ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 20 Ապրիլին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի անդամները տուած են մամլոյ ասուլիս մը: Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան նշած է, որ արդէն ընթացք առած է նախաձեռնութիւններու հիմնական եւ գլխաւոր շաբաթը: Ան մանրամասն ներկայացուցած է յայտագիրը, ժամանակացոյցը եւ նախաձեռնութիւններու մասնակցութեան կարգը:
Սարգսեանի համաձայն՝ սկսած է նաեւ հանրային իրազեկման մեծ արշաւ: Հիմնական նախաձեռնութիւնները պիտի սկսին 22 Ապրիլին սկիզբ առնող՝ «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան ֆորում» հասարակական-քաղաքական համաժողովով: «Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի հիմքում չորս գաղափարախօսական սիւներ են՝ յիշողութիւն, երախտագիտութիւն, միջազգային պայքար եւ վերածնունդ: Այս համաժողովը երրորդ հիմնական՝ միջազգային պայքարի բաղադրիչ մասն է, այն նուիրուած է լինելու ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեանը, այլեւ, առհասարակ, ցեղասպանութիւնների դէմ միջազգային պայքարին», դիտել տուած է ան: Վիգէն Սարգսեան նշած է, որ երկօրեայ համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, պիտի մասնակցի շատ ներկայանալի կազմ: Երկրորդ օրը հիմնականին մէջ յատկացուած պիտի ըլլայ խորհրդարանական ձեւաչափին. պիտի մասնակցին տարբեր երկիրներէ պատգամաւորներ: 21 Ապրիլի երեկոյեան պիտի կայանայ նախաձեռնութիւններու պաշտօնական բացում՝ Ցեղասպանութեան հիմնարկ-թանգարանի վերաբացուած շէնքին մէջ: Վիգէն Սարգսեան դիտել տուած է, որ թանգարանը ամբողջութեամբ ձեւափոխուած է՝ ցուցադրութեան տարածքը ընդարձակուած՝ եռապատկուած, եւ ստացուած է շատ տպաւորիչ պատկեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.