
Յունաստանի Դեսաղոնիկէ քաղաքի «Մրկարոն Մուսիքիս» համերգասրահին մէջ Ապրիլ 1-6 իրականացաւ Մանկական երգչախումբերու հինգերորդ փառատօնը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով այս տարի նուիրուած է Հայաստանին:
Իբրեւ յատուկ հիւր, Հայաստանը փառատօնին ներկայացուց «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբը՝ Տիգրան Հեքեքեանի ղեկավարութեամբ: Երգչախումբի մասնակցութիւնը փառատօնին նախաձեռնուած եւ համակազմակերպուած էր Համազգայինի Դեսաղոնիկէի մասնաճիւղին եւ Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպանութեան կողմէ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովին եւ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ:
Ապրիլ 3ին կայացաւ երգչախումբին համերգը, որուն ներկայ եղան Յունաստանի խորհրդարանի անդամներ, նահանգապետարանի, Դեսաղոնիկէի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ, Դեսաղոնիկէի հայ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ եւ անդամներ:
Ներկայացուեցան Կոմիտասի, Դաւիթ Հալաճեանի, Ստեփան Շաքարեանի, Երուանդ Երկանեանի, ինչպէս նաեւ արտասահմանեան հեղինակներու գործեր:
Ապրիլ 4ին եւ 5ին երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Տիգրան Հեքեքեան վարպետութեան դասեր իրականացուց փառատօնին մասնակից յունական երգչախումբերուն հետ:
Իսկ Ապրիլ 6ին կայացաւ փառատօնի «կալա» համերգը՝ մասնակից ութ երգչախումբերու կատարողութեամբ եւ Տիգրան Հեքեքեանի խմբավարութեամբ: Համերգի աւարտին երգչախումբերու 550 սաները կատարած են Էդգար Յովհաննիսեանի «Երեւան Էրեբունի», Ստեփան Շաքարեանի «Մուշ», Սա Միլերի «Let There Be Peace on Earth» ստեղծագործութիւնները:
«Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբի կատարումները եւ խմբավար Հեքեքեանի աշխատանքը արժանացած են բարձր գնահատանքի յոյն արուեստագէտներուն եւ հանդիսատեսներուն կողմէ: