ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած պատարագի իր քարոզին մէջ Հռոմի Ֆրանսիս պապը արտասանեց «ցեղասպանութիւն» բառը՝ Հայոց Մեծ եղեռնը համարելով 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը:
Հռոմի Պապի այս ելոյթին պատճառով Թուրքիան ետ կանչեց Վատիկանի իր դեսպանը՝ «խորհրդակցութիւններու» համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.