ըսուած Սփիւռքի «երկրորդ հայրենիքին» մէջ 1922ին կառուցուած Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին (ԿԲՎ) նիւթական ու բարոյական օժանդակութեան ձեռք երկարեցին այս մեծ գաղութին մէջ հաստատուած հարազատ զաւակները վարժարանին:
Ուրբաթ, Փետրուար 27ին, Phoenicia ճաշարանին մէջ, 260 ներկաներով նշուեցաւ միութեան 25 ամեակը: Յատուկ հրաւէրով Պէյրութէն ժամանած էր վարժարանի տնօրէնուհին՝ Մարալ Տէյիրմէնճեան: Ներկայ էին նաեւ նախկին տնօրէններէն Արամ Պուլղուրճեան, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներ՝ Հայկազ Չալեան եւ Անի Յակոբեան:
Օրուան հանդիսավար Մէյրի Գոնիալեանի բարիգալուստի խօսքէն ետք վեր. Պերճ Ճամպազեան, Արա Գուրույեան եւ Րաֆֆի Քերպապեան երգեցին Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները: Ապա, վեր. Կալվին Սաղըրեան առ Աստուած ուղղած իր խօսքով փառք տուաւ հայ դպրոց մը հիմնելու տեսիլքը ունեցող ԿԲՎի հիմնադիրներուն համար, որոնց գերագոյն նպատակը եղած է հայրենիքէն հեռու օտար երկրի մը մէջ հայ մանուկին հայ լեզուն ջամբել, զինք Քրիստոսի ճշմարիտ ճամբան առաջնորդել եւ այդ ձեւով տիպար հայն ու քաղաքացին կերտել: Ան նաեւ փառք տուաւ, որ այս ափերուն վարժարանին հանդէպ երախտագէտ հայորդիներ իրենց սրտի պարտքը կը համարեն վարժարանին աջակցիլը:
Միութեան հիմնադիրներէն Գաբրիէլ Ալպարեան եւ Արա Գալֆայեան ցուցադրեցին կարճ տեսաերիզ մը, որուն ընդմէջէն ներկաները՝ Գօգօ Պալեանի ձայնով, ականջալուր եւ ականատես եղան միութեան գործունէութեան եւ սիրով տարուած աշխատանքին, որ կարելի է բացատրել միայն «We care for CHS» նշանաբանով:
Միութեան ատենապետ՝ Վարուժ Չարխըտեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց հեռուէն ու մօտէն ներկայ գտնուող շրջանաւարտներուն, վարչականներուն, կազմակերպիչ յանձնախումբին, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) արեւմտեան ափի գործադիր տնօրէն Լեւոն Ֆիլեանին եւ Ազգ. առաջնորդարանի վաժարաններու խնամակալ մարմնի անդամ Մակի Սարգունիին: Ապա, ան փոխանցեց, թէ վարժարանին նիւթական օժանդակութիւնը տարուէ տարի վերելք արձանագրած է եւ այժմ կը ծածկէ վարժարանի տարեկան պիւտճէին 15 առ հարիւրը: Պէտք է ընդգծել, որ 25 տարուան ընթացքին Ամերիկայի շրջանաւարտից միութեան նիւթական ներդրումը մէկ միլիոն տոլարի սահմանը անցած է արդէն: Միութեան գոյացուցած գումարին առիւծի բաժինը իբրեւ նուիրատուութիւն կը տրամադրուի 1953 թուականին շրջանաւարտ Ճերի եւ անոր կնոջ Փաթ Թրփէնճեաններուն կողմէ: Այս առիթով ատենապետը կարդաց ներկաներուն ուղղուած Թրփէնճեանին նամակը:
Հակիրճ խօսքով հանդէս եկաւ Լեւոն Ֆիլեան, որ ընդգծեց, թէ ԱՀԱԸի առաքելութեան ծիրին մէջ կ՛իյնայ նաեւ աւետարանական վարժարաններուն նիւթական օժանդակութեան ձեռք երկարելու կարելիութիւնը, որոնց շարքին է ԿԲՎը:
«Չորրորդ անգամն է, որ ձեր մէջ կը գտնուիմ եւ արդէն բոլորդ հարազատներ էք», բառերով սկսաւ իր խօսքը ԿԲՎի տնօրէնուհին Մարալ Տէյիրմէնճեան, աւելցնելով, որ վարժարանի մանկապարտէզի աշակերտներն անգամ ծանօթ են իրենցմէ մղոններ հեռու ապրող անծանօթ, բայց հոգատար Շրջանաւարտից միութեան: Ան ցուցադրեց յատկապէս այս ձեռնարկին համար պատրաստուած եւ ԿԲՎի բոլոր աշխատանքներուն օգտակար հանդիսացող Ճան Սաղըրեանի ձայնով արձանագրուած տեսաերիզ մը, որուն ընդմէջէն ներկաները ականատես եղան վարժարանի տարածքին կատարուած նորոգութիւններուն եւ նոր բաժիններու շինարարական աշխատանքներուն, որոնց նիւթականը տրամադրուած է Շրջանաւարտից միութեան կողմէ: Ներկայիս 328 աշակերտ պարփակող այս վարժարանի յաջողութիւններուն մասին խօսքերը եւ հասարակաց միտքը վկայակոչելով, ան նշեց. «ԿԲՎն ունի կրթուած, յարգալիր, հասկցող աշակերտներ, որոնք կը վայելեն սիրոյ մթնոլորտը եւ կը մեծնան հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութեամբ»: Ան թուեց աշակերտներուն յաջողութիւնները, ինչպէս նաեւ ուսուցչական կազմին ներկայացուած վերաորակաւորման դասախօսութիւնները եւ ներկայացուց վարժարանը բարելաւելու համար անհրաժեշտ ապագայ ծրագիրները:
Մարալ Տէյիրմէնճեան եատուկ յուշանուէրներով պատուեց Գաբրիէլ Ալպարեանն ու Արա Գալֆայեանը, տարիներու իրենց անսակարկ աշխատանքին համար:
Ներկաները վայելեցին գեղարուեստական հիանալի պահ մը, մատուցուած ջութակահար եւ սոփրանօ երգչուհի Լուսինէ Ֆիլըն կողմէ, դաշնակի ընկերակցութեամբ Սիրարփի Զիրեքեանցի:
Աւանդութէան վերածուած հաճելի սովորութիւն մըն է պատուել «Տարուան ուսուցիչը»: Յակոբ Տէր Կարապետեան ներկայացուց 2015ի մեծարեալին՝ Հայկազ Չալեանի կենսագրականը, նշելով, որ ան 1961-1973ին եղած է ԿԲՎի ուսուցիչ, ինչպէս նաեւ տնօրէնի օգնական: «Սիրուած պարոն Չալեանը եղած է հոգատար ընկեր մը բոլորին, որուն պատճառով մենք՝ բոլոր սերունդներու աշակերտները, անքակտելի կապով մը միացած ենք մեր վարժարանին», ըսաւ ան ու զինք պատուեց գնահատական յուշատախտակով մը:
Հայկազ Չալեան յուզումով շնորհակալութիւն յայտնեց իր աշակերտներուն եւ խօսքը ուղղելով ներկաներուն, ըսաւ. «Ապրի՛ք, տակաւին լաւ աշակերտներ էք, հոս ներկայ էք, որովհետեւ կը հաւատաք ձեր սիրելի վարժարանի առաքելութեան»:
Ապա ելոյթ ունեցաւ 1962ի շրջանաւարտ Յակոբ Քիւփէլեան, որ ներկաներուն հրամցուց հայկական երգերու փունջ մը, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Եսթեր Ասիլեանի:
Մէյրի Գոնիալեան ներկայացուց գիտութեան, մարդկութեան եւ հայութեան ծառայող «Տարուան շրջանաւարտ» Ճան Թիթիզեանի բեղուն գործունէութեան կենսագրականը, նշելով, որ ան 1963ին, ԿԲՎէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք hաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր ելեկտրական ճարտարագիտութեան ճիւղին մէջ մասնագիտացած է եւ իր գիւտերուն համար արժանացած է «Distinguished fellow of technology» տիտղոսին: Գոնիալեան նշեց, որ գիտութեան աշխարհին ծառայելուն կողքին, Թիթիզեան հայ ժողովուրդի կարիքներուն գործնական նեցուկ կանգնող հայորդի մըն է: Թիթիզեան պարգեւատրուեցաւ Շրջանաւարտից միութեան պատրաստած յատուկ յուշատախտակով:
Թիթիզեան յիշեց իր ուսուցիչներէն Հայկազ Չալեանին, Բարսեղ Անանեանին, պրն. Թութիկեանին անունները, որոնք խոր ազդեցութիւն ձգած էին իր վրայ: Ան տուաւ մեղուին միշտ իր փեթակին կապուած ըլլալու օրինակը, ընդգծելով, որ հայերս ալ նոյնը պէտք է ընենք եւ մեր օժանդակութիւններով վերադառնանք մեր փեթակին՝ Հայաստանին, հայութեան եւ մեր վարժարանին:
Տեղի ունեցաւ անձայն աճուրդ մը, «Լեւոն Թրեւըլ»ի տրամադրած Հայաստան երթ ու դարձի տոմսին համար:
Ուրախութեամբ կը նշենք, որ Հայկազ Չալեան, Ճոն Թիթիզեան եւ Գաբրիէլ Ալպարեան վկայագրեր ստացան Քոնկրէսի անդամ Էտըմ Շիֆէն, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամներէն՝ Մայք Կաթոյէն եւ Ատրին Նազարեանէնմ իսկ ԿԲՎի ուսուցչակազմը իրենց սիրելի տնօրէնուհիին իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու համար Մայքըլ Արամի «Արարատն ու Նոյեան տապանը» նուիրեցին:
Նշենք, որ այս առիթով գնահատական եւ շնորհաւորական նամակներ, միութեան պատմականն ու հարկ եղած տեղեկութիւններ բովանդակող գրքոյկ մը բաժնուեցաւ ներկաներուն: Ներկաները ստացան նաեւ Արա Ասիլեանի կողմէ տրամադրուած գաւաթներ, որոնց վրայ արձանագրուած էր ԿԲՎ անունը:
Ճաշկերոյթի աւարտին, վարչական անդամները, տնօրէնուհին եւ Տիգրան Սրապեան հատեցին 25 ամեակի կարկանդակը, որ տրամադրուած էր 1980ի շրջանաւարտ Տիգրան Սրապեանին կողմէ:
(Թղթակցութիւնը՝
միութենէն)