
ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ
2015ը, ըլլալով հանդերձ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը հիմնական հանգրուան մեր արիւնոտ պատմութիւնը վերարժեւորելու – վերակենդանացնելու եւ մեր անյետաձգելի պահանջատիրութիւնը վերահիմնաւորելու ու աշխարհին եւ Թուրքին աչքը խոթելու այս նոյն 2015ը նաեւ, թէեւ նուազ կարեւորութեամբ, կարելի է համարել մշակութային կարեւոր տարեդարձաթիւ: Արդարեւ, այս տարի մահուան 80րդ տարեդարձն է 1935ին մահացած երկու մեծ հեղինակներու, որոնցմէ առաջինն է Կոմիտաս: Կոմիտաս մահացած կարելի էր համարել 1915-16ին՝ երբ հրաշքով ետ բերուեցաւ մահուան ճամբաներէն. այնուհետեւ 20 թանկագին տարիներ ան չկրցաւ շարունակել իր նուիրական սուրբ գործը՝ հոգեմտային խախտումի իբրեւ հետեւանք: Լրիւ Հայասպանութիւն մը ինքնին:
Կոմիտասի ֆիզիքական մահը պատահեցաւ 1935ին:
Միւս հեղինակը, որ նոյնպէս մահացած է 1935ին, մեր երգարուեստի ստեղծագործական հոլովոյթի ամենակարկառուն դէմքերէն Ռոմանոս Մելիքեանն է՝ «Վարդը», «Մի լար», «Սեւ կաքաւիկ», «Շափաղ կու տաս» հոգեզմայլ, վաւերականօրէն հայաբոյր երգերուն հմայիչ հեղինակը:
2015ը ծննդեան 130րդ տարեդարձի տարին է Կոմիտասի սաներուն ամէնէն արժէքաւորին, երգահան Բարսեղ Կանաչեանին (1885-1967), որուն «Հոյ Նար»ը կամ «Ալվարդի երազ»ը, «Պըճինկօ»ն կամ «Դալիլօ»ն ու «Նանօր»ը անմահութեան պատուանդան շնորհած են իրեն:
Այսպէս ուրեմն ամէն տարի կարելի է փառատօն կազմակերպել հայ հեղինակի մը, ծնած կամ մահացած թուականը ոգեկոչելով եւ հնչեցնելով անոնց երգերն ու նուագները, որ կը նշանակէ մահուան դէմ յաղթանակ, ինչպէս այս տարուան անհամար գործունէութիւնները: Ինչո՞ւ, օրինակ, այս տարի բոլորիս սիրելի Վաչէ Պարսումեան, իր հազար ու մէկ արտալարքային շատ յարգելի գործունէութիւններուն կողքին, չպիտի ներկայացնէր նաեւ Բարսեղ Կանաչեանի «Նանօր»ը, «Հօպ Կիւլիւզար»ը կամ «Սօսին», այս մէկը գրուած 1951ին, ուր կարելի է լսել անմահութիւն բուրող հետեւեալ տողերը.
«Երկնքի կապոյտն ի՞նչ է, արեւի դեղինն ի՞նչ է,
Էն կապոյտ է երկնքից, էն դեղին է արեւից (…)
կամ՝
«Ով անցնի էնոր մօտով կը հարբի անուշ հոտով,
Ան ծաղիկ չէ՝ ծաղկի գինի, հարբողին մահ չի լինի…
Հայ աղջկան կամ եարին նուիրուած գեղեցիկ տողեր շատ կան, բայց այս կարգի երանաւէտ արբեցողութեան քիչ կը հանդիպինք:
Այս հակիրճ գրութիւնը ոչ մէկ ձեւով երաժշտագիտական յաւակնութիւններ չի հետապնդեր, թէեւ կ՛արժէր արժեւորել Կանաչեանի կեանքի հունձքը եղող իր ամբողջական երկերը՝ իր ծննդեան 130ամեակին առիթով (*):
Բարսեղ Կանաչեան Կոմիտասի սան եղած է երեք տարի՝ Կ. Պոլսոյ մէջ:
Բ. Կանաչեան կրնար, իր կարգին, ենթարկուած ըլլալ Ցեղասպանութեան յօշոտումին, եթէ երգասէր սպայի մը հանդիպած չըլլար եւ իր հետ ունեցած չըլլար իր… «խօսուն» ջութակը: Ան ինծի պատմած է, Պէյրութ, երբ իրեն կ՛օգնէի նօթաները զետեղելու գիծերուն վրայ (աչքերը շատ տկարացած էին 1945էն սկսեալ, կը կարծեմ): Ցեղասպանութեան չարաբաստիկ օրերուն ան ծառայութեան մէջ գտնուած է թուրք սպայի մը մօտ. հոն իր գործը եղած է իր ջութակով զբաղ պահել կամ զուարճացնել թուրք պարոնը, որ չափազանց սիրած էր Կանաչեանի իրեն համար ջութակով նուագած քրտական երգերն ու պարեղանակները, զորս Կանաչեան սորված էր քիւրտէ մը՝ Ճապաղջուրի մէջ: Սակայն ան Հալէպ կը հասնի շատ անմխիթար վիճակի մէջ: Ի վերջոյ զանազան հայահոծ վայրեր հանգրուանելէ ետք, կը հաստատուի Պէյրութ 1933ին: Ան արդէն հեղինակն էր, իր գրելաոճը վերջնական կերպարի հասցուցած, «Դալիլօ» խմբերգին (1922, Գահիրէ) կառուցուած վանեցի հայրենակիցէ լսած հայկական մոթիֆի մը վրայ:
Կանաչեանին անծանօթ հայորդիներուն համար կ՛ուզենք այս սեղմ գրութեան մէջ նշել «Նանօր»ի հեղինակի ոճային եւ հայատրոփ հոգին արտայայտող քանի մը նշմարներ:
Բարսեղ Կանաչեանի իւրաքանչիւր խմբերգային ստեղծագործութիւն բազմաձայնուած հոգեշարժ տոհմերգութիւն է: Հոն գրեթէ միշտ կը գոյակցին միայնակ ձայնը (սոլօ) եւ փոխասացերգութիւնը:
Միայնակ ձայներգը կը ներկայացնէ գեղջուկը, գիւղի պարզ եւ ուղիղ բայց վաւերական իր հոգեմտաշխարհով: Ան երբե՛ք առանձինը չէ, երբ բեմ կը մտնէ իր երաժշտական խաղը երգելու համար. անոր կ՛ընկերակցին կամ իր սիրահարը կամ գիւղի իր ընկերուհիներն ու ընկերները:
Այս խմբական ձայներուն եւ միայնակ ձայնին միջեւ կը ստեղծուի փոխերգութիւն մը, տեսակ մը զրուցերգութիւն, կարծես դաշտագնացութեան մը ընթացքին գիւղացի աղջիկ տղայ իրարու կը հանդիպին: Բներգը, որ կը ծագի անոնց ներաշխարհէն օրինակ՝ «Վարդերի հետ խաղում ես» – բնութապաշտերգութիւն մըն է կամ սիրային նուրբ ակնարկ մը կամ հոգեկան վիճակ մը:
Կանաչեանի մօտ այս փոխասացերգութիւնը միշտ դրական է կամ լաւատես, տեղ-տեղ ալ զաւեշտանման: Այս է որ երգագրութային շարադասութիւնը կը դարձնէ կենդանի, իրապաշտ, բնական ու հաղորդական: Այս յատկանշական է Կանաչեանի դասականութեան: Ան կը խրտչի բռնազբօսիկ կամ չափազանցուած պրկումներէ, որոնք չեն համապատասխաներ գիւղագեղջկական տրամադրութիւններու կամ անհարիր է այն զուարթամտութեան, որ կը տիրէ հոն:
Կանաչեանի խմբերգներուն գագաթումը «Նանօր»ն է: Ան չափազանց հարուստ է հայկական գեղջկական աւանդապաշտական տարրերով եւ սակայն անոր բոլոր թեմաներն ալ հեղինակին հնարումներն են եւ ոչ՝ փոխ առնուած ժողովրդական մոթիֆներէն եւ բազմաձայնուած:
Կանաչեան «Նանօր»ի թեմաները յօրինած է ապշեցուցիչ հարազատութեամբ՝ ժողովրդական ոգիին եւ հայկական հոգեմտաշխարհին: Եւ ըսել, որ Կանաչեան երբեք չգտնուեցաւ հայրենիք բայց հայրենի աշխարհը կրցաւ ապրիլ ու շնչել իր մէջ սքանչելի թարմութեամբ եւ անզուգական ներշնչումով:
«Նանօր»ը կը պատկերացնէ ուխտագնացութիւն մը դէպի Մշոյ սուրբ Կարապետ ուխտավայրը: Հայ բարեպաշտ ժողովուրդը հաւատացած էր սուրբ Կարապետին վերագրուած հրաշագործութիւններուն. ան «մուրատատուր» սուրբերէն էր: Ուխտաւորները ամէն տարի շարան-շարան կ՛ուղղուէին հոն՝ սուրբէն հայցելու իրենց խնդրանքը, զոհաբերութիւններ կը կատարէին, որոնց կը յաջորդէր աւանդական երգն ու պարը: Լեզուն Մշոյ բարբառն է՝ գրաբարաձեւ դարձուածքներով համեմուած: Բառերն ու պատկերները ի մի հաւաքուած, լեցուն ժողովրդական բանահիւսական պատկերներով, հիմք ծառայած են հեղինակի երաժշտական նպատակներուն.
Մշոյ Սուլթան սուրբ Կարապետ, Ճուղապ (պատասխան) կու տաս ձիաւորին
Մուրազ կու տաս ոտաւորին, գըլուխ եղար ճգնաւորաց,
Պարծանք եղար մարտիրոսաց, (…)
Խումբը (հասկնալ՝ «ուխտաւորները») երբեմն՝ կանգ կ՛առնէ (երաժշտական թեման փոփոխութիւն կը կրէ) երբ աղօթք մը պիտի մրմնջեն՝ երգչախումբի ռնգային «մմ…»ներու խորհրդաւոր ձայներու վրայ:
Յանկարծ խումբէն մէկը կը ձայնէ՝
Խըմենք նըռան հատ գինի
Գունը արուն կը մընի (գոյնը արեան կը նմանի)…
կամ՝
Սէրը սիրողին վայլէ գինին խմողին անուշ։
Երաժշտութիւնը կը խայտայ, ձայները կը թեւածեն մէկ խումբէն միւսը ոստոստելով, աղօթքի մթնոլորտը կը կերպարանափոխուի խրախճանքի ու կ՛երիտասարդանայ:
Խմբերգին բարձրագոյն պահերէն մէկն է նաեւ.
Չանկլի զիմ մուրազը տուր, զիմ սրտի սիրածը տուր։
Թաւ ձայներէն մինչեւ զիլ սոփրանոն, իւրաքանչիւրը իր կարգին, կը ներկայացնէ մէջընդմէջ նոյն մեղեդին ոլորապտոյտ, որուն պարզութիւնն ու խորութիւնը վստահաբար բոլոր «գուսանականներուն» եւ Կանաչեանի խումբերուն մաս կազմողներուն միտք ու հոգիին մէջն է տակաւին (պէյրութցիները լա՛ւ գիտեն Կանաչեանի «Գուսան» երգչախումբը, հայկական հպարտութիւնը ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ):
Այս քիչ մը հապճեպ նկարագրականէն ի յայտ կու գայ որ այս աւանդապաշտական «Նանօր»ը իր մէջ յստակօրէն կը բնութագրէ երկու կենսական, թէեւ հակադիր միտքեր.
ա. Հաւատա-տոհմերգական՝ աւանդական երգեցողութիւնը.
բ. Աշխարհիկ-հեթանոսերգական՝ կենսասէրներու գիներգութիւնը։
Այս երկու տարրերը չե՞ն բնորոշեր միթէ Հայ անհատին երկբնութիւնը. կրօնասէր-սրբապաշտ մէկ կողմէ, բնութապաշտ-զուարճասէր միւս կողմէն միաժամանակ, թէ՛ հաւատացեալ, թէ՛ կեանքով արբեցող նոյն ատեն, նոյն ժամուն… Ան կը խօսի Բարձրեալին հետ, ինչպէս բնութիւնը կը խօսի իր մէջ՝ միաժամանակ: Կոմիտաս մեզի սորվեցուցած է արդէն լսել հայ հողագործը մտերիմ խօսակցութեան մէջ իր եզան հետ, ա՛յն շունչով եւ հաւատքով, որոնցմով ան կը հաղորդուի իր Աստծուն հետ՝ աղօթքի պահուն: Հայ անհատը, առանձինն դիտուած, ընդհանրապէս, թախիծներու ծովը ինկած, իր մտայուզումներուն անձնատուր անձն է, սակայն երբ ան կը միանայ իր խումբին եւ կը նոյնանայ անոր հետ հարազատի բնազդով, այդ նոյն հայը շուտով կը կերպարանափոխուի, կը լուսաւորուի, կը ծաղկի ու կ՛ողողուի լաւատեսութեամբ, այսինքն հայու սրտին խորքը թաքնուած յոյսը կը վերայայտնուի ու կ՛արտացոլայ որպէս լոյս:
Ահա ա՛յս է «Նանօր»ին էութիւնը, ըստ մեզի, հայու հոգիին բնածին պահանջը՝ հաւատալու, նուիրուելու եւ կեանքով բեղմնաւորուելու՝ միաժամանակ: Բ. Կանաչեան կ՛արծարծէ այս առհաւական (atavic) ճշմարտութիւնը, թերեւս կիսագիտակցուած ձեւով, բայց որքա՜ն գեղարուեստականօրէն, հայկականօրէն, մեկնակէտ ունենալով պարզունակ, բայց բաբախուն հայ գաւառը եւ իբրեւ ուսուցիչ՝ Կոմիտասը:
Կանաչեանի վեց մեներգները «Ծիծեռնակ»ը (դաշնաւորում) շատ տարբեր են անոր երգչախումբի կտորներէն: Անոնք նշոյլն իսկ չունին խմբերգներուն մէջ տիրող տոհմիկ աւանդական կառոյցին, ընդհակառակն՝ անոնց ընդհանուր բնոյթը անհատապաշտ ու ազնուապետական (aristocratic) է: Հոն արտայայտուող բոլոր զեղումները, սիրատոչոր ըլլան անոնք, թէ երազային (օր. «Ալվարդի երազը»), ինչպէս նաեւ անոնց հայկական բնոյթը, չեն յատկանշուիր ժողովրդական մոթիֆներով կամ անոնց նմանողութեամբ յօրինուած մեղեդիներով:
Անոնց իւրաքանչիւրը կ՛արտայայտէ անհատակորիզ բուռն ու հարազատ ապրումի պահեր, սեղմ տրամներ, որոնց մէջ դաշնակին դերը չափազանց կարեւոր է: Կանաչեանի մեղեդին հոս աւելի արեւմտեան «թոնալ» Եօթնաձայնային կերպար ունի քան թէ արեւելահայկական «մօտալ» հնգաձայնային կերպարը, եւ սակայն ամբողջութիւնը հրաշալի կերպով հայկական կը հնչէ, որովհետեւ խօսք եւ երաժշտութիւն միաձուլուած են իրարու եւ միեւնոյն շունչն ու հոգին կը շրջագայի մէկէն միւսը: Կանաչեան քերթուածի մը վրայ երգ չի կառուցեր, այլ քերթուածին կը վերաշնորհէ հոն ներյայտ կերպով զսպուած երաժշտութիւնը եւ այս վերջինը, իր կարգին, կը բացայայտէ քերթուածին ամբողջական հոգեյուզականութիւնը: Երգ եւ դաշնակ կը ստեղծեն զուսպ եւ խտացած շարունակական, տպաւորիչ եւ ապրուած պահ մը, ուր դաշնակին վերագրուած է մեկնիչի (commentator) դերը: Բացի «Պճինկօ»էն, միւս հինգ մեներգները թախծոտ են, մելամաղձոտ, խորը ապրուած, բայց երբեք՝ լացակումած, մեղկ կա՛մ հեղհեղուկ:
Կանաչեանի մեներգները մեկնաբանողը ինքզինք օփերայի բեմին վրայ չի կրնար կարծել. ան խիտ ու ներհակ ուշադրութեամբ ճշգրիտ ապրում մը մեզի փոխանցելու նրբին պատասխանատու բայց հրաշալի պատգամը ունի՝ բացարձակապէս ձերբազատուած դերասանական ու բեմական պայմանադրական նախադրեալներէ: Ինծի համար գաղտնիք մըն է ինչպէս եւրոպական զգեստ հագած «Ուռին» կամ «Պճինկօ»ն այդպէս հայկական կը բուրէ. կարճ են այդ երգերը բայց՝ մագնիսական, կախարդող:
Բ. Կանաչեան երգի շատրուան մըն է, ուրկէ կը ժայթքեն բազմերանգ մեղեդիներ իրենց բազմաբարբառ բուրմունքներով: Կանաչեանի երգը եւ շունչը մշտնջենական լոյս են զանոնք ընկալողներուն համար, իսկ անոնցմով հաղորդուիլը՝ գերագոյն ապրումի անզուգական պահ մը:
(*) Արդէն իսկ կրնանք իմացնել, որ Բարսեղ Կանաչեանի ցարդ ձեռագիր վիճակի մէջ գտնուող «Աբեղան» օփերան վերանայուած է, վերագործիքաւորուած (reorchestration) եւ կը պատրաստուի լոյս տեսնելու հանդերձ երեք արարներով, համերգային ձեւաչափով, Երեւանի մէջ: Իսկ մենք, դոկտ. Ծովիկ Մարգարեանի թեքնիք աջակցութեամբ եւ Համազգայինի Երաժշտական միաւորի հովանաւորութեամբ սկսած ենք ամբողջական վերատեսութեան ենթարկելու 1947էն սկսեալ պրակ առ պրակ Պէյրութի մէջ լոյս տեսած Բ. Կանաչեանի ամբողջական երկը՝ 19 Մանկական երգերէն մինչեւ 27 աքափէլլա խմբերգները եւ եօթը մեներգները՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ:
Տիկին Ծովիկին հետ ձեռնարկած ենք անոնց թուայնացման աշխատանքին՝ հեղինակին ծննդեան 130րդ ամեակին եւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթներով:
————————————————————————————————————————–
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Երբեք Չմոռնանք Ապրիլ 24ը
Յարութ եւ Թամար Պարսամեան
————————————————————————————————————————–