ՓԻՔՕ ՌԻՎԵՐԱ.- Իրենց ուսուցիչին՝ Հայկ Շահինեանի ղեկավարութեամբ, «Մեսրոպեան» վարժարանի աշակերտները վերջերս ամբողջութեամբ նոր համակարգիչ մը կազմած են, որ պիտի յատկացուի վարժարանին տարեգիրքը պատրաստելու աշխատանքին, ինչպէս նաեւ տեսանիւթերու արտադրութեան։
Այս իրագործումը շօշափելի արդիւնք մըն էր «STEAM» դասանիւթերուն՝ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան, արուեստի եւ ուսողութեան վրայ յաւելեալ շեշտ դնելու վարժարանին որոշումին, որուն շնորհիւ վարժարանին համակարգչային եւ ստեղծագործական սարքաւորումները կ՛արդիականացուին։
Այս նպատակին նեցուկ կանգնելու համար, վարժարանի չորս յաջողակ շրջանաւարտներու ծնողները յատկանշական նուիրատուութիւն մը կատարած են։
Հայկ Շահինեան «Մեսրոպեան»ի 1998ի շրջանաւարտներէն է, որ համակարգչային գիտութեանց մարզին մէջ մասնագիտացած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.