
ՎԱՐԴԻ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Ցեղասպանութեան 100ամեակը նշող ձեռնարկներէն մէկն էր, Ծաղկազարդի Կիրակիի երեկոյեան տրուած նուագահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ղեւոնդեանց եկեղեցիին մէջ, ի պատիւ՝ դոկտ. Միհրան եւ Էլիզապէթ Աղպապեաններուն:
Ձեռնարկի «Մոխիրներէն՝ վերածնունդ» խորագրով ներկայացուածը ապրող կտակ մըն էր բոլորիս, տրուած՝ իրա՛ւ հայ մարդու մը կողմէ, յանձին՝ դոկտ. Միհրան Աղպապեանի, որ տակաւ՝ առոյգ ու կայտառ է այսօր իր կորովով, իր մէջ կոփուած ազգային կայունութեան հանդէպ տածած հաւատքով, աննկուն կամքով ու յարատեւ աշխատանքով ձեռք բերուածը ազգին նուիրաբերմամբ, իր ազգային ինքնութեան հպարտութեամբ եւ կեանքի ճանապարհին իր յարաճուն ճիգերով շահուածը՝ հայրենիքի կրթական եւ մշակութային վերելքին համար իր անսակարկ ընծայաբերումով:
Օրըստօրէ բարգաւաճող հայրենիքի տեսլականով ապրող այս «Հին» կոչուող սերունդէն նորերուն վստահուող արժանիքներն են, կանցնին շօշափելիէն ալ անդին: Այս իրա՛ւ մեծերը «Հայու Ոգի» կոչուածով՝ սնունդ առած են. անոնք բեղմնաւորուելով անով, իրենց՝ ազգին նուիրաբերողի, հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասողի մարդկային եւ ազգային արժէքները, որ իրենց օրինակով կը փոխանցեն նոր սերունդին, եւ այսպէս՝ արժանիքներու փոխանցման հետ հայուն գոյատեւումը կերաշխաւորեն:
Հայու տեսակին հանդէպ հաւատքով, անխոնջ ու անվհատ զոհողութիւններ պահանջող խոչընդոտներ դիմակալելու եւ խիզախ յանձնառութիւններու ու զանոնք ի կատար հասցնելու մաշեցնող գինը քրտինքով վճարելով միա՛յն կարելի եղաւ ստեղծել այն Սփիւռքը, որ այսօր իր կարեւոր ներդրումը ունի հայրենիքի հզօրացման մէջ: Համեստ հայեր են անոնք, որոնք գիտցան տալը առնելէն գերադասել, եւ ամէն օր աղօթել, որ ա՛լ բաւ է, պէտք է երթանք «մըր էրկիր», եւ ապրելով այս «Դուրս»ին մէջ յարատեւ զայն զգալ՝ «Ներս» անկէ, որուն օր մը տիրանալուն վստահութիւնը կը կարդանք իրենց աչքերուն մէջ: Ապրեցան անոնք հոս, մերթ սահելով իրենց իսկ «Մայրենիին» վրայէն, երբեմն՝ կանգնելով, ու զայն խառնելէ ետք զիրենք շրջապատող ժխորի լեզուին, հիմա, ամէն գնով կը ցանկան լսել զայն, մեր լեզուն, մեր անոյշ հայերէնը, իրենց թոռներու շրթներէն, ու միշտ ապաւինած՝ անկորնչելի «Ոգիին», վերջապէս կը վերագտնեն «Հայրենի Տուն» տանող ճանապարհը, ո՛չ միայն իրենց համար, այլեւ՝ իրենց օրինակով երաշխաւորելով նաեւ զաւակներու եւ թոռներու տուն դարձը:
Նորագոյն յայտնութիւն մը չէ դոկտ. Միհրան Աղպապեանը, որ ծանօթ է ի նպաստ հայրենիքին իր լիառատ ներդրումներով։ Կրկնումի գնով կ՛արժէ յիշել իր կենսագրականը համալրող ձեռքբերումները: Ան Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի հիմնադիրն ու Պատուոյ նախագահն է, Պատուակալ ուսուցչապետ (professor) է Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի ճարտարագիտական բաժինին: Ատենապետը եղած է Ամերիկայի Հայկական Խորհուրդին (Armenian Assembly)-ին, եղած է նաեւ անդամ՝ՀԲԸՄիութեան Կեդրոնական վարչութեան եւ նաեւ Հայ Աւետարանական միութեան վարչութեան:
Վարդապետութեան (doctorate) Պատուակալ տիտղոսի կ՛արժանանայ Լիբանանի Հայկազեան Համալսարանէն 1980ին, Երեւանի Պետական համալսարանէն՝ 1994ին, Հայաստանի Պետական Ճարտարագիտական համալսարանէն՝ 2003-ին: Ասոնց կողքին, երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ պարգեւատրուած է Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ պատուոյ շքանշանով: Սուրբ Վարդան շքանշանով կը պարգեւատրուի Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կաթողիկոս-պատրիարքի կողմէ, իսկ 2001-ին Մովսէս Խորենացի շքանշանով կը պարգեւատրուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի կողմէ:
Ահա, թէ ինչո՛ւ դոկտ. Միհրան Աղպապեանը այն անձերէն է, որոնց կեանքին օրինակով կը սնուցուին նորագոյն սերունդները: Ծաղկազարդի երեկոյեան, Ցեղասպանութեան 100ամեակի յուշահանդէսներու կարգին, «Վերածնունդ՝ Մոխիրէն» խորագրեալ նուագահանդէսը եղաւ այդպիսին: Տաղանդաւոր պատանիներ, իրենց շնորհալի ելոյթներով ստացան նաեւ այն «Ոգին» որմով սնած է դոկտ. Աղպապեանը:
Փոխանցման կարգ էր այս մէկը: Եւ որքան սրտապնդող երեւոյթ է տեսնել, թէ ահաւասիկ խոստմնալից երիտասարդ սերունդ մը կայ, որ իր մանկութենէն պատանեկութիւն երկարող, եւ մանաւանդ հոգիի ու ոգիի դրսեւորման համար այդ կարեւոր շրջանը կը բոլորէ «Լարք» Հայկական Երաժշտանոցի հայաշունչ ու այնքան ջերմ մթնոլորտին մէջ, ուր վաստակաւոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, իրենց երկար տարիներու ընթացքին ձեռք բերած երաժշտական մասնագիտութեան բոլոր ծալքերը կը բանան մեր մատղաշ սերունդին առջեւ, աներեւակայելի նուիրուածութեամբ: Ահաւասիկ «Լարք»էն՝ այդ իւրայատուկ հայ բոյնէն, արդէն լոյս աշխարհ կու գան երէկուան ձագուկները, այսօր արդէն ոմանք պատանի, եւ մէկ քանին՝ երիտասարդութեան սեմին, իրենց տաղանդով հարստացնելու եւ յուսադրելու մեզ: Անոնք այս երեկոյին համար իրենցմէ պահանջուածին հանդէպ կատարեալ լրջութեամբ պատրաստած էին բաւական լուրջ գեղարուեստական յայտագիր մը, վերահսկողութեամբ՝ դոկտ. Արմէն Կիւզելիմեանի եւ միշտ՝ իրենց ուսուցիչներու խստապահանջ հսկողութեան տակ, բայց ինքնաբուխ նուիրուածութեամբ:
Այսպէս է ահա, որ մոխիրէն ետք, Սփիւռքի տարածքին, արդէն դար մը ամբողջ, եւ ի՜նչ զոհողութիւններու գնով, տուած ենք պատկառելի սերունդ մը արուեստագէտներու, մանաւանդ՝ երաժշտութեան մէջ: Այս տղաքը բացառութիւն կամ նորութիւն չեն, այլ՝ հայու ոգեղէն աշխարհը հարստացնող, մեր գոյատեւումը, գէթ՝ մասամբ մը երաշխաւորող մեր մշակոյթի ապագայ պահակներն են:
Արժէ ճանչնալ այս տղաքը իրենց տարիքի կարգով եւ ծրագրին բերած իրենց ներդրումով.
Ռիչըրտ Միրզոյեան (14) դաշնակի վրայ հանդէս եկաւ Եդուարդ Միրզոյեանի Toccatinaով, Եդուարդ Աբրահամեանի Prelude in C sharp minorով եւ Franz Lisz-ի Liebestraum-Consolation no. 3-ով:
Օշին Մանուկեան՝ (15) սկսաւ Էտկար Պաղտասարեանի Humoresque-ով դաշնակի վրայ, ապա՝ թաւ ջութակով եւ Իռէն Պաղտասարեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ, նուագեց Berteau / Sammartini-ի Sonata in G major-ը: Իր երրորդ կտորով ու պատանիի արդար ինքնասիրութեամբ, Օշին, այս անգամ ցոյց տուաւ իր ճարտար մատները, երբ կրկին ձեռք առաւ թաւ ջութակը։ Ալէն Տիշիկրիքեան, որ եկած էր դաշնակով իրեն ընկերանալու, աչքերով հարց տուաւ թէ յոգնած չէ՞ր, մէյ մը՝ դաշնակով, մէյ մը՝ թաւջութակով… Օշինին հաստատակամ՝ «Ո»չէն ետք, ժպտերես ու ինքնավստահ, մեզի ներկայացուցին Ալեքսանտր Յարութիւնեանի Impromptuն: Անոնց անվհատ կամքն ու աշխատանքը իսկապէս զգալի էին:
Իռէն Պաղտասարեան (17), իր կարգին, զգացուած եւ խոր ապրումով հրամցուց բոլորին շատ սիրելի Chopin-ի Fantaisie-Impromptuն, եւ Մակար Եկմալեանի Nocturne-ը:
Մարալ Քիւրտեան (17) ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի ուսանողուհի է, որ կը հետեւի ձայնամարզութեան, կ՛առնէ նաեւ սրինգի դասեր Փասատինայի երաժշտանոցին մէջ: Իր թովիչ ձայնով մեզի հրամցուց Կոմիտասի «Կռունկ»ը, Ալեքսէյ Հեքիմեանի «Բարի Արագիլ»ն ու Սայաթ Նովայէն՝ «Քանի վուր ջան իմ»ը, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Ռիչըրտ Միրզոյեանի:
Ալէն Տիշիկրիքեան (18), որ UCLA համալսարանին մէջ բժշկութեան առաջին տարին կը բոլորէ, արդէն սկսած է բաւական ուշադրութիւն գրաւելու վերջին երկու տարիներուն, եւ ինչպէս ինք կը հաւաստէ ամենայն համոզուածութեամբ, թէ՝ անշու՛շտ որ կարելի է հասնիլ երկուքին…, «Կը սիրես՝ ամբողջութեամբ կը նուիրուիս, թէ՛ մէկին եւ թէ՛ միւսին ու կը յաջողիս»: Այսպէս ըսած էր ասկէ երկու տարի առաջ մեր հարցազրոյցին ընթացքին: Իռէն Պաղտասարեանի հետ հրամցուց Johannes Brahmsի Hungarian dance No. 5 for piano 4 handsը: Ալէն առանձին շարունակեց իր ելոյթը եւ նուագեց Առնօ Պապաջանեանի «Վաղարշապատի Պարը» եւ Եդուարդ Աբրահամեանի Etude No. 19 in C# minor-ը:
Հարկ կա՞յ ըսելու, որ այս սքանչելի պատանիներէն իւրաքանչիւրը ողջունուեցաւ եկեղեցին դղրդացնող ծափահարութիւններով, արժանանալով՝ հանդիսատեսներու գնահատանքին: Սրբազան հօր՝ Յովնան Տէրտէրեանի Ցեղասպանութեան 100ամեակի յուշատօներու ծիրին մէջ այս հանդիսութիւնը իմաստաւորող, ու նոր սերունդի այս արժէքներու փոխանցման կէտերուն մասին արտասանած ոգեւորիչ խօսքերէն ետք, մեզի կը մնար միմիայն լեցուիլ ապագային հանդէպ՝ յոյսով եւ հաւատքով, որովհետեւ մենք, ազգովին, նաեւ գիտենք փիւնիկանալ. վկա՛յ մեր ալ քանիերորդ վերածնունդը, մանաւանդ գիտակցելով, որ մեզմէ հզօր ազգերը այսօր արդէն չկան…
Տօնախմբական այս մթնոլորտին մէջ, Յովնան արք. Տէրտէրեան ընթերցեց Գարեգին Բ. Ներսիսեան կաթողիկոսի կողմէ այս առթիւ ստացուած հայրապետական կոնդակը, որ ունկնդրուեցաւ յոտնկայս, որմէ ետք սրբազան հայրը դոկտ. Աղպապեանի լամբակին ամրացուց նաեւ…շքանշանը: Խօսքը տրուեցաւ դոկտ. Միհրան Աղպապեանին, եւ բարձր գնահատեց այս յիշատակելի նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող պատանիներն ու պարմանուհիները:
Մաղթենք, որ սորվինք անցնիլ «պատրանք»ներէն անդին, եւ սկսինք իսկապէ՛ս, այս անգամ իրատես ռազմավարութեամբ, շօշափելի եւ անառիկ բարձունքներ նուաճելու, բռունցքուած՝ մեզ իրարու շաղախող պահանջատիրութեամբ, եւ ո՛չ միայն բառ ու խօսքով, այլ՝ մեր ազգը պահող պահպանող ազգային ոգիով եւ արժանապատուութեամբ յագեցած, զգալ եւ զգալ սորվեցնել նորագոյն սերունդին, հայերէն խօսիլ եւ խօսիլ սորվեցնել, զայն հանապազօրեայ հաց դարձնել ամէնուրեք, տուն ու դպրոց, շուկայ ու փողոց, եւ մանաւանդ՝ Հայոց եկեղեցիի կամարներուն տակ, որպէսզի մեր շնչառութիւնն ու սրտի զարկերը լսելի դարձնենք Արարատին, որ զայն տուն բերելու արժանի ըլլանք, որ մեր հողերը մեզ չմերժեն եւ մեր մշակոյթի, այս անգամ խնամքով լիցքաւորուած վարն ու ցանքը պտղաւորուին, եւ Աստուած մի արասցէ, չըլլան ի զուր: