
ՀԱՆԸԼՈՒԼՈՒ.- Հաուայիի նահանգային Ծերակոյտը անցեալ շաբաթ միաձայնութեամբ վաւերացուցած է բանաձեւ մը՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Ապրիլ 24ը հռչակելով Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման օր:
«Ծերակոյտը կը միանայ Հաուայի Ներկայացուցիչներու տան, ամերիկահայ համայնքին եւ ամբողջ աշխարհով սփռուած հայերուն՝ ճանչնալով եւ յարգելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, կոչ ուղղելով աշխարհին, երբեք չմոռնալու մարդկութեան դէմ այդ սարսափելի յանցագործութիւնը», նշուած է բանաձեւին մէջ:
Հաուայի Ծերակոյտին բանաձեւը ներկայացուցած են ծերակուտականներ՝ Սիւզըն Չուն Օքլընտ, Տանըվըն Տելա Քրուզ, Ուիլ Էսփերօ, Պրին Հարիմոթօ, Լես Իհարա կրտսերը, Լորէյն Ինուէ եւ Ռասըլ Ռուտըրմըն:
Բանաձեւի վաւերացման ներկայ եղած է հայ համայնքի ներկայացուցիչ Արթուր Արթինեան:
Բանաձեւը կարելի է կարդալ http://asbarez.com/133723 կայքէջին վրայ։