ՎԱՀԷ ԹԱՇՃԵԱՆ
Պէտք է ըսել որ մեծ յոյսեր չեմ կապած ձեռնարկին յաջողութեանը, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ այսպիսի նախաձեռնութիւն մը յարաբերաբար նոր է, շատերու համար դժուար ըմբռնելի է, յաճախ բարդ է բացատրել անհատի մը թէ տան մէկ անկիւնը գտնուող հնամաշ իրը՝ տարիներ առաջ մահացած մեծ հայրիկէ մը կամ մեծ մայրիկէ մը մնացած, խորքին մէջ ժառանգային գանձ մըն է: Առարկան 100 եւ աւելի տարիներէ ի վեր ընկերացած է ընտանիքին՝ հայրենի տունէն մինչեւ այսօրուայ իր կայքը, ճամբուն վրայ անցնելով զանազան քաղաքներէ ու երկիրներէ: Առաջին տէրերը արդէն շատոնց մահացած են, իրը ներկայիս անոնց շառաւիղներուն կը պատկանի, ներկայ է, շօշափելի է, վերապրող մըն է եւ իր մէջ կը խտացնէ ընտանեկան մանրապատմութիւն մը, որ օսմանեան հայերու մէկ դրուագն է տասնեակ հազարաւոր ուրիշներու կողքին:
2012ի ամրան այսպիսի ձեռնարկ մը «Յուշամատեան»ի խումբը արդէն կազմակերպեց Լիբանանի մէջ, 2014ին ալ նմանօրինակ աշխատանք մը տարինք Երեւանի մէջ՝ աշակերտական տարիքի տղոց ու աղջիկներու հետ: Այս նոյն բանն է, որ Նոյեմբեր 1ին եւ 2ին կը կազմակերպենք «Անաքօ» տափանաւին վրայ: Ժամը առտուայ 11ն է: Վերժին Քերովբեան արդէն տափանաւին դռները բացած է: Կը մտնեմ, բոլոր մեքենաները պատրաստ են. scanner, թուայնային լուսանկարիչ մեքենայ: Ծրագիրն է՝ բերուած առարկաները, հին լուսանկարները կամ թուղթերը տեղւոյն վրայ թուայնացնել ու անմիջապէս վերադարձնել իրենց տէրերուն: Քիչ ետքը կու գայ նաեւ Սանահինը, որ երկու տարի առաջ մեր խումբին օգնած էր Լիբանանի ձեռնարկին, իսկ հիմա Փարիզ կ՛ուսանի եւ դարձեալ սիրայօժար եկած է մեր աշխատանքին աջակցելու:
Շուտով կէսօր կ՛ըլլայ եւ տակաւին ոչ մէկը ներկայացած է, ոչ մէկ առարկայ, ոչ մէկ լուսանկար: Ֆրանսայի տարածքին տօնական օր է, պայծառ երկինք, շատեր Փարիզէն դուրս եկած են: Մենք ալ նաւուն վերի բացօթեայ յարկը կը բարձրանանք եւ արեւոտ օր մը կը սկսինք վայելել: Վերժինին եւ Արամին հետ զրոյցի հետաքրքրական նիւթերը չեն պակսիր: Ատեն-ատեն «Անաքօ» տափանաւը կ՛երերայ կողքէն անցնող նաւերուն ստեղծած ալիքներէն: Հանգիստ ենք, թէեւ ծրագիրը ձախողութեան մը նախանշանները կու տայ… Բայց ինչ ընենք, դիւրին բան չէ գանձ գտնելը, ժառանգութեան գանձեր: Կը նմանի հոսանքն ի վեր թիավարելուն, ժամանակին դէմ: Տափանաւը խարիսխ նետած է Սենին մէջ, նաւուն նման շատ մը հայեր ալ ժամանակին խարիսխ նետեցին այս քաղաքին մէջ, ամէն մէկը իր պատմութեամբ: Սենին ջուրը համրաքայլ կը հոսի դէպի ծով: Ո՞ւր են այս ընտանիքներուն գանձերը: Ամէն ինչ գեղեցիկ կ՛երեւի Սենի ափին, արեւուն տակ նստիլը վայելք մըն է նոյեմբերեան այս եղանակին: æուրը բռնած է ծովու ճամբան, այսպէս կը հոսի դարերէ ի վեր: Ի՞նչ կը կարծենք մենք մեզի, գանձ գտնելու համար պէ՛տք է հոսանքն ի վեր ընթանալ: Զուրկ ենք նոյնիսկ այս ընթացքը ընող շնորհքով նաւէ մը: «Անաքօ»ն մշտական խարիսխ նետած նաւ մըն է, անշարժացած, հնազանդ: Չի շարժիր, կամ աւելի շատ տարին միայն մէկ անգամ՝ այն ալ չժանգոտելու համար:
Ուրիշ հիւր մը. տիկինը հետը բերած է Սթանոսէն (Անգարայի արեւմուտքը) ընտանեկան պատկեր մը: Սքանչելի է, ընտանիքի հինգ անդամներ մէկ պատկերի մէջ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրին հագուստը խառնուրդ մըն է արդիի եւ աւանդականի. ֆէս, եւրոպական տաբատ, շալուար, շրջազգեստ իրար կը խառնուին այս հիանալի պատկերին մէջ: Ասոր կողքին տիկինը մեր տրամադրութեան տակ կը դնէ բազմաթիւ կալուածաթուղթեր (թափու) նոյն սթանոսեան ընտանիքին պատկանող:
Դադար չկայ. հոսանքն ի վեր սկսած ենք բարձրանալ: Կը ներկայանայ տիկին մը, որուն հայրը մինչեւ 1921 ապրած է Պոլիս: Ինք կը բնակի տափանաւին շատ մօտիկ: Երբ լսեր է նիւթեր հաւաքելու մեր աշխատանքին մասին՝ անմիջապէս պրպտեր է հօրմէն մնացած հին թուղթերը: Եկած է կռնակի խոշոր պայուսակով մը, որ բերնէ բերած լեցուն է: Նիւթերէն շատերուն առաջին անգամն է որ ան ձեռք կու տայ: Շատ արագ կը պարզուի, որ գործ ունինք չափազանց բծախնդիր եւ կարգապահ անձի մը թուղթերուն հետ, այնքան որ պոլսական իր կեանքին վերաբերող գրեթէ ամէն վաւերաթուղթ բերած է իր հետ Փարիզ: Ժան Ինճիճեան է անունը: Թուղթերուն մէջ կան 1919-1921 տարիներէն մնացած ելեկտրական կամ ջուրի հաշիւներ, ստացագիրներ, ՀՄԸՄ մարզական միութեան անդամակցութեան ամսավճարներ, ապահովագրական պայմանագրեր, բազմաթիւ նամակներ:
Շատ հաւանական է որ Ժան Ինճիճեան ունեցած է իր սեփական լուսանկարչական մեքենան, որովհետեւ այդ տարիներէն մնացած կան տասնեակներով լուսանկարներ, որոնց մեծամասնութիւնը քաշուած են դուրսը, Պոլսոյ տարբեր վայրերուն մէջ: Իսկ այս բոլոր թուղթերուն մէջ կայ նաեւ սեւ կողքով նոթատետր մը: Կարճ ակնարկ մը եւ ի յայտ կու գայ, որ Ժան Ինճիճեան Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ծառայած է օսմանեան բանակին մէջ, իսկ սեւ տետրակն ալ բանակայինի իր յուշերն են, գրուած ֆրանսերէնով: Հարիւրաւոր էջեր եւ լուսանկարներ են Ժան Ինճիճեանի անձնական հաւաքածոն: Իսկ մեր փոքրաթիւ խումբն ու մեր ունեցած սարքերը բաւարար չեն մէկ օրէն զանոնք թուայնացնելու աշխատանքը աւարտելու: Վերջաւորութեան կը խնդրենք իր դուստրէն յաջորդ օրը վերստին գալ:
Յետոյ կու գայ տիկին Ալիսը, որ շուրջ 90 տարեկան է: Եկած է տղուն հետ: Ինք ծնած է Պոլիս, դուստրն է Արաբկիրէն որբուհիի մը՝ Արաքսիին, որ Ցեղասպանութենէն ետք եղած է Պոլսոյ որբանոցներուն մէջ, հոն սորված է ձեռագործ, ասեղնագործութիւն: Հետը բերած է մօրը հին լուսանկարը, ինչպէս նաեւ անոր գեղեցիկ եւ նուրբ ձեռագործերէն:
Տիկին Մաթիլտը նոյնպէս իր հետ բերած է իր մօրմէն մնացած ժառանգութիւններ: Մայրը՝ Էլիզը, Պաֆրայէն է՝ Սեւ Ծովու ափին, Սամսոնի մօտիկ: Կը վերապրի Ցեղասպանութենէ ու կը հաստատուի Պոլիս, որմէ ետք կ՛անցնի Մարսիլիա, ապա՝ Փարիզ: Մաթիլտը եկած է մօրը պատկանող տան մէջ առօրեայ գործածութեան ծառայող կնոջական ձեռագործ շրջազգեստով մը, ինչպէս նաեւ համամի մէջ գործածուող թասով մը: Ան իր հետ բերած է նաեւ փոքր չափի ջուրի թաս մը, երկու կողմերէն ամրացուած կիսաօղակաձեւ բռնիչով: Ընտանեկան հին ժառանգութիւն մըն է, որուն պատմութիւնը յայտնապէս աւելի հին է, քան իր մօր՝ Էլիզին տարիքը: Հինգ սերունդներու կեանք մը ունի ջուրի թասը, որ ընտանիքին հետ դարեր առաջ Երուսաղէմ գացած է ուխտագնացութեան: Զայն տանողները մէջը լեցուցած են Սուրբ Հողին ջուրը, ապա թասն ու անոր բաղադրութիւնը ուխտագնացներուն հետ վերադարձած են Պաֆրա, իսկ արդէն տասնամեակներէ ի վեր ալ կը գտնուի Փարիզ:
Նոր եկող անձը իր հետ բերած է լուսանկար մը. իր մեծ հօր՝ Թոսունին պատկերն է, Քարամանէն՝ Գոնիայի հարաւը: Հինգ եղբայրներ էին, հինգին ալ արհեստը ձի խնամել էր: Պատկերին մէջ Թոսունին բռնած դիրքը, հագուածքը, պեխերը ցուցանիշներ են, որ ընկերութեան մէջ իր տեղը ունեցող անձնաւորութիւն մըն էր: Ցեղասպանութիւնը կը վերապրի, բայց յետագային Գոնիայի մէջ քեմալականները զինք մահուան կը դատապարտեն, հակառակ անոր որ Թոսուն սպայ էր թրքական բանակին մէջ: Դատէն առաջ դատախազը զինք իր մօտ կը կանչէ ու հարց կու տայ, թէ արդեօք կը ճանչնա՞յ Նազար եւ Մարիամ Թեճիրեան անունով անձեր: Թոսուն կը պատասխանէ, թէ անոնք իր ծնողներն են: Դատախազը կը պատմէ, թէ երբ ինք 6 տարեկան էր, Քարամանի մէջ Նազար Թեճիրեան զինք փրկած է խեղդամահ ըլլալէ: Ապա Թոսունին կ՛ըսէ՝ վերցուր դուրսի ձիերէն մէկն ու փախիր: Թոսուն կը փրկուի մահապատիժէն ու կը փախի մինչեւ Էրզրում, ապա որոշ ժամանակ ետք կ՛ապրի Պոլիս, յետոյ ալ կ՛անցնի Պաղտատ, ուր կը մահանայ:
Խճանկարային թանկարժէք քար մըն են նաեւ Արաքսիին պատկանող նիւթերը: Անոր զաւակը իր հետ բերած է Օրտու ծնած, ապա Պոլսոյ, Սելանիկի, Մարսիլիոյ եւ Փարիզի հայկական որբանոցներուն մէջ ապրած այս կնոջմէ ձեռագործներ, որբանոցային դասագիրքեր, ձեռագիր երգարան, լուսանկարներ:
Օրը աւարտած է արդէն: Ամբողջ կէսօրէ ետքը հիւրերը մէկը միւսին յաջորդեցին առանց դադարի: Գանձերը թուայնացուած են, անոնցմէ իւրաքանչիւրին պատմութիւնը՝ մանրամասն գրի առնուած: Ձախողութեան մը մասին մտածելու բոլոր մտահոգութիւններս անտեղի էին: Աւելի՛ն, իւրաքանչիւր հիւրի քով նկատելի է բացառիկ կապուածութիւն մը յիշողութեան առարկային: Ինչպէ՞ս բացատրել: Նոյն փորձառութիւնը չէինք ապրած Պուրճ Համուտի կամ Երեւանի մէջ: Նկատած էինք, որ այս վայրերուն մէջ յիշողութեան առարկան միշտ չէ որ տան մէջ գանձի հանգամանք ունի, անոր արժէքին նկատմամբ գիտակցութիւնը ընդհանրապէս նուազ է: Թերեւս պատճառը այն է, որ Երեւան կամ Պուրճ Համուտ հայեր առօրեայ դրութեամբ կ՛ապրին իրենց հայկական ինքնութիւնը՝ խօսելով լեզուն, ապրելով մշակոյթը իր բազմակողմանի երեսներով: Հայկականութիւնը առօրեայ ու սովորական նուագ մըն է իրենց համար: Մինչ այստեղ, Սենի ափերուն տարածուող այս հսկայ մայրաքաղաքին մէջ հայկական ինքնութիւնը ընդհանրապէս նուաղած է, մեծամասնութեան մէջ անհետացած է լեզուն, այլեւս չկայ համատարած համայնքային կեանք, իսկ փոխարէն՝ շատեր իրենց հայկական ինքնութիւնը կ՛ապրին առանձնութեան մէջ, տան պատերէն ներս գտնուող միջոցներով: Անշուշտ բազմամետիա միջոցները, մանաւանդ համակարգիչն ու համացանցը կը հանդիսանան այս կարեւորագոյն գործիքներէն, բայց կը կարծենք որ կան նաեւ աւելի խորհրդանշական միջոցներ, ինչպէս օրինակ՝ նախնիներէն մնացած սրճաղաց մը, գոհարեղէն մը, ձեռագործ մը: Առաջին անգամն է, որ դէմ յանդիման կը գտնուիմ այսպիսի երեւոյթի մը: Այստեղ առարկան ոչ միայն խտացումն է ընտանիքին պատմութեան, այլեւ շատերու համար անիկա դարձած է ընտանիքին անցեալին, ընտանիքին ինքնութեան հետ զօրաւոր կապը, հաւատարմութեան օղակը: Ահա թէ ինչու «Անաքօ» տափանաւի հիւրերը մեծապէս կը գիտակցին որ իրենց բերածները ընտանեկան գանձեր են: Ասոր լաւագոյն ապացոյցը նոյն այս առարկաները կամ լուսանկարները երկիւղածութեամբ բռնելու, զգուշութեամբ ծրարելու մարդոց շարժումներն են կամ՝ իրերուն մասին յուզումով, մինչեւ անգամ արցունքով պատմելու եղանակը:
Նոյեմբեր 2ի մեր վերջին օրուան հիւրերը աւելի եւս պիտի ամրապնդէին այս մտածումներս:
Չեմ կրնար միտքէս հանել Մարիին այցելութիւնը: Անոր բերած առարկաները Կեմերէքէն են (Սեբաստիոյ եւ Կեսարիոյ միջեւ) եւ կը պատկանին իր մեծ մօր եւ մեծ հօր: Մեծ հայրը՝ Բարունակ Բարունակեան, 1915ին կը պահուի թուրք ալեւի ընտանիքի մը կողմէ եւ այս ձեւով ջարդերէն կ՛ազատի: Իրեն ապաստան տուող ընտանիքը կ՛ամուսնացնեն իրենց աղջկան հետ, անունը կը դառնայ Հասան Էրքան: Բայց պատերազմէն ետք նոյն ընտանիքը ընդդիմութիւն ցոյց չի տար, երբ Հասան Էրքան կ՛որոշէ լքել այս տունը ու կինը եւ վերապրիլ հայու մինչեւ այդ թաքնուած իր կեանքը: Էրքան կը վերամուսնանայ Կեմերէքէն՝ Արշալոյս աճէի հետ: Մարդը վաղահաս կը մահանայ Կեմերէքի մէջ, իսկ Արշալոյս 1950ականներու վերջը իր զաւակներուն հետ կը գաղթէ Պոլիս: Անոնցմէ ժառանգ մնացած առարկաներուն շարքին են պղնձեայ գեղեցիկ ափսէ մը, մկրատ մը, դրամապանակ մը: Բայց կայ նաեւ կրիայի կերպարով արծաթեայ փոքրիկ զարդ մը, որ կը պարզուի որ յուռութ (համայիլ) մըն է՝ նորածին երախային վրայ կախուող: Կրիան ունի արու եւ էգ տարբերակներ: Մարին զանոնք ժառանգ ստացած է իր մեծ մօրմէն՝ Արշալոյսէն, եւ կ՛ենթադրուի որ նոյն արծաթեայ կրիաները գոյութիւն ունեցած են Արշալոյսէն առաջ, անոր նախորդող սերունդներուն ժամանակ: Մարին հաւատարիմ մնացած է կրիաներու աւանդութեան եւ զանոնք կախած է իր սեփական նորածին երախաներուն հագուստներէն: Կրիան կը քննեմ ձեռքերուս մէջ բռնած, բայց նոյն ատեն ալ կը նկատեմ որ նմանատիպ կրիայ մը կախուած է Մարիին կապած վզնոցէն: Արդեօք հին ժառանգութիւնը մէկէ աւելի՞ է: Պատասխանը աւելի հետաքրքրական է: Մարին վարպետ ոսկերիչներու շինել տուած է կրիային համանման տարբերակները, անոնցմէ մէկը ինք կը գործածէ, մէկը՝ իր դուստրը, իսկ գալիք սերունդները հաւանաբար նոյնպէս կրիան պիտի կախեն իրենց վզնոցէն: Կրիային աւանդութիւնը կը շարունակուի այսպէս՝ Կեմերէքէն Փարիզ, արդէն դարերէ ի վեր:
Կարելի չէ երկրորդ օրուայ բոլոր հիւրերը ներկայացնել այստեղ: Ամբողջ օրը հեւք մըն է, հերթի կանգնած մարդիկ իրենց առարկաներով, թուղթերով եւ լուսանկարներով: Կարելի չէր բոլորին բաւարար ժամանակ տրամադրել անոնց պատմութիւնները քաղելու համար: Շատերուն հեռաձայնի եւ իմակի հասցէները կ՛առնենք՝ անհրաժեշտ հարցումները յետագային ուղղելու համար:
Սեւանը իր հետ կը բերէ մեծ հօր կողմէ գործուած ջուրի գեղեցիկ պղնձեայ թաս մը՝ ճիշդ կեդրոնն ալ ամրացուած երեք ձուկեր (մէկ մեծ, երկու փոքր), որոնք շարժուն են եւ կարելի է շրջանակաձեւ դարձնել: Գլուխ գործոց աշխատանք մըն է: Յետագային ընկեր մը ինծի կը տեղեկացնէ, որ այսպիսի գործեր յատուկ են Ուրֆայի հին ժամանակներու պղնձագործերուն: Կ՛ենթադրուի որ առարկան ընտանիքին հետ ճամբորդած է Ակնէն Խարբերդ, տասնամեակներ ետք ալ հասած է Հալէպ: Երկար ժամանակ այս քաղաքը մնալէ ետք, այսօր անիկա կը գտնուի Փարիզ:
Հետաքրքրական է նաեւ այլ տիկինի մը այցելութիւնը, որ եկած է իր զաւակին հետ, իր հետ բերելով Պէյլանէն՝ իր մօրմէն ժառանգած ձեռագործ մը եւ ընտանեկան լուսանկար մը: Խմբանկարը անծանօթ չէ: Կը յիշեմ որ ամիսներ առաջ յար եւ նման լուսանկար մը «Յուշամատեան»ը ստացեր էր Սան Ֆրանսիսքոյէն: Կը պարզուի որ զայն ուղարկողը իր մօրաքոյրն էր, կամ աւելի ճիշդը՝ մօրաքրոջ բարեկամները, իսկ այսօր նոյն պատկերին կրկին կը հանդիպինք Փարիզի մէջ: Պէյլանէն ետք գործ ունինք տարանջատուած ընտանիքներու հետ, բայց հին լուսանկարը կամ հին առարկան, մանաւանդ, երբ ան կը հրապարակուի, երբեմն կը դառնայ զիրար շաղկապող նիւթ մը, յիշատակներ վերազարթնող, բնական կապեր ամրապնդող:
Յաջորդ անձը իր հետ բերած է բարձի մետաքսեայ երես մը, որուն վրայ ոսկեթել կարուած են ծաղկանման նաշխեր, կեդրոնը կայ բրուսիական արծիւը, իսկ անոր շուրջ՝ դարձեալ ոսկեթել լուսինի մահիկ մը: Պատկանած է Պոլիս ապրող Կարապետեան ընտանիքին: Աշխատանքը պատրաստուած է Գերմանիոյ վերջին կայսրին՝ Վիլհելմ Բ.ի, եւ իր կնոջ՝ Վիքթորիայի, Պոլիս այցելութեան առիթով: Բարձի երեսները երկու հատ եղած են. իմ տեսածս Վիքթորիա կայսրուհիին ձօնուածն է, նկատի ունենալով, որ անոր անունը ոսկեթել կարուած է այնտեղ: Կարապետեան ընտանիքը որոշած էր այս ձեռագործերը նուիրել կայսերական ամոլին, բայց ինչ-ինչ պատճառներով ծրագիրը չիրագործուիր: Ահաւասիկ այցելութենէն աւելի քան հարիւր տարի ետք, բարձի երեսներէն մէկը կը պահուի Փարիզի մէջ, մինչ միւսը կը գտնուի նոյն ընտանիքէն այլ անդամի մը քով՝ Միացեալ Նահանգներ:
Երկու օրերու ընթացքին աւելի քան 20 անձեր ներկայացան իրենց պատմութիւններով, լուսանկարներով եւ առարկաներով: Փարիզեան մեր փորձառութիւնը մեծապէս գոհացուցիչ է: Վերժինէն եւ Արամէն հրաժեշտ կ՛առնեմ նոյն ձեռնարկը տափանաւին վրայ կրկնելու հեռանկարով, բայց այս անգամ աւելի մեծ խումբով մը աշխատելու պայմանով: Համոզուած եմ, որ Սենի ափերուն դեռ շատ գանձեր կան գտնուելիք: Հոգ չէ որ մեր կատարածը հոսանքն ի վեր թիավարում է Օսմանեան կայսրութեան հայերու ժառանգութիւնը կամ աւելի ճիշդը այս ժառանգութենէն հատուածներ վերականգնելու: Բայց երբ առարկաներուն տէրերը գիտակից են, որ իրենց տան մէջ գտնուող եւ նախնիներուն պատկանող հին առարկաները ժառանգային գոհարներ են, երբ մեր կատարած աշխատանքին ընդմէջէն նոյն այս տէրերուն վստահութիւնը կը շահինք, ապա գանձ գտնելը վերջին հաշուով՝ կարծուածին չափ ալ դժուար գործ մը չըլլար:
Պարզ է, Սենը պիտի շարունակէ հոսիլ դէպի ծով, ծովն ալ պիտի միանայ ովկիանոսին եւ այսպէս յարատեւօրէն: Ասիկա դարաւոր եւ մշտական ընթացք մըն է, կարելի չէ անոր հակառակիլ: Բայց եւ այնպէս Սենի ափին կան տակաւին հայկական գանձեր, բազմաթիւ են այս գանձերն ու անոնց անգիր պատմութիւնները, անոնք հայու անցեալին նիւթեղէն վկաներն են՝ Պոլուէն, Սիսէն, Կեմերէքէն, Ակնէն, Սթանոսէն, Զէյթունէն, Արաբկիրէն, Օրտուէն եւ շատ ու շատ ուրիշ տեղերէ: Անոնք տակաւին փայլող գանձեր են հոն, ուր կը գտնուին, այսինքն տան մը պատերէն ներս: Փորձենք անոնց համաշխարհային փայլք տալ եւ դարձնել համայն հայութեան եւ մարդկութեան ժառանգութիւնը:
————————————————————————————————————————–
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Ի Յիշատակ Նուպար Չորպաճեանի կինը՝ Արտեմիս Չորպաճեան եւ զաւակները՝ իրենց ընտանիքներով
Eli’s Jewelry, Inc.
213-623-1611
Ի Յիշատակ մեր մայրերուն՝
Ովսաննա Մուրատեանի եւ Մարի Ճիհանեանի
Արսէն եւ Լիոնէ Սոնա եւ Արսէն կրտցեր Մուրատեաններ
Zaven & Halina Berberian & Family
Ի Յիշատակ մեր ծնողքին՝ Կարապետ եւ Ազնիւ Հացպանեաններուն
Միքայէլ եւ Սալբի Հացպանեան
Ի Յիշատակ
Յովհաննէս եւ Էմմա Քէշիշեաններուն
Մոսկով (Խոսրով) եւ Արուսեակ Սահակեաններուն
Հենրի եւ Նորա Սահակեան
Ի Յիշատակ Պօղոս եւ Նուարդ Արսլանեաններուն Յարութիւն եւ Լուսածին Մեծոյեաններուն
Տոքթ. Վահագն Արսլանեան եւ ընտանիք
————————————————————————————————————————-