ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիրմետիա».- Երեւանի գլխաւոր պողոտայի Նալբանդեան-Հանրապետութեան փողոցներու միջնամասի զբօսայգիին մէջ «Մշակութային եղեռն-խաչքարերի խորհուրդը» խորագիրով բացօթեայ ցուցահանդէս մը բացուած է: Ներկայացուած են, ոչնչացուած 13 խաչքարերու կրնօրինակները, զորս վերարտադրած է ժամանակակից խաչքարագործ Արտակ Համբարձումեան:
Մինչեւ 1915 թուական Արեւմտեան Հայաստանի մէջ եղած է մօտաւորապէս 170.000 յուշարձան, որուն միայն 2 տոկոսը մնացած է: Բացի այդ, 2005ին, Ատրպէյճանի բանակը հողին հաւասարեցուցած է Հին æուղայի գերեզմաննոցը, ուր կային աւելի քան 4500 խաչքարեր:
Երեւանի մէջ բացուած այս ցուցահանդէսին ներկայացուած են նաեւ լուսանկարներ, որոնք կը պատկերեն հայկական վանքերու ու բերդերու նախկին եւ ներկայ վիճակները: Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբէր 30, իսկ խաչքարերու կրկնօրինակները պարբերաբար պիտի փոխարինուին նոր նմուշներով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.