Մանկասարեան ծրագիրին մասին տեղեկութիւններ ստացած է իր բարեկամներէն՝ Ս. Ներսէս ընծայարանի Հոգաբարձութեան անդամ՝ Հայկ Արիայեանէն ու շինարարութեան աշխատանքը համադրող Զաւէն Թաշճեանէն։
Նոր համալիրը կը կառուցուի Նիւ Եորքի Արմանք շրջանին մէջ, որուն մօտէն ծանօթ է նուիրատուն, անոր շրջակայքը ապրած ըլլալով վերջին 35 տարիներուն։
Թորոս Մանկասարեան գործօն անդամ մըն է Նիւ Եորքի Ուայթ Փլէյնզ քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ։ Ան 1970ին Լիբանանէն Նիւ Եորք հաստատուած է։
Ս. Ներսէս ընծայարանի մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել՝ www.stnersess.edu կայքը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.