Միաժամանակ, Պայըք ըսաւ. «Մենք այլեւս «կը բաւէ» կ՛ըսենք պատերազմին։ Պատերազմելով ո՛չ մենք բան մը շահեցանք, ո՛չ ալ Թուրքիան։ Միտքիս մէջ այլեւս անկախ Քիւրտիստանի մը պատկերացումը չկայ։ Մեր նպատակը պիտի ըլլայ քաղաքական գետնի վրայ լուծումներ գտնել»։ Պայըք դիտել տուաւ, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան պայքարը այժմ ինքզինք «Իսլամական պետութիւն» կոչող կազմակերպութեան դէմ է, յատկապէս՝ Սինճարի մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.