ՍԱՆԹԱ ՊԱՐՊԱՐԱ.- Ուրբաթ, Ապրիլ 17ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Սան Լուի Օպիսպոյէն երեք անգամ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ ընտրուած Խաչօ Աշաճեան պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ իր թեկնածութիւնը դրած է 2016ի քոնկրեսական ընտրութեանց։
Աշաճեան ընտրապայքարը սկսած է Քոնկրեսի մէջ ներկայացնելու համար նահանգին 24րդ ընտրատարածքը։
Խաչօ Աշաճեան վերջին 40 տարիներուն ապրած է քոնկրեսական 24րդ ընտրատարածքէն ներս եւ մօտէն ծանօթ է շրջանին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ իբրեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ արդէն իսկ փաստած է, թէ կարողութիւնը ունի լաւապէս ներկայացնելու շրջանին քաղաքացիները եւ պաշտպանելու անոնց իրաւունքները։
Քոնկրեսական 24րդ ընտրատարածքը ներկայիս կը ներկայացուի Լոիս Քեփսի կողմէ, որ վերջերս յայտարարած էր, թէ որոշած է հեռանալ Քոնկրեսէն, իր պաշտօնավարութեան աւարտին։