ԵՐԵՒԱՆ.– Պաշտօնական այցելութեամբ Մոսկուա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան այցելած է «ՏԱՍՍ» լրատուական գործակալութիւն, ուր հանդիպում ունեցած է ռուսական առաջատար լրատուամիջոցներու գլխաւոր խմբագիրներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին նախարար Նալբանդեան պատասխանած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներուն վերաբերեալ բազմաթիւ հարցումներու։
Նալբանդեան Կորչաքովի անուան հիմնադրամի գրասենեակին մէջ հանդիպում ունեցած է ռուսական հեղինակաւոր քաղաքագէտներու եւ վերլուծաբաններու հետ, պատասխանած է հայ-ռուսական համագործակցութեան, դրացիներուն հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն, եւրոպական, ամերիկեան, ասիական եւ այլ ուղղութիւններով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին շարք մը հարցումներու։
Մոսկուայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ նախարար Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է Հայաստանի հետ համատեղութեան կարգով հաւատարմագրուած շուրջ չորս տասնեակ երկիրներու դեսպաններուն հետ, պատասխանած իրեն ուղղուած հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.