
ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութիւն՝ այս պահուն,
Ի յուշ անոնց, որոնց կեանքն արեւ ու գարուն
Մանգաղուեցաւ յանկարծ ու խանձեցաւ ի սպառ,
Օր մը գեհենավառ,
Երբ դժոխք մը մարդու փչեց կրակն իր կոյր՝
Հայ տուներուն անմեղ, հայ երկնքին անդոյր:
Մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութիւն՝ այս ժամուն,
Ուր միլիոն մը հայ շունչ, հայ շուք եւ հայ անուն
Տէր Զօրի, Եփրատի շիրիմներէն անհետ
Կը հաւաքուին մեզ հետ,
Որ մեր սիրտի՛ն յառնած՝ նոր յոյսով մը ապրին,
Շարունակեն մեզմով՝ խզուած կեանքն իրենց հին:
Մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութիւ՜ն…Եղբայրնե՛ր,
Ձեր աջը որպէս ուխտ կնքեցէ՛ք կուրծքին ձեր,
Քոյրե՛ր, թող ձեր արցունքն անոնց յուշին վրան
Ցօղէ շաղ եւ շուշան,
Զաւակնե՛ր, պահեցէ՛ք անոնց ջահը՝ դալա՛ր,
Իսկ դու՛ն, մա՛յր Հայաստան, դրօշըդ՝ մէկ վայրկեան վա՛ր:
Ի յարգանս ապրիլեան այն մարդոց, որ հազար
Խաչերով խարուեցան իրենց Խաչին համար,
Այս ժամուն՝ յոտնկայս լռութիւն մէկ վայրկեան,
Ո՜վ աշխարհ դրուժան,
Որ ձեր աչքին նայած կարմիրը չտեսա՜ք,
Ձեր ականջին լսած հայ ողբը չիմացա՜ք…
Յոտնկայս մէկ վայրկեան լռութիւն, դու՛ն ալ Թու՛րք,
Ի յուշ անոնց, որոնց արիւնն ըմպեցիք դուք
Ծարաւով դիւային եւ որոնք, զերդ գառներ
Ա՜հ, դարձան անմեղ կե՛ր
Նախանձին ձեր ահեղ, ձեր հեռին ահագին,
Որովհետեւ անոնք պարզապէ՜ս հայ էին:
Այս սուրբ մէկ վայրկեանի լռութեան մէջ թնդուն,
Ակա՛նջ տուէք ո՛վ դուք, ճիչի՛ն ձեր զոհերուն,
Որոնց արիւնը թաց կ՛երգէ վրէժ արդար,
Ունի պահանջ անմար:
– Խաղաղութիւն չգա՜յ պիտի ձեզի երբեք,
Ձեզի հանգիստ չկա՜յ, մինչեւ անոնք ու մենք
Չդառնանք, չունենանք մեր տուներն հայրենի…
Մեր բոյները բնիկ…