ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏՄԵԱՆ
Անուններ, որոնց առջեւ կարելի է միայն խոնարհիլ՝ մեր ժողովուրդին մատուցած անգնահատելի ծառայութիւնները աչքի առաջ ունենալով: Այդպիսի նուիրեալ մըն էր Դանիոյ Սիմքաղաքին մէջ 6 Նոյեմբեր 1882ին ծնած Մարիա Եաքոպսընը։ Պատանեկութեան սեմին, դեռատի Եաքոպսըն կը լսէ համիտեան զարհուրելի կոտորածներու մասին: Կարեկցելով անպաշտպան հայ ժողովուրդի դաժան ճակատագիրին, հազիւ տասն եւ ութ գարուններ բոլորած Եաքոպսըն կը նուիրուի գերմանական որբանոցներուն մէջ ապաստանած հայ որբերու օժանդակութեան: Ան մաս կը կազմէ Դանիոյ մէջ հիմնուած «Կանանց առաքելութեան աշխատողներ» մարդասիրական կազմակերպութեան: Անոր անդամներուն հետ կը գործուղուի Խարբերդ: Խարբերդի մէջ կը սորվի հայերէն եւ կը նշանակուի հիւանդանոցի մը կառավարչուհին։ Մարիա Եաքոպսըն, բարեսիրտ՝ Քարեն Եփփէի, Քարեն Փիթըրսընի եւ այլ ծառայողներու աջակցութեամբ որբանոցներ եւ հիւանդանոցներ կը հիմնէ Այնթապի, Խարբերդի, Մալաթիոյ մէջ եւ այլուր։ Հոգատար ձեռքեր էին անոնք։ Ազգութեամբ՝ ոչ հայ, սակայն հոգիով աւելի հայ, քան շատեր: Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ Մարիա Եաքոպսընի, Քարեն Եփփէի, Հետուիք Պիւլի, Ալմա Եոհանսընի նման երախտաւորներ…
Մարիա Եաքոպսընի ժամանակակիցները կը վկայեն՝ ան կամովին հրաժարելով անձնական երջանկութեան վայելքներէն, ընտանիք կազմելու, զաւակ դաստիարակելու փոխարէն, անձնուիրաբար կը նուիրուի հայ որբերու խնամքին եւ դաստիարակութեան։ Այդ տառապալից տարիներուն, դանիացի Եաքոպսըն, անձնական ապրումները, խոհերը գրառեց իր օրագիրին մէջ, որ հետագային դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսի արժէքաւոր վկայութիւն։ Օրագրութեան մէջ Եաքոպսըն կը նկարագրէ երիտթուրք ջարդարարներու նախաձեռնութեամբ հայ ժողովուրդին դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած դժոխային ոճիրները, Խարբերդի հայերուն տեղահանութիւնը եւ բռնագաղթը:
Հայ ժողովուրդին անսահման նուիրեալ այս անձնաւորութիւնը համարձակութիւնը ունեցաւ օրագիրին մէջ արձանագրելու այն բոլորը, որոնք տեսաւ ականատեսի աչքերով, առանց պահ մը զգուշանալու որ օրագիրը կրնար իյնալ թուրք լրտեսներու ձեռքը։ Եաքոպսընի «Օրագրութիւն»ը նախ թարգմանուեցաւ հայերէնի եւ առաջին անգամ լոյս տեսաւ 1979ին, Պէյրութի մէջ: Օրագրութեան հետ կցուած է Եաքոպսընի անձնական արխիւէն վերցուած ութսուն լուսանկար:
Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն ետք, 1919ին, Եաքոպսըն՝ իբրեւ «Նիր Իսթ Ռիլիֆ» ամերիկեան բարեսիրական կազմակերպութեան ծառայող, երկրագունդի տարբեր անկիւններէն հաւաքեց աւելի քան երեք հազար վեց հարիւր հայ որբեր:
Նպաստահաւաքի առաքելութեամբ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ եւ տարբեր քաղաքներու մէջ դասախօսութիւններու ընթացքին, նկարագրեց Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու հանդէպ իրականացուող կոտորածները: Նիւթական միջոցներ ապահովեց, որպէսզի փրկէ ժանտատենդով վարակուած հայ որբերը։ Ժանտատենդը չխնայեց նաեւ զինք։ Ստիպուած, ժամանակաւորապէս վերադարձաւ Դանիա։ Ապաքինելէ անմիջապէս ետք, 1920-21ին, Մարիա Եաքոպսըն փորձեց վերադառնալ Խարբերդ: Սակայն քեմալական իշխանութիւնները արդէն իսկ արգիլած էին օտարազգի, եւրոպական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն մուտքը Թուրքիա… Եաքոպսըն անցաւ Պէյրութ եւ զբաղեցաւ որբահաւաքով։ Դանիական «Կանանց առաքելութեան աշխատողներ» կազմակերպութիւնը նախ Սայտայի մէջ՝ 1922ին, ապա 1928ին՝ Ճիպէյլի մէջ, հիմնեց «Թռչնոց Բոյն» որբանոցը, ուր հանգրուանեցին Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած հայ որբեր: Այս ժամանակամիջոցին, շնորհիւ միջազգային բարեսիրական կազմակերպութիւններու ճնշումներուն, տեղի ունեցաւ Օսմանեան կայսրութենէն աւելի քան հարիւր տասը հազար հայ որբերու տեղահանումը դէպի Հայաստան, Յունաստան, Սուրիա, Լիբանան եւ այլուր: Իր բոլորանուէր աշխատանքին համար, որբերը զինք արժանիօրէն կոչեցին «մամա Եաքոպսըն» եւ «հայ Մայրիկ»։ Որբերուն բազմազաւակ մայրն էր Մարիա Եաքոպսըն:
Այսօր, հարիւր տարիներ անցած են պատմութեան մռայլ օրերէն: Այդ որբանոցներէն դուրս եկան գիտութեան, արուեստի, մշակոյթի հռչակաւոր ծառայողներ: Այդ որբանոցներու զաւակներէն էին Անդրանիկ Ծառուկեանը, Խաչիկ Դաշտենցը, Հրաչեայ Քոչարը, Գուրգէն Մահարին, Վաղարշակ Նորենցը, Անդրանիկ Անդրէասեանը, Լեւոն Զաւէն Սիւրմելեանը,Նայիրի Զարեանը, Միսաք Մանուշեանը, Նուէր Սաֆարեանը… Որբեր, որոնք չտեսան ծնողք, հայր ու մայր, քոյր եւ եղբայր, լոյս ու արեւ, որբեր, որոնք չունեցան մանկութիւն… Որբեր, որոնք մինչեւ իրենց կեանքի մայրամուտը վերապրեցան յիշողութեան սարսափը: Որբեր, որոնք տառապանքի ու հառաչանքի ցաւերու մէջ շալկեցին իրենց ժողովուրդին վիշտը: Որբեր, որոնք իրենց կրած վիշտին ու մորմոքին ընդմէջէն վերագտան իրենց իսկութիւնը, վերադարձան իրենց արմատներուն, երբ զգացին թէ կեանքի դաժան խարանը զիրենք որքա՜ն հեռացուցած էր ազգային ինքնութեան ճանապարհէն։ Բայց աւաղ… տակաւին շատ շատեր քրտացան, թրքացան, բռնի օտարացան արաբական անապատներուն մէջ: Զրկուեցան վերապրելու իրաւունքէն։ Որբեր, որոնց անունը չգրուեցաւ իբրեւ հայ մանուկ, որբեր, որոնք զրկուեցան հայ կոչուելու իրաւունքէն: Որբեր, որոնց ծննդավայրը, անունն ու մականունը, ծնողները մնացին անյայտ…
Այս օրերուն, երբ կը պատրաստուինք ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, վերյիշենք եւ արժեւորենք հայ ժողովուրդի յարութեան թռիչք ընծայող բոլոր երախտաւորները: Վերյիշենք անապատի աւազներուն տակ ծածկուած անծանօթ որբերուն պատգամը: Գիտակցինք գնահատելու եւ արժեւորելու մեզի շնորհուած ապրելու իրաւունքը: Ապրինք յիշելով, ապրինք պահելու՝ մեր աւանդութիւնները, մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, մեր ինքնութիւնը, մեր պետականութիւնը: Ապրինք եւ խաղաղ գոյակցութեամբ համատեղ ապրելու մշակոյթը սորվեցնենք բոլորին, ապրինք՝ հետապնդելով մեր իրաւունքները, բայց չմոռնանք որբանոցներու տխուր երդիքներուն տակ ծլարձակած հայ որբերու ոգիներուն մէջ, ապրելու կորովը վերակենդանացնող, հայ որբին հանապազօրեայ հացը սնող, հայ ապրելու յոյս ու հաւատքը ներշնչող, հայու ոգի դարբնող բուռ մը մարդասէրներուն դիւցազնական ծառայութիւնները:
«Զարթօնք» օրաթերթ