ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Օրինակ, այս պահուն, բազմաթիւ պետութիւններու ղեկավարներ անամօթաբար կը պատրաստուին Ապրիլ 24ին մեկնելու Կալիփոլի, տօնելու համար մէկդարեայ թրքական յաղթանակը, շատ լաւ գիտնալով, որ պիտի մասնակցին կեղծ թուականով արարողութեան մը, որ նախատեսուած է Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումը խափանելու համար:
Հայ ժողովուրդը պէտք է «ամօթի պատ» կառուցէ եւ վրան արձանագրէ անունները աշխարհի ա՛յն ղեկավարներուն, որոնք կը պատրաստուին Ապրիլ 24ին Կալիփոլի երթալու… Իսկ ո՞վ է աւելի մեղաւոր: Նախագահ Էրտողա՞նը, որ երբեք խիղճի խայթ չէ ունեցած մարդու իրաւունքներու խախտման համար, թէ օտարերկրեայ պաշտօնեաները, որոնք պիտի մասնակցին անոր պատրաստած «բեմականացուած» խեղկատակութեան:
Կը թուէր, թէ Էրտողանի դատապարտելի գործողութիւններէն ետք, ինչպէս՝ «Իսլամական պետութեան» աջակցութիւնը, դրամի լուացումը, լրագրողներու բանտարկութիւնը, Պոլսոյ «Կեզի» զբօսայգիի խաղաղ ցուցարարներուն վրայ կրակելու հրաման տալը եւ բազմաթիւ այլ խախտումներ, ան միջազգային հանրութեան կողմէ պիտի դիտուէր իբրեւ մերժելի եւ խորշելի անձնաւորութիւն…
Ցաւօք, կան օտարերկրեայ բազմաթիւ ղեկավարներ, որոնք ջերմ յարաբերութիւններ կը պահպանեն Թուրքիոյ հետ եւ պատրաստ են անկողին մտնելու «սատանայ»ին հետ՝ հետապնդելու համար իրենց խեղաթիւրուած շահերը: Մինչ բազմաթիւ երկիրներ մեղքի իրենց բաժինը ունին, ամէնէն զարմանալին Թուրքիոյ հանդէպ Իսրայէլի ղեկավարներու վարքագիծն է, նկատի առնելով Էրտողանի հակասեմական թունաւոր յայտարարութիւնները եւ հակաիսրայէլական գործողութիւնները… Այդուհանդերձ, հազիւ թէ Իսրայէլի համարձակ վարչապետ Պենճամին Նեթանեահուէն որեւէ քննադատական խօսք կը լսենք Թուրքիոյ ղեկավարի հասցէին: Պէտք չէ զարմանալ, եթէ Նեթանեահուն Կալիփոլի ուղարկէ Իսրայէլի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը…
Իսրայէլի ղեկավարները, քանի մը տասնամեակ է վեր կը հանդուրժեն թրքական լրատուական միջոցներու ցեղապաշտական յայտարարութիւնները, եւ նոյնիսկ կ՛աջակցին Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Թուրքիոյ ժխտողականութեան՝ չուզելով թշնամանալ Թուրքիոյ հետ եւ վտանգել Պոլսոյ մէջ ապրող հրեաներուն կեանքը: Մեզի կ՛ըսէին, թէ Իսրայէլ ստիպուած էր հանդուրժել Թուրքիոյ անվայել պահուածքը, քանի որ անիկա թոյլ կու տար, որ Իրանէն փախչող հրեանեը իր սահմանը հատեն եւ մէկ հրեայի կեանքի փրկութիւնը աւելի կարեւոր էր, քան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Մինչեւ մէկ տասնամեակ առաջ, Իսրայէլի իշխանութիւնները զգոյշ էին որ իրենց որեւէ մէկ քայլը չվնասէ Թուրքիոյ հետ իրենց երկրի ռազմավարական դաշինքին: Այժմ, երբ Թուրքիան դարձած է բացայայտ թշնամական երկիր, Իսրայէլի ղեկավարները ամբողջովին անտրամաբանական դիրքորոշում որդեգրած են. յանկարծ չընել բան մը, որ աւելի պիտի վնասէ Թուրքիոյ հետ «փխրուն» յարաբերութիւններուն…
Անցեալ ամիս, Լոս Անճելըսի «Ճըուիշ Ժուռնըլ»ը Սիմոնէ Ուիլսընը գործուղեց Թուրքիա՝ այնտեղի հրեաներու վիճակին մասին տեղեկագրելու համար: Ան նկարագրեց երբեմնի ծաղկուն հրէական համայնքի մնացորդներուն անյոյս վիճակը. «Հրեաները եւ միւս ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւնները շատ մեծ խտրականութեան կ՛ենթարկուին՝ գոյքային իրաւունքներու, լեզուի եւ կրթութեան ազատութեան, պաշտօններու բարձրացման եւ այլ առումներով»: Հրեայ բնակչութիւնը 500 հազարէն հասած է 17 հազարի եւ կը շարունակէ նօսրանալ: 2003 թուականին, մեծ թիւով հրեաներ հասկցան, որ այլեւս չեն կրնար Թուրքիա մնալ, երբ Պոլսոյ «Նեւէ Շալոմ» եւ «Պեթ Իսրայէլ» սինակոկներուն վրայ ահաբեկչական յարձակումներու հետեւանքով 27 հոգի սպաննուեցան եւ հարիւրաւոր ուրիշներ վիրաւորուեցան: Ուիլսըն կը հաղորդէ, որ «Հանրային ոլորտին մէջ առկայ համատարած հակասեմականութիւնը եւս անժխտելի դեր խաղցած է» հրեաներու արտագաղթին մէջ: «Ըստ Հակազրպարտչական լիկայի (ADL) հարցախոյզին՝ թուրքերուն գրեթէ 70 տոկոսը հակասեմական վերաբերմունք կը տածէ»:
Թուրքիոյ մէջ հրէական փոքրամասնութեան վիճակը հետզհետէ անտանելի կը դառնայ: Անցեալ Սեպտեմբերին, «Պոլսոյ կեդրոնը գտնուող բջիջային հեռախօսներու խանութի ցուցափեղկին վրայ գրուած էր. «Հրեայ շուներուն մուտքը արգիլուած է»», կը նշէ Ուիլսըն: Տեղական հրէական «Սալոմ» թերթի խմբագիր Մոյիս Կապայ գրած է. «Մենք ամէն օր կ՛ենթարկուինք սպառնալիքներու, յարձակումներու եւ հետապնդումներու»: Անցեալ Յուլիսին, քարոզարշաւի մը ընթացքին, Էրտողան հրեաներուն հանդէպ իր ծայրայեղ ատելութիւնը յայտնեց՝ ըսելով. «Անոնք (հրեաները) օրն ի բուն կ՛անիծեն Հիթլերը, սակայն իրենց բարբարոսութեամբ գերազանցեցին Հիթլերը»։ Անգարայի քաղաքապետ եւ Էրտողանի իշխող կուսակցութեան անդամ Մելիհ Կէօքչեք գովաբանեց թուրք երգիչ մը, որ յայտարարած էր. «Թո՛ղ Աստուած օրհնէ Հիթլերը»: Յունուար 27ին, Անգարայի մէջ, Ողջակիզումի յիշատակութեան օրուան նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին նշուեցաւ, որ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք սաստած է Իսրայէլը՝ Կազայի մէջ ժամանակակից ողջակիզում կատարելուն համար:
Թրքական նախատալից վարքագիծին դէմ Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային հանրութեան լռութիւնը ստեղծած է վերահսկողութենէ դուրս եղող հրէշ մը: Բոլոր անոնք, որոնք շփացուցած են Էրտողանը, պարտաւոր են զսպել զայն՝ նախքան անոր իսկական չարիք դառնալը տարածաշրջանին եւ աշխարհին համար:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը
patits vochinch che tesank.