Տիկին Ելիզաւէտան 3 տարի առաջ ինքնաշարժի արկածի ենթարկուած է եւ շարժելու լուրջ դժուարութիւններ ունէր: Կնոջ խնդիրները արդէն լուծուած են: Բժիշկները խոստացած են, որ 6 շաբաթ ետք արդէն ինք լիովին կազդուրուած կ՛ըլլայ եւ շատ բարդ կացութենէն դուրս եկած՝ հմուտ մասնագէտներու կողմէ յաջողութեամբ իրականացուած վիրահատութենէն ետք:
Ելիզաւէտա Մկրտչեան մէկն է այն 17 հիւանդներէն, որոնք վիրահատութեան ենթարկուած են Միացեալ Նահանգներէն ժամանած վիրաբոյժներուն կողմէ: «Երեք տարի առաջուայ աւտովթարից յետոյ ես տանջւում էի: Քայլել չէի կարողանում: Ապրիլի 14ին վիրահատուել եմ: Այժմ ինձ լիարժէք մարդ եմ զգում: Ի հարկէ՝ ցաւեր ունեմ, բայց զգում եմ, որ կարող եմ յենուել ոտքիս վրայ», նշած է ան։
Ինչպէս տիկին Ելիզաւէտա, այնպէս ալ տիկին Յասմիկ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնած է «Նայիրի» բժշկական կեդրոնին, որ ընտրուած է անվճար գործողութիւններու կատարման համար՝ հաշուի առնելով թէ՛ հաստատութեան բարձրակարգ պայմանները, եւ թէ մասնագէտներու պատրաստուածութեան բարձր մակարդակը:
Վիրահատութիւնները կը կատարեն Սան Տիէկօ քաղաքի «Սքրիփս Կրին» բժշկական կեդրոնի վիրաբոյժ Սթիվըն Քոփը եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սան Տիէկօ քաղաքի «Moor» քաղցկեղի կեդրոնի (UC San Diego Moores Cancer Center) օրթոփետիք բաժանմունքի ղեկավար, փրոֆեսէօր Աննա Քուլիճեան: Բոլոր վիրահատութիւնները կը կատարուին Stryker համաշխարհային բժշկական ընկերութեան վիրահատական գործիքներով եւ ծնկային յօդերու իմփլանթներով, զորս ընկերութիւնը տրամադրած է Trek2share բժշկական բարեսիրական ծրագիրով։
Աննա Քուլիճեանի համաձայն՝ այս ծրագիրը առիթ կու տայ օգնելու յօդային խնդիրներէ տառապող մարդոց, որոնք սուղ վիրահատութիւններու եւ յօդերու փոխարինման կարելիութիւն չունին։
Բժիշկ Քոփ երկրորդ անգամ ըլլալով Հայաստան կ՛այցելէ: Քալիֆորնիոյ մէջ բացառիկ վիրաբուժական միջամտութիւններու բացառիկ յաջողութիւններով նշանաւոր մասնագէտը իր մէկ շաբթուան այցելութեամբ գիտցած է, որ հայ մասնագէտները «հմուտ ձեռք» ունին:
«Այստեղ բազմաթիւ լաւ մասնագէտներ կան, բայց անոնք չունին այն կարելիութիւնները, զորս մենք ունինք Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Միայն վիրահատութիւններու թիւի տարբերութիւնը կը խօսի այդ մասին։ Տարեկան ծունկի շուրջ 15 հազար վիրահատութիւն կը կատարուի, իսկ Հայաստանի մէջ՝ միայն 300», նշած է ամերիկացի բժիշկը։
Ծնկոսկրի վիրահատութեան կարիք ունեցող հիւանդները այս նախաձեռնութեան մասին տեղեակ եղած են յայտարարութիւններէն եւ արձանագրուած են։ Միացեալ Նահանգներէն եկած մասնագէտները իրենք ճշդած են, թէ ո՛ր հիւանդները պէտք է ենթարկուին վիրահատութեան։ 17 հոգիի վիրահատութիւնը՝ իր ծախսերով ու շինծու սարքերով ընդհանուր առմամբ արժած է շուրջ 500 հազար տոլար:
Մասնագէտները կը խոստանան կրկին Հայաստան գալ՝ դիտել տալով, որ մինչ այդ հիւանդները կրկին կրնան արձանագրուիլ։ Բժշկուհի Աննա Քուլիճեան յայտնած է, որ բժշկութիւնը օրէ օր նոր նուաճումներ կ՛ունենայ՝ աւելցնելով, որ իրենք նաեւ կը փորձեն նպաստել նոր ձեռքբերումներու տարածման ու մասնագէտներու վերաորակաւորման, որովհետեւ ատիկա մարդոց կեանքը կը փրկէ եւ նոր որակ կու տայ անոնց կենցաղին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.