ԵՐԵՒԱՆ.– Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիան նիւթական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին՝ աթոմակայանի ուժանիւթային պլոկի շահագործման ժամկէտը երկարաձգելու համար։ Այս մասին գրած է «Ռիա Նովըսթի»ն:
Թերթը նաեւ նշած է, որ Լաւրով անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան՝ հաստատելով, որ ոչ ոք կը փափաքի, որ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը թէժ հանգրուան մտնէ։
«Մենք նոյնիսկ չենք ուզեր մտածել, որ հակամարտութիւնը թէժ հանգրուան պիտի մտնէ: Համոզուած եմ, որ, հակառակ հռետորաբանութեան, կողմերէն ոչ մէկը նման բան կ՛ուզէ», նշած է նախարարը։
Լաւրով ըսած է, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար պայմաններ ստեղծելու ուղղութեամբ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար փոխընդունելի հիման վրայ։
Նախարար Նալբանդեան իր կարգին յայտնած է, որ բանակցութիւնները այլընտրանք չունին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.