ԵՐԵՒԱՆ.– 8 Ապրիլին Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Գագիկ Խաչատրեան եւ Համաշխարհային դրամատան երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Լորա Պէյլի ստորագրած են վարկային համաձայնագիրներ: «Ելեկտրահաղորդման ցանցի բարելաւման ծրագրի» ծիրին մէջ Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային դրամատունը Հայաստանին պիտի տրամադրէ 52 միլիոն տոլարի համազօր վարկ:
Ծրագիրը պիտի իրականացուի «Երեւանի æԷԿ» ընկերութեան եւ «Բարձրավոլտ ելեկտրացանցեր» ընկերութեան կողմէ, անով հիմնական նորոգութեան պիտի ենթարկուին «Աշնակ» եւ «Երեւանի æԷԿ» ենթակայանները՝ ի նպաստ ելեկտրահաղորդակցութեան ցանցի ամրապնդման: Պիտի նախապատրաստուին նաեւ արդիականացման այլ ծրագիրներ։ Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային դրամատան կողմէ վարկային միջոցները պիտի տրամադրուին արտօնեալ պայմաններով. վարկի մարման ժամկէտը 25 տարի է, որուն 14.5 տարին՝ արտօնեալ: Իսկ «Սոցիալական ներդրումների եւ տեղական զարգացման ծրագրի» ծիրին մէջ դրամատունը Հայաստանին պիտի տրամադրէ 30 միլիոն տոլարի վարկ:
Ծրագիրը, որուն նպատակն է բարելաւել համայնքային եւ միջհամայնքային ենթակառոյցի որակը եւ հասանելիութիւնը, բաղկացած է 3 մասերէ: Անոր առաջադրանքն է օժանդակել համայնքներու ընկերային-տնտեսական զարգացման ու կարողութիւններու ստեղծման, ինչպէս՝ կրթական, առողջապահական եւ ընկերային ծառայութիւններ ապահովող հիմնական ընկերային կառոյցներու հաստատում, վերանորոգում, հիմնական նորոգութիւն, ջրամատակարարման եւ ջրահեռացման համակարգերու տեղադրում եւ այլն:
Ծրագիրով կը նախատեսուի նաեւ օժանդակութիւն ցուցաբերել միջհամայնքային ընկերային-տնտեսական զարգացման նախաձեռնութիւններուն՝ աջակցելով Հայաստանի տարածքային բարեփոխումներուն՝ զարգացման նորարարական նախաձեռնութիւններու (ենթածրագիրներ) իրականացման միջոցով, որոնց մէջ ներգրաւուած են երկու կամ աւելի համայնքներ: Ծրագիրը պիտի նպաստէ նաեւ հաստատութենականութեան հզօրացման եւ թեքնիք աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Հայաստանի ընկերային ներդրումներու հիմնադրամին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.