
ԵՐԵՒԱՆ, «Ալիք», «Փանորամա».– Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամմետ Ռէյիսին «Արմէնիա» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին դիտել տուած է, որ Հայաստան իրանական կազը Եւրոպա արտածելու ապահով եւ տնտեսապէս ձեռնտու ճանապարհ է։ Անոր համաձայն՝ Իրան աշխարհի մէջ ունի կազի մեծագոյն պաշարները. բնական է, որ Իրանը իր կազի արտածման համար նոր շուկաներ ու միջոցներ փնտռէ։
Անդրադառնալով հայ-իրանեան տնտեսական յարաբերութիւններու հեռանկարին՝ ան դիտել տուած է. «Հայ-իրանեան յարաբերութիւնները փոփոխութեան չեն ենթարկուած անկախացումէն ի վեր, մենք շատ լաւ յարաբերութիւններ ունինք: Թէեւ Իրանի նկատմամբ շատ խիստ պատժամիջոցներ կիրարկուած են, սակայն Հայաստանի հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ փոփոխութիւն չէ արձանագրուած»:
Ըստ անոր՝ վերջին 24 տարիիդրացիներէն Հայաստանի հետ ունեցած է լաւագոյն կապերը։ Ան դիտել տուած է, որ պէտք է վստահ ըլլանք, որ տնտեսական պատժամիջոցներու վերացումէն ետք այն խնդիրները, որոնք գոյութիւն ունէին տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ, պիտի վերանան եւ «մենք կեանքի պիտի կոչենք Հայաստանի հետ ձեռք բերուած մեր բոլոր պայմանաւորուածութիւնները»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կազի ոլորտին մէջ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ կնքուած համաձայնագիրը կրնա՞յ խոչընդոտել հայ-իրանեան ուժանիւթային նախագիծերուն՝ դեսպանը ըսած է. «Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ պայմանագիրը կնքուած է շուրջ 20 տարուան ժամկէտով. նկատի ունենալով Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը՝ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ կնքուած պայմանագիրը փոփոխութեան չէ ենթարկուած, անիկա կը պահպանուի»: