ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմՌադիօ».- Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ Հայրենական մեծ պատերազմին արձանագրուած յաղթանակի 70ամեակին նուիրուած երաժիշտ-կատարողներու «Վերածնունդ» միջազգային 7րդ մրցում–փառատօնը սկսաւ 10 Ապրիլին: Գիւմրիի մշակութային եւ ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ 14 անուանակարգերու մէջ հանդէս պիտի գան 36 երկիրներու շուրջ 3000 մասնակիցներ: Բացի մրցութային հանգրուանէն, մասնակիցները կարելիութիւն ունին վարպետութեան դասեր առնելու դատական կազմի հեղինակաւոր անդամներէն:
Մրցոյթ-փառատօնի կազմակերպիչներն են՝ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը, Մարդկային պաշարներու զարգացման «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամը, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի Գիւմրիի մասնաճիւղը եւ «Վերածնունդ» միջազգային մրցոյթ-փառատօնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.