ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած արուեստի մրցանքի արդիւնքները հրապարակուած են Ապրիլ 15ին. անոր երկու տարբեր բաժանմունքներուն մէջ առաջնութիւնը խլած երկու ստեղծագործութիւնները սկսած են ցուցադրուելու Լոս Անճելըս քաղաքի DASH հանրակառքերուն վրայ:
Երկրորդ դիրքը շահողները պիտի ստանան 100ական տոլարի նուէրներ, նուիրուած «Քարթըր Սեքսթըն» ընկերութեան կողմէ։
Մրցանակներ շահած արուեստագէտներն ու դատակազմի անդամները պիտի մեծարուին Ապրիլ 22ին կայանալիք Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի ժողովին ընթացքին։
Ստորեւ մրցանակակիրները.
– Գլխաւոր մրցանակ՝ Նայիրի Պաղտասարեանի (Ֆարմինթըն Հիլզ, Միշիկըն) «Հպարտութիւն վերապրողի աչքերուն մէջ» գործը:
– 2րդ եւ 3րդ՝ Արփի Գրիգորեանի (Փասատինա) «Արեւածագ»ը եւ Քարլա Ռիվասի (Նորթ Հոլիվուտ) «Դիւրաբեկ պուպրիկ»ը։
– Ուսանողական բաժանմունքի գլխաւոր մրցանակը՝ Քաթիա Ուրֆալիի, Անի Պէրպէրեանի եւ Արուս Պօղոսեանի (Կլենտէյլ) «Մինչեւ դու երբեք չմոռնաս»ը
– 2րդ եւ 3րդ՝ Հսու Սոնկի (Նորթ Հոլիվուտ) եւ Յարութ Մեսելճեանի (Նորթ Հոլիվուտ) ստեղծագործութիւնները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.