Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ան դիտել տուած է, որ այս տարուան առաջին եռամսեակին 13.8 տոկոսով նուազած են արձանագրուած յանցագործութիւնները՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով: «95ով նուազել է ծանր յանցագործութիւնների թիւը, փոխարէնը աճել է առանձնապէս ծանր յանցագործութիւնների թիւը. նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածում գրանցուել է 35, այս տարի 53 դէպք: Առանձին դէպքերով նուազել են գողութիւնների, աւազակային յարձակումների եւ ճանապարհային երթեւեկութեան կանոնները խախտելու դէպքերը», յայտնած է ան։
Փոխոստիկանապետը ըսած է, որ, նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, աւելցած է սպանութիւններու թիւը: «Նախորդ տարի գրանցուել էր սպանութեան 14, իսկ այս տարի՝18 դէպք, սպանութեան փորձերի՝ 6, այս տարի՝ 13 դէպք»:
Պօղոսեանի համաձայն՝ աւելցած են նաեւ դիտաւորութեամբ առողջութեան ծանր վնաս պատճառելու, մահուան ելքով ճանապարհային երթեւեկի կանոնները խախտելու, կեղծ արժեթուղթեր պատրաստելու, պահելու եւ սպառելու դէպքերը:
Ոստիկանապետին տեղակալ նաեւ նշած է, որ հաշուետու ժամանակահատուածին բարձրացած է յանցագործութիւններու բացայայտման արդիւնաւէտութիւնը: Այդ իմաստով ամէնէն լաւ ցուցանիշը արձանագրուած է Երեւանի մէջ, ապա՝ Արմաւիրի մարզի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.