Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը խորհրդարանի 550 աթոռներէն 268ին համար կին թեկնածուներ առաջադրած է: Քիւրտ վեթերան եւ երիտասարդ քաղաքական դէմքերու կողքին ցուցակին վրայ ներառուած են տարատեսակ թեկնածուներ՝ ընկերվարականներ, բարեպաշտ իսլամներ, ազգային, կրօնական եւ սեռային փոքրամասնութեանց անդամներ:
Հայ համայնքէն թեկնածու առաջադրուած են Կարապետ Փայլան եւ Մուրատ Մըչը, եզիտի համայնքէն՝ Ֆելեքնաս Ուճայ, որ նախապէս Եւրոպական խորհրդարանի Գերմանիայէն ընտրուած անդամ էր, ասորի համայնքէն՝ Էրոլ Տորայ, ինչպէս նաեւ ալաուի, չերքեզ եւ գնչու անհատներ:
Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար՝ Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտարարեց, որ իր կուսակցութեան ընտրացանկը համապարփակ կերպով կարտացոլէ թրքական ընկերութիւնը: Կուսակցութեան ցանկին վրայ է պոլսահայ Սելինա ԷօզուզունՏողան: Քըլըճտարօղլու յայտնեց, որ «Տողանի թեկնածութիւնը աշխարհին ուղղուած կարեւոր պատգամ մըն է: Մենք մեր ընկերութեան մէջ պառակտում չենք ուզեր: Մենք կ՛ուզենք միասնաբար մեծնալ եւ զարգանալ» աւելցնելով, որ իր կուսակցութիւնը «օսմանցի հայերու 1915ի սպանութիւններուն» 100ամեակին նախօրեակին Տողանի թեկնածութեան վերագրուած «որեւէ իմաստ կ՛ընդունի»:
Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ընտրացանկին վրայ ներառուած են 103 կիներ, գնչու եւ յոյն համայնքներու անդամներ: Նշենք, որ կուսակցութեան թեկնածուներուն 85 առ հարիւրը ճշդուած էին Մարտի վերջաւորութեան տեղի ունեցած նախնական ընտրութիւններու ճամբով: Մնացեալ թեկնածուները ճշդուած են կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին կողմէ:
Տողան երկար տարիներ Պաքըրքէոյի համայնքապետարանին մէջ աշխատող համայնքապետի տեղակալ Երուանդ Էօզուզունի դուստրն է: Անոր ամուսինը՝ Էրտալ Տողան, փաստաբան է եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան:
Տողան նշած է, որ թեկնածու առաջադրուելու առաջարկը նոր կատարուած է եւ անակնկալ եղած է իրեն համար: «Երիտասարդ եւ կին թեկնածու կը փնտռէին: Հայ համայնքին մէջ ալ այլընտրանքները շատ չեն: Կին թեկնածուն ալ չլսուած բան մըն է: Ես ալ մտածեցի՝ իսկ ինչո՞ւ չըլլամ: Թալին Էրկիւնեշն ալ թեկնածու առաջադրուած էր, սակայն կուսակցութիւնը նախապատուութիւնը ինծի տուաւ», ըսած է ան:
Տողան նշած է, որ պիտի ըլլայ ո՛չ միայն հայերու, այլ նաեւ բոլոր խմբաւորումներու ձայնը խորհրդարանին մէջ: «Ընելիք շատ գործ ունինք: Բոլորին հետ հանդիպումներ պիտի ունենանք, բոլոր կառոյցները պիտի այցելենք: Հարցերուն միայն հայերու տեսանկիւնէն պիտի չնայինք: Ես պիտի ըլլամ ձայնի իրաւունքէն զրկուած բոլոր «օտարներուն» խօսափողը», ըսած է ան:
Տողան նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակի տարուան մէջ իր թեկնածութեան առաջադրումը խորհուրդ կը պարունակէ:
Թուրքիոյ Ժամանակակից իրաւաբաններու միութիւնը եւ անոր իզմիրեան մասնաճիւղը ներողութիւն խնդրած են հայերէն՝Հայոց Ցեղասպանութեան համար: Այս մասին ermenihaber.am-ին հաղորդած է թրքական «demokrathaber.net» լրատուական կայքի թղթակից Հրանդ Գասպարեան:
Ապրիլ 9ին Իզմիրի փաստաբաններու պալատի ծրագրած «Ընդդէմ Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումներուն վերջ տանք հարիւրամեայ սուտին» խորագիրով ժողովը բողոքի ալիք բարձրացուցած է Իզմիրի իրաւաբաններու շրջանին մէջ: Ի պատասխան պետական ժխտողական քաղաքականութիւնը որդեգրած փաստաբաններու պալատի նշեալ նախաձեռնութեան՝ Իզմիրի ԺԻՄը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որով ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ ներողութիւն խնդրած հայ ժողովուրդէն:
Յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի.
«Իզմիրի փաստաբաններու պալատը 2015 Ապրիլ 9ին «Ընդդէմ Հայոց Ցեղասպանութեան պն-դումներուն. վերջ տանք հարիւրամեայ սուտին» խորագիրով ժողով կը կազմակերպէ:
Իրաւաբանական կազմակերպութեան կողմէ մարդկութեան դէմ իրականացուած այնպիսի յանցագործութեան թեմայով, ինչպիսին Ցեղասպանութիւն է, պաշտօնական գաղափարախօսութեան տարածումն ու ազգայնամոլութեան թոյնի գովազդումը մեզի հարկադրեցին հանդէս գալու յատուկ յայտարարութեամբ: Անկէ հարիւր տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու նկատմամբ «Տեղահանութիւն» անուան տակ իրականացուած գործողութիւնը Ցեղասպանութիւն էր:
Իբրեւ Իզմիրի փաստաբաններ՝ մենք թոյլ չենք տար, որ քօղարկուի կամ մոռցուի հայ ժողովուրդին հանդէպ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը: Մենք հայ ժողովուրդէն ներողութիւն կը խնդրենք այն փաստաբաններու պալատի անունով, որուն անդամ ենք»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.