Աղբիւր՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արխիւ, Պոսթըն, ԱՄՆ
Այս արխիւային հազուագիւտ վաւերագիրը կը ներկայացնէ 1915ին, Տրապիզոնի կոտորածներէն փրկուած եւ անտառները ապաստանած խումբ մը հայ երիտասարդներու ոդիսականը:
Տրապիզոնի հայերուն ջարդը, արդարեւ, ամէնէն զարհուրելիներէն մէկն էր եղած, որովհետեւ թուրքերը հոս հազարաւոր կին, մանուկ, ծերունի նաւերուն վրայ բեռցուցած կը տանէին բացերը եւ ծով կը թափէին: Այդ օրերուն, Տրապիզոնի կուսակալը Ճեմալ Ազմին էր, որ հատուցեց իր գործած ոճիրներուն համար Ապրիլ 17, 1922ին, Պերլինի մէջ, երբ ահաբեկուեցաւ հայ ժողովուրդի վրիժառու բազուկներէն՝ Արշաւիր Շիրակեանի գնդակով:
Նամակագիրը մէկն է այն հայ երիտասարդներէն, որոնք մէկ կողմէ կը կռուէին հետապնդող թուրք զօրքին դէմ, միւս կողմէ՝ ջարդերէն ազատուածները կ՝առաջնորդէին ապահով վայրեր: Այս նամակը ուղղուած պէտք է ըլլայ ռազմաճակատի միւս կողմը գտնուող՝ Պաթումի կամ Թիֆլիսի Դաշնակցական մարմինի մը, որմէ օգնութիւն կը սպասէին՝ սպառող զինամթերքը լրացնելու եւ իրենց փրկարար գործը շարունակելու համար.
«Հաւանաբար արդէն լսած կը լինէք մեր ցաւագին դժբախտութեան մասին. մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու կարիք չկայ. ահա հակիրճ կերպով եղելութիւնը.
Յունիսի 18ին, կառավարութեան կողմէ յայտարարուեցաւ մեզի հինգ օրուան մէջ պատրաստուիլ աքսորուելու համար ընտանեօք, մեր ցոյց տուած անհաւատարիմ ընթացքին պատճառաւ: Այս հինգ օրուան մէջ ամէն միջոցի դիմեցինք. ամէն տեսակ երաշխաւորութիւն եւն. ցոյց տուինք յայտարարութիւնը ետ առնելու, ամենավերջը գոնէ առնուազն որոշ չափով մեղմացնելու համար, այսինքն միայն յեղափոխական կամ վտանգաւոր ճանչցուած անձերը աքսորելու, իսկ մնացած անմեղները, կին, երեխայ՝ ետ ձգելու:
Քոնսիւլներու, կրօնական պատասխանատու անձերու դիմել, աղաչել, խնդրել ոչ մէկ արդիւնք չունեցաւ, ընդհակառակը մեր դժբախտութեան պատճառներուն նպաստեցին, որովհետեւ շարունակ յոյս տուին, որ կ՛աշխատինք մեծ զիջումներ ընել տալու, ու յաջողութեան մեծ յոյս ունինք, ապահով եղէք, մի՛ վախնաք եւն:
Թերեւս, այս խօսքերը եթէ չլինէին, կազմակերպուած ուժի, զէնքի դիմէինք եւ որոշ արդիւնք ձեռք բերէինք. թէեւ խոշոր գործ անկարելի էր սպասել, քանի որ 20-25 հոգի, աչքառու ընկերներէն յանկարծակի առաջին օր ձերբակալելով, ծովամոյն ըրին (ըստ իրենց՝ աքսորեցին), ուրիշներ արդէն զինուորութենէ փախստական ասդին-անդին փախած հեռացած էին. այնպէս որ մնացած տղաները երաշխիք չէին ցոյց տար դիմադրելու, բայց եւ այնպէս կ՛ըսեմ, եթէ կսկիծի ու այդ տրուած յոյսերու տպաւորութեան տակ չշուարէինք, յիմարացած չըլլայինք, թերեւս նորէն օգտակար բան մը կարենայինք ընել: Սակայն, այսպէս թէ այնպէս, իրականութիւնը այն եղաւ, որ առանց աննշան զիջումի մը, յայտարարութեան համաձայն, Յունիսի 23էն սկսած աքսորեցին (որպէս թէ) առհասարակ բոլոր հայերին. մինչդեռ իրականին մէջ ճանապարհին մորթոտեցին, կտրտեցին։ Ականատեսները սարսափելի դէպքեր կը պատմեն. նորածիններ սուինի ծայրը անցընել, ջահել աղջիկներու ու կիներու լլկում ու ահռելի տանջանքներ պատճառել սովորական բաներ են եղած. իսկ չափահաս կարգ մը գեղեցիկ աղջիկներ ու կիներ քաղաքին մէջ եւ շրջակաները կնութեան առած են, բռնի իսլամացնելով. կան բաւականաչափ անչափահասներ, որոնք նոյնպէս իսլամացնելէ վերջ, որպէս իրենց զաւակը կը պահեն: Դեռ զրոյց կը շրջի, թէ մաս մը իսկապէս աքսորուածներ կան Մուսուլ, Գոնիայի շրջանները, բայց այս բանը հաւատալի չի թուիր մեզի:
Գալով, ինքնապաշտպանութեան դիմելով, փախուստ տուողներու եւ անտառը ապաստանողներու մասին: Գլխաւորապէս Շանայի շրջանի հայերը չյանձնուեցան. կ՛ըսեն, թէ 300-500 անձեր (տղայ եւ կին ալ մէջերը լինելու պայմանով) իրենց անտառները ապաստանած են զէնքով. յաճախ ժանտարմներ կ՛ուղարկուին ձերբակալելու. սակայն, առհասարակ զոհերը թուրքերու կողմէ կը լինին, ձեռնունայն կը վերադառնան. միայն վերջին անգամ 3 զոհ տուին մերոնք, ի դիմաց 9 ժանտարմայի (4ը՝ մեռած, 5ը՝ վիրաւոր). ապահովաբար երբեք ձեռք չեն անցնիր, եթէ միայն երկար չտեւէ դրութիւնը եւ ռազմամթերքնին այսպէսով չսպառի, որովհետեւ երբեմն 24 ժամ շարունակ փոխադարձ հրացանաձգութիւն տեղի կ՛ունենայ: Ասոնց հետ մեր յարաբերութիւնները խզուած են մինչեւ հիմա. թերեւս նոր միջոց մը ճարենք յարաբերութեան. իրենց մասին կ՛իմանանք միայն:
Նամակաբերս եթէ յաջողի անձամբ նամակս ձեզ հասցնել, արդէն կը պատմէ իմ մասին. իսկ կարող է պատահիլ, որ փոստարկղի միջոցաւ ուղարկէ. այդ պարագային ստիպուած եմ մանրամասնութիւններ տալու իմ գործին մասին:
Նամակաբերիս հօրեղբօր որդին, որ վրացի շատ ազնիւ անձ մըն է, ամէն զոհաբերութիւն յանձն առաւ հակառակ այնքան խստութիւններու. ամէն ջանք ի գործ դրաւ քաղաք մնացած այնքան աղջիկներու հետ միասին ազատելու: Ես մի քանի օր ասոնց մօտ մնալէ վերջ, իմանալով որ ուրիշ անտառի մը մէջ փախստական հայեր կան, փութացի քովերնին: Հիմա այդ ազնիւ վրացին կը պահէ փոքրիկներ, իսկ ես անտառն եմ, մօտաւորապէս 90-100 հոգիի հետ։
Ասոնց մասին ահա մանրամասնութիւններ: Կէսը անչափահաս տղաներ եւ կիներ են. տղամարդկանց հազիւ 15-20 հոգին կարգին զէնք ունին, մնացածները անզէն են, արդէն
գրեթէ բոլորը գիւղացիներ են խեղճ ու կրակ: Մեզ ալ շրջապատեցին քանիցս, բայց օգուտ չունեցաւ. շատ հեշտ չէ անտառներէ մեզ ձեռք ձգել: Միայն աննկարագրելի թշուառութիւն ու խեղճութիւն կը տիրէ մերիններուն մէջ. շրջակայքի յոյն գիւղացիք օգնած ու կերակրած են հազիւ հազ բաւելի չափով, իսկ բռնութիւն գործ ածել հաշուի չի գար, աւելի կը վտանգէ մեր գործը: Վերջերս, գիւղացիք շատ կը դժուարանան, որովհետեւ հոն բաւական տնտեսական տագնապ գոյութիւն ունի. ամէն ոք ինքզինքը կը հոգայ:
Մի քանի եւրոպացիներու դիմեցինք դրամական օգնութեան համար. շատ անբաւարար գումար ուղարկեցին: Վիճակնիս աննկարագրելի է, ձմեռը եւ ցուրտը շատ կը նեղեն մեզ. եթէ դրամ լինի բաւականաչափ, կարելի է գոնէ կիներն ու տղաքը յոյներու տուներու մէջ տեղաւորել, որովհետեւ վերջերս կառավարութիւնը թոյլ կը շարժի դէպի մեզ, նոյնիսկ յայտարարեց որ փախստականներ եթէ կան, գան յանձնուին, «այլեւս վտանգ չկայ». ասոր վրայ խիստ նեղուողներ ուրիշ տեղերէ 10ի չափ քաղաք իջան, իսլամացած են ու կը գործեն ազատ, առ այժմ: Խնդիրը այս սրիկաներու լարած թակարդին շուրջ չէ. խնդիրը հոն է, որ այս խօսքերը ու դէպքերը քիչ քաջութիւն կը ներշնչեն յոյն գիւղացիներու, որոնք առաջուան չափ չեն սարսափիր հայեր պահելէ, միայն թէ դրամ լինի, դրամ ու միշտ դրամ. կարճ՝ դրամով կարելի է մեր կեանքը փրկել:
Վերջացնելէ առաջ ասեմ նաեւ, թէ քանի երկար տեւէ դրութիւնը, որքան ուշանայ օգնութիւնը, այնքան կը ծանրանայ եւ կը կնճռոտի մեր գործը:
Սպասելով ձեր անմիջական աջակցութեան,
Սրտագին բարեւներով՝
Ի դիմաց փախստական հայերու
Ստորագրութիւն
Տրապիզոն, անտառ
20 Դեկտ. – 2 Յունուար 1916»
———————————————————————————————————————–
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Armenian Sisters Academy
Հայ Քոյրերու Վարժարան
Մոնթրոզ
818-249-8783
——————————————
Ի Յիշատակ
Օֆիկ Յովհաննէսեանի
————————————————————–
Ճորճ
Փօլոսաճեանի Յիշատակին
Տոքթ. Լէօ Փօլոսաճեան
Cardiac Rhythm
Specialists, Inc.
————————————————————-
Կը յիշեմ Մարգրիտ մեծ մօրս Սարսափը, որ կը պատմէր
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷՆ Ազատած
հօրս «Առիւծ Գէորգին»…
Մեր Ընդհանուր Յիշողութիւնը
Կարգի Բերել՝ Անհատականութիւնը Ուժեղացնելու Համար
Արաքսի-Անահիտ Աճունեան
——————————————————————
Kessab
Education
Association of LA
———————————
Levon Travel
408 E. Broadway
Glendale, CA 91205
818.552.7700
——————————
Պետրոս եւ Րաֆֆի Եազըճեաններ
—————————————–
Շահէն եւ Ֆլօր Տէրտէրեաններու Յիշատակին
Սարգիս եւ Սիրուն Տէրտէրեան
եւ Ընտանիք
——————————————-
Ի Յիշատակ
Ստեփան եւ Եսթեր Չէլէպեաններու
եւԺոզէֆ եւ Ովսաննա Յովսէփեաններու
Չէլէպեան Ընտանիք
—————————–
Վարուժան եւ Յասմիկ Աճէմեան
եւ զաւակները՝
Ալինա եւ Վազգէն
————————————————————————————————————————-