«Ղարաբաղը իսկապէս պէտք է ըլլայ բոլորիս մտահոգութեան առարկան, քանի որ անիկա կը վերաբերի այնպիսի քաղաքացիներու, որոնք ԵՄ անդամ եւրոպական 47 երկիրներու ընտանիքի անդամ են: Երկխօսութիւնը միակ ելքն է, որուն օգնութեամբ պէտք է լուծում գտնուի: Բռնութիւնը երբեք պէտք չէ ըլլայ պատասխանը», յայտարարած է ԵԽԽՎի նախագահը:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման առնչութեամբ իր համեստ ներդրումը ունենալու համար Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ ԵԽԽՎի զեկոյց կը պատրաստէ: Ըստ անոր՝ այդ փաստաթուղթը միջամտութիւն պիտի չըլլայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի աշխատանքներու գործընթացին, եւ իրենց կողմէ առաջարկի ձեւով պիտի ներկայացուի անիկա, քան՝ ցուցումի:
Անն Պրասէր ընդգծած է, որ հաւասարակշռուած զեկուցում ունենալու համար ԵԽԽՎի մէջ հայկական պատուիրակութեան խորհուրդ կու տան մասնակցիլ այդ գործընթացին:
Նշենք, որ Հայաստան այցելութեան ծիրին մէջ Անն Պրասէր հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի, խորհրդարանի նախագահ Գալուստ Սահակեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:
Անն Պրասէր հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու, ԵԽԽՎի մէջ հայկական պատուիրակութեան անդամներուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Նախատեսուած է նաեւ ԵԽԽՎի նախագահին հանդիպումը Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողներուն հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.