ԿԱԼԻՓՈԼԻԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻԱՅՆ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը տեղեկացուց, թէ Ապրիլ 24ին, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կայանալիք «1915ի իրադարձութիւններ«ու 100ամեակի ոգեկոչման միջոցառումներուն պիտի մասնակցի նախագահական պատուիրակութիւն մը, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած են.
– Գլխաւոր գանձապետ-ելեւմուտքի նախարար Ճէյքըպ Լիւ (պատուիրակութեան ղեկավար)
– Ռիչըրտ Միլզ, ՀՀի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան
– Ճեքի Քանչելեան Սփիր, Ներկայացուցիչներու տան անդամ (Քալիֆորնիա)
– Ֆրենք Փալոն, Ներկայացուցիչներու տան անդամ (Նիւ Ճըրզի)
– Աննա Էշու, Ներկայացուցիչներու տան անդամ (Քալիֆորնիա)
– Տէյվ Թրաթ, Ներկայացուցիչներու տան անդամ (Միշիկըն)
Միւս կողմէ, «Հիւրրիյէթ» թերթը հաղորդեց, թէ Ապրիլ 24ին Կալիփոլիի ճակատամարտի արարողութեանց նուիրուած միջոցառումներուն Օպաման նախագահական պատուիրակութիւն պիտի չուղարկէ եւ անոնց ներկայ պիտի ըլլայ միայն Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Պասը: