«ԿԸ ՅԻՇԵՄ, ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ»
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Երեքշաբթի Ապրիլ 8, առաւօտեան ժամը 10ին, Կլենտէլի մէջ գործող Լոս Անճելըս գաւառի ընկերային ծառայութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած կոկիկ եւ տպաւորիչ ձեռնարկ մը, կազմակերպուած՝ Կեդրոնի հայ պաշտօնեաներուն կողմէ:
Լոս Անճելըս Գաւառը ունի շուրջ 11 միլիոն բնակչութիւն, 88 քաղաք, եւ 134է աւելի շրջաններ աւաններ: Այս Գաւառին մէջ կը գործեն 34 բաժանմունքներ՝ 80 հազար պաշտօնեաներով, կրթական, դատական, ընկերային ծառայութեան, առողջապահական, հրշէջներու, եւայլն: Ընկերային ծառայութեան բաժինը ունի շուրջ 40է աւելի կեդրոններ եւ բաժանմունքներ: Կլենտէյլի կեդրոնը ունի մօտ 450 պաշտօնեայ, որոնց մէջ նկատառելի թիւ մը կը կազմեն ամերիկահայերը:
Հանդիսութիւնը սկսաւ ամերիկեան եւ հայկական օրհներգներու երգեցողութեամբ: Այդ օր իրենց ներկայութեամբ ձեռնարկը կը պատուէին քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի ներկայացուցիչ՝ Մարի Յովակիմեան, որ բերած էր քոնկրեսականին վիտէոյի վրայ նկարահանուած սրտի խօսքը, որ ցուցադրուեցաւ այդ օր Մարի Յովակիմեանի կողմէ եւ արժանացաւ ներկաներու ջերմ ծափահարութիւններուն: Ներկայ էին Լոս Անճելըս Գաւառի վերակացու՝ Մայք Անթոնովիչի ներկայացուցիչը՝ Ռիթա Հաճի Մանուկեան, որ սրտի խօսքէն ետք յիշեց, որ հռչակագիր մը պատրաստուած է այս առիթին համար, որ պիտի ղրկուի շուտով: Անձամբ ներկայ էին Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, սքանչելի հրապարակախօս Փօլ Գրիգորեան, Կլենտէյլի երիտասարդ խիստ համակրելի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան, Կլենտէյլի կեդրոնի ղեկավարներէն Կիյերմօ Արսի եւ Իվոն Փորթիօ, ընդհանուր տնօրէնուհիի տեղակալը՝ Division Head-ը:
Հանդիսավարուհի Աննա Ղազարեան բարի գալուստի տպաւորիչ եւ գեղեցիկ խօսքերով ողջունեց ներկայ բարձրաստիճան հիւրերն ու հոծ թիւով հանդիսականները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց կեդրոնի տնօրէնին, նման ձեռնարկ մը արտօնելուն համար: Ապա, Աննա Ղազարեան յաջորդաբար ելոյթ ունենալու համար հրաւիրեց բարձրաստիճան հիւրեր արուեստագէտներ:
Բոլոր խօսողները մեծապէս գնահատեցին DPSS ի կեդրոնէն ներս կազմակերպուած այս ձեռնարկի պատասխանատուները: Անոնք շեշտեցին, թէ հայ ժողովուրդը այս տարի որդեգրած է «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» լոզունգը: «Հայ ժողովուրդը, հակառակ իր դիմագրաւած հրէշային սպանդին, շնորհիւ իր ապրելու կամքին, աշխատասիրութեան եւ հայրենիքին, այսօր աշխարհի վրայ 10 միլիոն հայ կ՛ապրի, կը ստեղծագործէ» ըսաւ Փօլ Գրիգորեան:
Գեղարուեստական բաժինին մասնակցեցան դուդուկահար Յարութիւնեան եղբայրները, պարով ելոյթ ունեցաւ Կլենտէյլին հանրածանօթ Վանուշ Խանամիրեան պարախումբի մենապարուհի Աննա Թորոսեան: Թէ՛ նուագողները թէ՛ մենապարողը արժանացան ներկաներու երկարատեւ ծափահարութեան:
Վերջաւորութեան, բոլոր ներկաները հիւրասիրուեցան կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ:
Այդ օր, որպէս նմուշներ ցուցադրուեցան Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ հայ մշակոյթէն նկարներ, որոնք պատրաստուած էին գաղութիս Միացեալ մարմնին կողմէ, անգլերէն լեզուով, ծագումով ոչ հայ պաշտօնեաներուն համար:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք այս ձեռնարկը կազմակերպող բոլոր պատասխանատուները՝ գլխաւորութեամբ Ռիմա Յակոբեանի, Վահագն Աբգարեանի, Ճորճ Մարտոյեանի, Շաքէ Յովսէփեանի եւ նկարիչ Սարգիս Արապեանի:
Արդարեւ, Սփիւռքի մէջ ապրող հայերուն առաջին գործն է հայ մնալ, ապա Հայաստանը, հայ մշակոյթը եւ մանաւանդ Հայ Դատը ծանօթացնել իրենց ապրած երկիրներու ժողովուրդներուն: Այս ձեռնարկը հոյակապ մէկ օրինակն է սփիւռքահայու ազգանուէր աշխատանքներուն:
Թող մեր նահատակներու յիշատակը յաւերժ ապրի մեր բոլորի սիրտին ու մտքին մէջ:
Բոլորին վարձքը կատա՛ր: