Հ. ԹՐԹՌԵԱՆ
Այդ երաշխիքը յստակ կը դառնայ, երբ փորձենք ներկայացնել թէ խաղը ուրկէ՞ սկսաւ, իւրաքանչիւր սերունդ ի՞նչ կարելիութիւններ ունէր եւ որքան յաջողութեամբ կատարեց իր բաժինը։
Առաջին Սերունդ
Ասոնք Եղեռնէն վերապրողներն են, ո՛չ բոլորը անշուշտ։ Սփիւռքեան կեանքը կը սկսի 1919ին։ 1915ը տեղահանութեան, կոտորածներու, ըմբոստացածներու, գոյապայքարներու տարին է, որոնք կը մարին, կը վերջանան տարին չվերջացած։ 1916-19 երկարող ժամանակահատուածը արեւմտահայութեան համար հոգեվարքի ու մահացման շրջան մըն է, տեսակ մը ժամանակի ընդհատում, մահաքուն. կեանք խորհրդանշող միակ երեւոյթը «Հայկական Լեգէոն»ի կազմութիւնն է ու Արարայի ճակատամարտը։
1919ին, երբ կենդանութեան շունչը սկսաւ փչիլ հայութեան խլեակներուն վրայէն, ունէինք երկու տեսակ վերապրողներ. 1905էն առաջ ծնածները՝ հասունները եւ 1905էն յետոյ ծնածները՝ որբերը, առաւելաբար մէկտեղուած որբանոցներու մէջ։
Անդրանիկ Ծառուկեանի նկարագրած «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ»ը, հակառակ իրենց կրած բոլոր զրկանքներուն, ամէնէն բախտաւորներն էին այդ կրտսեր վերապրողներուն։ Մուշեղ Իշխանի «Հացի Եւ Լոյսի Համար» տիպարները դեռ կէս որբ էին, գուրգուրանքի, սիրոյ նշոյլներ կը ճանչնային հեռուէ-հեռու։ Հապա այն միւսները, իրենք իրենց բախտին լքուածները՝ սոված, գրեթէ մերկ, թոնիրներու տաքուկ անկիւնները շուներու, կատուներու հետ բաժնողները։
Հրաշք չէր անշուշտ, որ այդ անիրաւուածները, մեծ տերութեանց անարդարութեան զոհերը շուտ-շուտ մեծցան, կանուխ-կանուխ ամուսնացան կեանքը շարունակելու բնազդէն մղուած։ Թշուառութիւնը ստիպեց զիրենք իրար ձեռք երկարել, իրարու օգնութեան հասնիլ։ Համատարած զրկանքը փոխանակ առանձին-առանձին կրելու, քով-քովի եկան, միացան մեծերուն, դարձան հաւաքականութիւն, դարձան համայնք։
Ինչպէ՞ս ապրեցան այդ առաջին համայնքները. հայրենի հողէն առած ապրելու, տեւելու բնազդը, պատմութենէն իրենց ժառանգած անմահութեան ոգին զսպանակեց զիրենք, որ անցեալը շալկած քայլ նետեն դէպի առաջ։ Իրենց գտնուած երկիրներուն մէջ, լքուած հողերու վրայ, շինեցին իրենց թաղերը, յաճախ մէկ սենեակնոց բնակարաններով։
Պսակուեցան բաց երկինքին ներքեւ կամ ծառի մը տակ. առագաստ մտան փոխ առնուած բարձի մը վրայ գլուխնին դրած։ Անգերեզման կորած իրենց քոյրիկ-աղբարիկները վերակենդանացուցին իրենց անուններով, եւ իրենց խրճիթները լեցուեցան վարվռուն, յանդուգն հայկակներով։ Ձախողած էր ջարդարարին հայերը աշխարհէն ջնջելու ծրագիրը։ Մասամբ խաղաղած էին նահատակներու հոգիները։
Իրենց բնակարաններու կողքին շինեցին եկեղեցի, շինեցին դպրոց, հիմնեցին Պուրճ Համուտ, հիմնեցին Նոր Գիւղ եւ այլ ամրակուռ բերդեր հայապահպանման։ Ապրեցան քանի մը հարիւր հոգի նոյն ծորակէն ջուր առնելով. քարիւղէ լամբերով գիշերուան խաւարը ցրուեցին եւ ամէնէն սարսափելին, բնական պէտքերու համար հասարակաց յարմարութիւններու առջեւ շարքի կանգնեցան։ Պատահեցաւ որ առանց կտոր մը հաց բերաննին դնելու գիշերներ լուսցնեն։ Երբեմն մանուկները անօթի դպրոց ղրկեցին, «վաղը լաւ կ՛ըլլայ» հրամցնելով անոնց։ Ընտանիքին օրապահիկը ճարելու համար դարձան շրջուն փայտահատ, դարձան «սիւնկիւրի», դանակ սրող, ձեռք կարդացող, «սեւը գտի՛ր, դրամը ա՛ռ» խաղցնող, տուն լուացող, աղբակոյտերը խառնող, բեռնակիր։ Յատուկ պազարներու մէջ իրենք զիրենք ծախու հանեցին, ինչպէս այսօր մեքսիկացիները կ՛ընեն «Home Depo»ներու առջեւ։ Ամէն ինչ ըրին, բայց իրենց բարոյականն ու արժանապատուութիւնը բարձր պահեցին եւ չմուրացին։
Հ. Հանրապետութեան փլուզումը, Լօզանի դաշնագիրը, մեծ տէրութիւններու ստորնութիւնն ու դաւաճանութիւնը տեսան, բայց իրենց երազը չլքեցին։ Հաւաքուեցան եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, ակումբներուն ու մարզական միութիւններուն շուրջ ու կեանքին ընթացք տուին։
Չորս սերունդներուն ամէնէն յարգանքի ու յիշատակութեան արժանին առաջին սերունդը եղաւ, որ ոչ միայն կրցաւ տոկալ ու ապրիլ, այլ ապրելու գաղտնիքը, հաւաքական կեանքին արուեստը ու առաւելութիւնը փոխանցեց յաջորդ սերունդին։ Այս սերունդը պէտք է կոչել Յարուցեալ սերունդ։
Բ. Սերունդ
Դպրոցները բարելաւուեցան. մէջտեղ եկան միջնակարգ, նոյնիսկ բարձրագոյն ուսումնարաններ։ Պատանութիւնը քաշուեցաւ փողոցներէն, դարձաւ աշկերտ կամ աշակերտ։
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան քայքայումը կամ համայնավարացումը վստահաբար Մեծ Եղեռնէն յետոյ եղաւ մեր մեծագոյն կորուստը, սակայն Փետրուարեան ապստամբութեամբ ստոյգ մահէն ազատած խումբ մը մտաւորականներու փրկութիւնը եւ Եղեռնէն ճողոպրած քանի մը մտաւորականներու ներկայութիւնը ճակատագրական շրջադարձ մը բերաւ արտասահմանի եթէ ոչ կազմակերպման, բայց անպայման անցեալը ներկայի պատուանդան դարձնելու հոգեբանութեան մէջ։ 1910-15ի միջեւ տարածուող քանի մը տարիներու ընթացքին թէ՛ Պոլսոյ, թէ՛ Թիֆլիսի մէջ, կարելի է նաեւ ըսել թէ՛ արեւմտահայոց թէ՛ արեւելահայոց մէջ ստեղծուեցաւ ազգային մշակոյթի այնպիսի հզօր ճաճանչում մը, որ կերպարանափոխեց ողջ հայութիւնը։ Նաւասարդեան օրերու հզօր հանճարով սպառազինուած մտաւորականներու բազմամարդ այդ հոյլին փոքրաթիւ մնացորդացը մտաւ ժաողովուրդին, բայց մանաւանդ բարձրագոյն ուսումնարաններուն մէջ եւ զոհի հոգեբանութիւնը վերածեց ազգային հպարտութեան։ Այդ հպարտութինը գլխաւորաբար, իբր թթխմոր, ինքզինքը բաշխեց Կիպրոսի Մելքոնեան կրթական հաստատութեան, Պէյրութի Համազգայինի Ճեմարանին եւ մասամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մէջ։ (Կաթողիկէ եւ Աւետարանական բարձրագոյն վարժարաններու դերը պէտք է զետեղել այլ կալուածի մէջ)։
Որպէսզի ընթերցողը չգայթակղի, առանց խորանալու ըսեմ, որ Սովետական Հայաստանի ղեկավարութեան բացած պայքարը ՀՅ Դաշնակցութեան դէմ 1930ականներու սկիզբէն սկսեալ, որուն միացան կեղծ «հայրենասէրներու» խմբակ մը արտասահմանի մէջ, թէեւ ունեցաւ իր ժխտական անդրադարձները արտասահմանեան կեանքին մէջ, սակայն նպաստեց նաեւ անոր աշխուժացման, սրեց մրցակցութեան ոգին հակառակորդ խմբակցութիւններու մէջ։ Ամէնէն կարեւորը չորցուց անտարբերութիւնը, որ այսօրուան Սփիւռքի մեծագոյն դժբախտութիւնն է։ Եւ այդ պայքարն էր, որ արտասահմանի մէջ պատճառ դարձաւ որ ստեղծուի «Հոգեւոր կամ Մշակութային հայրենիք»ը, եւ սփիւռքահայը դառնայ գաղափարապաշտ, հայրենասէր, այլ ոչ սոսկ հայաստանասէր։ Այդ ոգին էր, որ զինք կառչած պահեց իր անցեալին, իր ազգային արժէքներուն եւ իր անորոշ ապագայի մութ երկնակամարին վրայ պարզեց յոյսի ծիածանը։
Այս սերունդը իր առօրեայ մտմտուքները շալկած յաճախ հաշուի նստաւ ինքն իրեն հետ եւ փորձեց պատասխան գտնել այն բազմաթիւ ինչուներուն, որոնք զինք կը չարչրկէին տիւ ու գիշեր։ Սգահանդէսները լուծում բերելու փոխարէն կը ստեղծէին նոր ինչուներ։
Ի վերջոյ եկաւ այն եզրակացութեան, որ ինք զոհն է թրքական վայրագութեան եւ մեծ պետութիւններու քաղաքական շահերուն։ Ուրեմն մեծ կամ փոքր տէրութիւններուն պէտք է ցոյց տալ, որ հայը գիտակից է իր կացութեան, ինչպէս նաւ ջարդարարի յանցանքին եւ այլ բանով անոր մեղսակցութեան։
Եւ ցոյց տալու համար յանցագործին, բայց մանաւանդ քաղաքակիրթ ու մեղսակից աշխարհին, որ հայը սթափած է իր ահաւոր թմբիրէն, գիտակից է իր վիճակին եւ կը պահանջէ, որ դահիճը եւ «աշխարհի տէրերը» ճանչնան իր ցաւը եւ փորձեն դարման գտնել անոր։ Այդ ճանաչումը ապահովելու համար կազմակերպուեցան 50ամեակի ձեռնարկները։ Ամէն կողմ բազմամարդ ցոյցեր. ամէն կողմ նահատակաց յուշարձաններու կառուցում։ Լիբանանի մէջ «Յուշարձանէ-Յուշարձան» բնաբանով շուրջ 50,000 հոգի ծեր, երիտասարդ, արծուիկ, սկաուտ, գայլիկ, կակուղ թաթիկներ երէցներու ուսերուն, կղեր, կաթողիկոս, երեսփոխան, նախարար, կուսակցութեանց պարագլուխ, բոլորը, բոլորը հեղեղեցին Պիքֆայայէն Անթիլիաս տանող մայրուղին եւ ողողեցին Մայրավանքն ու շրջապատը մինչեւ ծովեզերք, ուր ճերմակ ալիքները իրենց խշշոցով միացան բողոքին։
Շատ բնական, նոյնիսկ պարտադիր էր, որ արտասահմանը արտայայտէր իր բողոքը, նոյնիսկ իր ցասումը։ Այդ օրերուն ինչ որ անակնկալ ու զարմանալի թուեցաւ սովետական մականի տակ 100 հազարաւորներու ցոյցն էր Երեւանի մէջ, որոնք «Մեր Հողերը» պահանջով փողոց իջած էին։ Այդ առեղծուածային լուծման համար կը դիմեմ «յորովայնէ գրագէտ», արտասահմանեան կեանքի մասնագէտ, բազմաբեղուն հասարակական գործիչ Շաւարշ Նարդունիին։
«Լռակեաց» Հայաստանէն, իր ցաւին ու տառապանքին մէջ մունջ դարձած Հայաստանէն, առաւօտ մը լսուեցաւ պոռթկումի ձայնը՝ «Մեր Հողե՜րը, Մեր Հողե՜րը…»։
Օրհնուի այդ ձայնը։ Ատիկա ձայնն է Մայիս 28ին։ Ատիկա ձայնն է հայկական արտասահմանի։ Ատիկա երգն է ամբողջական Հայաստանի։ Կը համարձակիմ ըսել թէ ատիկա հողին իսկ ձայնն է։ Հողն է, արդարեւ, որ կը խօսի Հայաստանի երիտասարդութեան բերնով, վասնզի հողը այն չէ միայն, որ կը սնուցանէ մօր մը պէս՝ իր աստուածային կաթով, այլեւ է այն, որ կ՛ուսուցանէ իր ծոցին մէջ հանգչող մեռելներուն իմաստութեամբ, այն որ կը պահանջէ իր ծոցին մէջ հանգչող նահատակներուն ժառանգական իրաւունքով, այն որ ապրելու ուժ կու տայ ողջերուն՝ ինչպէս կ՛աւանդէ Հոմերոս» ( Օրհներգք Լ.)։
Հայաստանի երիտասարդութիւնը միացաւ արտասահմանի պահանջներուն եւ ղեկավարութիւնը պարտադրաբար հետեւեցաւ անոր, ուրկէ՝ Ծիծեռնակաբերդ, Սարդարապատ։ Այս Սերունդը կը կոչուի Զարթօնքի Սերունդ։
Գ. Սերունդ
Այս ստորնացուցիչ վիճակին մէջ պայթեցաւ անզուսպ երիտասարդութեան համբերութեան ամբարտակը, պայթեցնելու համար արեւմտեան աշխարհի անտարբերութեան պատնէշները եւ բանալու՝ պապանձուած բերանները։
Պայքարի ազդանշանը տուաւ Սան Ֆրանսիսքոյէն ծերունազարդ Գ. Եանիկեան։ Խանդավառութիւն ժողովրդական զանգուածներուն մէջ. խուճապ՝ ղեկավարութեան։ Բոպիկ «հայրենասէր»ներու ղեկավարութիւնը գտաւ, որ Հայկական Հարցը լուծուած է արդէն Սովետական Հայաստանով. այս համոզումով քաշուեցաւ հրապարակէն։ ՀՅ Դաշնակցական ղեկավարութիւնը լսեց երիտասարդութեան ձայնը, ըմբռնեց կացութեան լրջութիւնը, մէկ կողմէն հետեւեցաւ երիտասարդութեան, միւս կողմէն իր ձեռքին մէջ պահեց անզուսպ նժոյգներուն սանձը, կազմակերպուած շարժումի վերածեց պոռթկումը եւ ստեղծեց «Հայ Յեղափոխական Բանակ»ը, որ Լիզպոնէն յետոյ վերանուանուեցաւ «Արդարութեան Մարտիկներ»։ Երիտասարդութեան միւս թեւը, որ չուզեց մտնել կարգ ու կանոնի տակ, մնաց անգլուխ եւ կազմեց «Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակ»ը, որ քանի մը յաջող գործողութիւններէ ետք, մնալով պատահական մարդոց ղեկավարութեան տակ, կապեր հաստատեց միջազգային ահաբեկչութեան հետ, միախառնուեցաւ յորձանուտին, հուսկ ապա անհետանալու համար։ ՀԱՀԳ բանակը իր բերած բարիքէն աւելի վնաս բերաւ Հայ Դատի գործընթացին։
Տեղին չէ մտնել մանրամասնութիւններու մէջ։ Այս Սերունդը յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ։ Քաղաքական աշխարհը այսօր ծանօթ է Հայկական Ցեղասպանութեան. աշխարհի մեծագոյն թերթերը յաճախ կ՛անդրադառնան անոր։ Կառավարութիւնները կ՛ընդունին կամ կը մերժեն ընդունիլ ըստ իրենց քաղաքական հաշիւներուն։ Կարճ՝ անտարբերութեան լռութեան վարագոյրը վերցուած է Ցեղասպանութեան վրայէն, եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու լուծումը միջազզգային յարաբերութեանց օրակարգ է՝ թէկուզ երկրորդական։
Պահանջատիրական այս շարժումին անմիջապէս յաջորդեց Ղարաբաղեան շարժումը, որ Հայ Դատի մեծագոյն ձեռքբերումը իրականացուց ազատագրելով հայկական Արցախը եւ ստեղծելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը։ (Ես զիս չեմ կրնար համոզել թէ մինչեւ այսօր ինչո՞ւ կը պահենք ԼՂ Հանրապետութիւն անունը եւ չենք ըսեր Արցախի Հանրապետութիւն)։
Գ. Սերունդը կը կոչուի Կամաւոր Մահապարտներու Սերունդ։
Դ. Սերունդ
Այս Սերունդը կը գործէ Հայաստանի վերանկախացումէն յետոյ։ Այս ժամանակաշրջանը մեր առօրեան, մեր կեանքն է։ Եթէ մինչեւ վերանկախացում Հայ Դատի շոգեկառքը կ՛ընթանար մէկ գիծով, այսօր ունի զոյգ գիծեր. Սփիւռս Հայաստան, երկու միաւոր, մէկ ամբողջութիւն։ Կը կրկնեմ, այս շրջանը մեր կեանքն է, որուն պէտք է ծանօթ ըլլանք, որոշ չափով, եթէ մենք զմեզ հայ կը զգանք։ Յետոյ շատ դժուար է ներկայի մասին անաչառ դատումներ ընել։ Նուազագոյնը քառորդ դար կ՛ուզէ, որ գործողները փոխուին, կիրքերը խաղաղին, որպէսզի հաստատումները՝ դրական կամ ժխտական, ըլլան յարաբերաբար աւելի ճշգրիտ, աւելի առարկայական։ Այս սերունդին մեծագոյն յաջողութիւնը պէտք է նկատել Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով յաջողցուցած համահայկական «Հռչակագիրը»։ Այս սերունդը պէտք է կոչել Յանձնառու Սերունդ։
———————————————————————————————————————–
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Նորայր Յարութիւնեանի կողմէ
Վազգէն եւ Սիրվարդ Յարութիւնեաններու յիշատակին (Վան)
Ս. Կարապետ Հայց. Առաք. Եկեղեցի- Լաս Վեկաս
2054 E. Desert Inn Rd.
Las Vegas, NV 89169
Phone/Fax: 702.834.6344
2054 E. Desert Inn Rd.
Las Vegas, NV 89169
Phone/Fax: 702.834.6344
Տէր եւ Տիկ. Ճօ Սամուէլեաններ
Պայքար Մինչեւ Յաղթանակ
———————————————————————————————————————–