ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
Մեծարանքի յայտագիրին ընթացք տուաւ ԹՄՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչութեան ժրաջան անդամ, գրականագէտ Լիլիթ Քէհէեան, որ հանգամանօրէն ներկայացուց մեծարեալը, որ վերջին ութ տարիներուն ստանձնած է նաեւ Մայր Աթոռի թանգարանի տնօրէնութիւնը։
Յայտագիրին առաջին խօսք առնողը հրաւիրելէ առաջ, Քէհէեան յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց Խաչատրեանի երկու հին բարեկամներ՝ Աւետիս Բայրամեանը, որ Երեւանի մէջ սրտակից հարեւանը եղած է մեծարեալին ու քանդակագործ, նկարիչ Վահրամ Յովակիմեանը՝ մեծարեալին սրտակից բարեկամը, որպէսզի սրտի կարճ խօսքերով վերյիշեն անմիջական անցեալը։
Յայտնի ճարտարապետ Սարգիս Պալմանուկեան, որ իր երեւանեան ուսանողական կեանքին ընթացքին մօտէն ծանօթացած է Խաչատրեանին, հակիրճ խօսքերով ներկայացուց Խաչատրեանի կեանքն ու հարուստ վաստակը, որուն անբաժան ու կարեւոր հանգրուանը հանդիսացած է Մարտիրոս Սարեանի արուեստի թանգարանի պատասխանատուութիւնը։ Իր հատու խօսքերով, Պալմանուկեան շեշտեց կարեւորութիւնը Շահէն Խաչատրեանի բեղուն աշխատանքին, որուն բարիքները կը վայելեն արուեստի գործիչները թէ՛ խորհրդային եւ թէ՛ հանրապետական ժամանակներուն։
Շահէն Խաչատրեան ամփոփ կերպով ներկայացուց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով վերստին հրատարակուած հատորին իմաստը, որուն խորքին կան հայ գեղանկարչութեան բազմաթիւ նկարիչներու գործերը՝ զանգուածային սպանութիւնները դատապարտող։ «Ցաւին Գոյնը» գիրքին մէջ տեղ գրաւած են Յովհաննէս Այվազովսքիի, Լեւոն Թիւթիւնճեանի, Մարտիրոս Սարեանի, Մինաս Աւետիսեանի, Գլոտ Մութաֆեանի, Ժանսեմի եւ բազմաթիւ ուրիշներու հիանալի պաստառներու արտատպումները, իրենց որակաւոր արժեւորումներով։ Եղեռնի անդրադարձը՝ հայ նկարչութեան վրայ, իր հարուստ գունաւորումներով, ներկաներուն վայելքին վերածուեցաւ։ Խաչատրեան, խօսքը վերածելով սահիկներու ցուցադրութեան, շուրջ երեք քառորդ ժամը տրամադրեց իր հաւաքածոյին 55 նկարներու բացատրութեան։
Յայտագիրի աւարտին, բազմաթիւ արուեստասէրներ գնեցին Խաչատրեանի տարբեր ժամանակներուն հրատարակած բազմաթիւ գործերէն, որոնք տրամադրուած էին «Ապրիլ» գրատան տնօրէն Առնօ Երէցեանի կողմէ։