«Մենք շատ լաւ յարաբերութիւններ ունենք Վրաստանի հետ եւ պարտաւոր ենք յարգանքով վերաբերուել մեր հարեւանի ընտրութեանը: Մենք գտնում ենք, որ իւրաքանչիւր երկիր, տարբեր միութիւններ ընդգրկուելիս կամ իր ազգային գերակայութիւնները սահմանելիս, այնուամենայնիւ, պէտք է ելակէտ ունենայ այն, որ դա բացասաբար չազդի տարածաշրջանում տիրող ընդհանուր իրավիճակի վրայ: Մեր ելակէտն այն է, որ անվտանգութիւնն անբաժանելի եւ փոխլրացնող է», ըսած է նախագահ Սարգսեան։
Նախագահը դիտել տուած է, որ 21րդ դարուն այնքան մարտահրաւէրներ կան, որ պետութիւնները պարզապէս ի վիճակի չեն առանձինն պայքարելու այդ մարտահրաւէրներուն դէմ, եւ միութիւններու մէջ այս իմաստով ներգրաւուիլը իսկապէս անհրաժեշտութիւն կը դառնայ:
Հայաստանի նախագահին համաձայն՝ ներկայիս կարեւորագոյնը այն է, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը միութեան մը, եւ Վրաստանի անդամակցութիւնը կամ համագործակցութիւնը այլ միութեան մը հետ պատճառ պիտի չդառնայ տարածաշրջանին մէջ տիրող կացութեան վատթարացման: «Վրաս-տանի դիրքորոշումից չափազանց շատ բան է կախուած մեր երկրներում կայունութեան պահպանման առումով: Ես համոզուած եմ, որ չի գայ այն ժամանակը, երբ մենք վատ յարաբերութիւններ կ՛ունենանք Վրաստանի հետ հէնց այդ պատճառով: Կարծում եմ, իրավիճակը նոյն կերպ է ընկալում նաեւ Վրաստանի ղեկավարութիւնը», շեշտած է նախագահ Սարգսեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.