ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Ազգային ժողովը սկսած է քննարկելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին վերաբերող յայտարարութեան նախագիծը: Հիմնական զեկուցող, Ազգային ժողովի «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորԶարուհի Փոստանջեան՝ ներկայացնելով յայտարարութեան նախագիծը, ընդգծած է, որ անով Ազգային ժողովը կոչ կ՛ուղղէ բոլոր երկիրներու խորհրդարաններուն եւ միջխորհրդարանական կազմակերպութիւններուն՝ պաշտօնապէս ճանչնալու եւ դատապարտելու Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կատարուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ որպէս մարդկութեան դէմ ուղղուած ծանրագոյն յանցագործութիւն:
Յայտարարութեան նախագիծին մէջ նշուած է.
«Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը
– հիմք ընդունելով ՄԱԿի Գլխաւոր Ասամբլէայի կողմից 1948ի Դեկտեմբերի 9ին ընդունուած «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգելելու եւ պատժելու մասին» կոնուենցիան, ՀԽՍՀ Գերագոյն Խորհրդի կողմից 1988ի Նոյեմբերի 22ին ընդունուած «Օսմանեան Թուրքիայում հայերի 1915թ. ցեղասպանութեան դատապարտման մասին» օրէնքը,
– արժեւորելով «Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի Համահայկական Հռչակագրում» ամրագրուած դրոյթները,
– կարեւորելով միջազգային հանրութեան հետ համատեղ ուժերով մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնների, ցեղասպանութիւնների դատապարտման եւ կանխարգելմանն ուղղուած ջանքերում հայ ժողովուրդի ունեցած ներդրումը,
– երախտագիտութիւն յայտնելով բոլոր պետութիւնների խորհրդարաններին եւ պետական կառոյցներին, որոնք պաշտօնապէս ճանաչել են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ընդունել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքներ.
Կոչ է անում բոլոր երկրների խորհրդարաններին եւ միջխորհրդարանական կազմակերպութիւններին պաշտօնապէս ճանաչել եւ դատապարտել Օսմանեան Կայսրութեան կողմից իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ որպէս մարդկութեան դէմ ուղղուած ծանրագոյն յանցագործութիւն»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.